Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ը Պիտի Պատուէ Անժէլ Մանուկեանը

0 0
Read Time:36 Second


ՊՈՍԹԸՆ․- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 2-ին պիտի պատուէ շրջանի գործօն անդամներէն՝ Անժէլ Մանուկեանը (Ֆլորիտա), տասնեակ տարիներէ ի վեր կատարած իր հետեւողական աշխատանքին համար։
1968-էն ի վեր Հ․Յ․Դ․-ի եւ Հ․Օ․Մ․-ի անդամ, Անժէլ Մանուկեան (Առաքելեան), իր կողակից՝ Մկրտիչին հետ, առաջին հերթին Տիթրոյթի մէջ, տարիներ շարունակ ծառայեց եւ ապա փոխադրուեցաւ Ֆլորիտա, ուր նոյն թափով գործեց։ Սպիտակ երկրաշարժէն մինչեւ Արցախի պատերազմի օրերը, Անժէլ Մանուկեան հետեւողական ձեւով գործեց։
«Կարելի չէ բացատրել եւ նկարագրել ընկերուհի Անժէլի ունեցած ներդրումը։ Կառչած իր ազգին, երկրին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան, Անժէլ ինքնավստահութիւն ներշնչող եզակի տիպար մըն է», կը յայտնէ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի ներկայացուցիչ Անի Աթթար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles