ԱմերիկահայԳլխաւորԿիզակէտ

Արեւելեան Ա․Մ․Ն.-ի «Արցախ Ֆոնտ» ․- Աւելի Քան 40 հազար Տոլար Հաւաքուեցաւ Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Նիւ Ճըրզիի գաղութը 200 ներկաներով տօնեց Մայիս 28, 1918-ի Մայիսեան փառաւոր յաղթանակը, հայոց պետականութիւնը եւ Հայաստանի անկախութիւնը: Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի կազմակերպած այս ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 4-ին, Ռիճֆիլտի կեդրոնին մէջ, գաղութին ներկայացուց յետ պատերազմի Արցախի մէջ իրագործած իր ծրագիրները եւ մօտ ապագայի կատարուելիք աշխատանքները. գաղութը իր բարոյական նեցուկը  յայտնեց «Դիմադրութիւն» շարժումին,  ըսաւ ԱՅ՛Ո Դիմադրութեան եւ Ո՛Չ Արցախի հայաթափումին. բարոյականի կողքին, նիւթականով նաեւ մասնակից դարձան ներկաները Արցախ Ֆոնտի ծրագիրներուն: Մթնոլորտը յուզիչ էր. բայց միաժամանակ վճռակամ եւ պատրաստ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել մեր հայրենիքը եւ զոյգ անկախ հանրապետութիւնները:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button