ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵԳԱԿԻՆ ԱՒԵՏԻՍԸ
»Ո¯վ Արդարութեան Արեգակ, Հօրմէն ծագեցար արարածները լուսաւորելու համար:
Տէ°ր, փառք քեզի«:
Շարականագիրը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը կը բնորոշէ որպէս Արդարութեան Արեգակ, որ իր ծնունդով կու գայ լուսաւորելու համայն մարդկութիւնը աստուածային իր ճառագայթումով: Այդ լոյսը կու գայ թափանցելու իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հոգիին, սրտին ու մտքին մէջ, զայն դարձնելու համար առաւել հաւատացեալ, առաւել բարեգործ եւ առաւել արդարախոհ իր մտածումներուն եւ արարքներուն մէջ: Արդարութեան Արեգակը, արդարութեան նման, որպէս յաւիտենական ճշմարտութիւն, Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր մէջ եւ մարդկութեան միջեւ, միայն հոն իր կամքը տեսնելու եւ գործադրելու համար:
Տօնական օրերու նախօրեակին, երբ բազմազան ու այլազան մտածումներ ու հոգեր կու գան մեզի, գեղեցկագոյն արարքը որ կրնանք ընել, պահ մը ամփոփուիլն է մենք մեր անձին մէջ, մեր ամբողջութիւնը տեսնելու Յիսուսի ներկայութեան եւ Յիսուսի հետ, որպէսզի իր ծնունդով մեզի բերած իր լոյսը երբեք չաղօտի եւ չխաւարի մեր մէջ:
Այդ լոյսը կու գայ.
1.- Մեր հոգիին: Որքա¯ն բախտաւոր ենք մենք, որ ծնած ենք որպէս քրիստոնեայ անձ եւ ազգ: Աստուծոյ լոյսը ամէնէն առաջ ծագեցաւ մեր մէջ, մեզ խաւարէն լոյսի, անգիտութենէն գիտութեան եւ մահուընէ կեանքի առաջնորդելով: Անիկա ազնուացուց մեր հոգին, բացաւ ու լուսաւորեց մեր հոգիի աչքերը, եւ մարդկութեան հանդէպ իր սիրով մեզի նման եղաւ, որպէսզի մենք ալ իրեն նման ըլլանք: Ջինջ ու մաքուր հոգին բնակարանն է Աստուծոյ, ուր միայն բարութիւն ու սէր կայ, ուր մենք զմեզ կը գտնենք Աստուծոյ դէմ յանդիման, աղօթքի, զոհաբերութեան եւ նուիրումի զգացումներով:
Քրիստոսի լոյսը կուգայ
2.- Մեր սրտին: Քրիստոսի ծնունդով հրեշտակները մարդիկը իրարու հետ հաճութեամբ ապրելու աւետիսը տուին – »ի մարդիկ հաճութիւն«: Մէկ խօսքով, մարդկութիւնը իրարու եղբայր եւ քոյր դարձուց, Աստուծոյ ընտանիք, ուր փոխադարձ սէրը, յարգանքը, զոհողութիւնը եւ ներդաշնակ կեանքը բացարձակ նուիրական կացութիւն է: Մարդոց իրարու կապուածութիւնը եւ իրարու հանդէպ նուիրումը զուտ տեսական վիճակ չէ, իրարու հետ հաճութեամբ ապրիլը ճահճացող ու կայական կացութիւն չէ, այլ մղում մը, ուժեղ զսպանակում մը իրարու օգնելու, ցաւակից ըլլալու, մխիթարելու, մէկզմէկ բարձրացնելու, ուրիշին յաջողութեամբ ուրախանալու, կարօտեալին անհրաժեշտը հոգալու եւ ստեղծելու այնպիսի մթնոլորտ ու աշխարհ, ուր չի տիրեր մարդկային օրէնք ու բռնութիւն, այլ կը տիրէ Աստուծոյ կամքը, մարդոց եղբայրութիւնը եւ Քրիստոս Արեգակին արդարութիւնը: »Երանի¯ անոնց որ արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան« (Մտ 5.6): Այդ արդարութիւնը մարդոց հաւասարութիւնն է իրարու հետ, որուն բացակայութեան ագահութիւնը կը ստեղծէ անտեսում, հպարտութիւն, զրկանք եւ ընչաքաղցութիւն:
Արդարութեան Արեգակը կու գայ
3.- Մեր մտքին: Երբ հոգին լուսաւորուած է եւ սրտին ճամբով Աստուծոյ ներկայութիւնը կը բերէ մարդոց միջեւ, երբ Քրիստոսը կը դառնայ մեր ճամբան ու վախճանը, այն ատեն պահն է միտքը գործածելու եւ Արեգակին արդարութիւնը հաստատելու: Արդար կեանք մը ապրիլը քրիստոնեային պարտականութիւնն է: Արդարութեան ցանկութիւնը եւ տարածումը մեր կոչումն է, ուր զրկանքը կը վերանայ եւ իրաւունքը կը հաստատուի: Իրաւունք մը որ տրուած է բոլոր անհատներուն, իրաւունք մը որ կը վայելէ ամէն ազգ, որպէսզի »լռեն պատերազմները եւ դադրին թշնամիներու յարձակումները« (Ժամագիրք):
Որպէս Հայ եկեղեցւոյ զաւակներ եւ Հայ ժողովուրդի ժառանգորդներ, արդարութեան մեր տենչը մեր հաւատքին չափ զօրաւոր է եւ իրական: Արդարութիւնը մեր իրաւունքն է, որուն ձեռքբերումին համար չենք մեղանչած, որուն տիրացումին համար երբեք չենք տկարացած: Այո, անոր »քաղցն ու ծարաւը« միշտ ունեցած ենք, հաւատալով որ ի վերջոյ պիտի յագենանք: Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ վերականգնած որպէս դասական Սփիւռք, մեր բարեպաշտութեան եւ աղօթքներուն մաս կազմեցին մեր նահատակներուն իրաւունքը եւ թափած արիւնին ու կտակին նուիրականութիւնը: 2009 տարուան Ապրիլ եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայրենի մեր պետութեան բարի ցանկութիւնը բնաւ պիտի չուզէինք որ սնանկանար արդարութեան մեր պահանջատիրութեան դիմաց: Հայուն պետութեան պատասխանատուները բնաւ պիտի չուզէինք որ դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքականութիւնը վեր դասէին յաւիտենական առաքինութիւններէ եւ յատկապէս արդարութենէն եւ անոր բերած հատուցումէն: Բնաւ պիտի չուզէինք տեսնել տարակարծութիւն ցեղասպանութեան զոհ դարձած Սփիւռքին եւ մեր սնուցիչ օրրանին՝ Հայաստանի միջեւ, հաւատալով որ հայրենիքը բոլորիս հայրենիքն է եւ հայրենի պետութիւնը՝ մեր պետութիւնը: Ապագայի մեր կեանքի բարօրութիւնը պէտք է կերտուի անցեալի զոհողութեանց եւ նահատակներու իրաւունքներուն հատուցման վրայ, որպէսզի շարունակենք ապրիլ ու պայքարիլ անմեռ յոյսով, անմառ լոյսով:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու սեմին, անմառ ու յաւիտենական Արդարութեան Արեգակը թող պայծառացնէ մեր հոգին, սիրտն ու միտքը, որպէսզի ուրախութեամբ դիմաւորենք մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եւ յաղթանակի աւետիսը:
Ո¯վ Արդարութեան Արեգակ, փառք քեզի:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեր բոլորին մեծ աւետիս:
ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին
Սուրբ Ծնունդ, 2010

