

Հարցադրում մը, որուն պատասխանը կարելի է դիւրութեամբ տալ,կամ աւելի ճիշդը` ենթադրել:
Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց նախնական արդիւնքներուն համաձայն, իշխող “Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում“ կուսակցութիւնը արձանագրեց …արդար եւ բարգաւաճ յաղթանակ մը, ստանալով ձայներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը, առիթ ընծայելով վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին, երրորդ անգամ անընդմէջ մնալու իշխանութեան գլուխ եւ անգամ մը եւս ստանձնելու երկրին ղեկավարութիւնը:
Արդարութենէ եւ բարգաւաճութենէ աւելի, սակայն տեղին է հաստատել թէ.-
ա/ Էրտողանի կուսակցութիւնը, աւելի քուէ ստացաւ քան մնացեալ կարեւորագոյն տասնեակ մը կուսակցութիւնները: Այսպէս, ստանալով, քուէներուն յիսուն առ հարիւրէն աւելին, կուսակցութիւնը ապահովեց 550 երեսփոխան ունեցող խորհրդարանէն 326 աթոռ:
բ/ Հակառակ այս տպաւորիչ յաղթանակին, իշխող “Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում“ կուսակցութիւնը չյաջողեցաւ գերազանցել նախանցեալ ընտրութիւններու շռնդալից ցուցանիշը: Բաւարար թիւով ձայներ ստացաւ, սակայն առիւծի բաժինը չխլուեցաւ, այնքան մը որ, առանց որեւէ խոչընդոտի` կարելի պիտի ըլլար երկրին սահմանադրութիւնը փոխել: Այսուամենայնիւ, Էրտողան, հարկադրաբար, խոստացաւ այս հարցին մէջ համագործակցիլ խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերուն հետ:
Դուրս գալով անմիջական սահմաններէն` դիտուած տարածաշրջանային ակնոցով, այս ընտրական արդիւնքները առիթ պիտի հանդիսանան, որ թրքական արտաքին գործոց դիւանագիտական մեքենան, միեւնոյն հետեւողականութեամբ գործէ եւ պարտադրէ իր ներկայութիւնը…շարունակ գերզբաղուած պահելով Արտաքին Գործոց նախարար Տաւութօղլուն եւ իր անձնակազմը: Գործունէութիւն մը, որ դրական ձեւով կ՛ակնկալուի Արեւմուտքին կողմէ եւ, միեւնոյն ժամանակ ժխտական` Արեւելքի մը կողմէ — գլխաւորութեամբ Ռուսաստանի, որ տարածաշրջանի “տաք ջուրերուն“ մէջ, իր միակ հովանին` Սուրիան կորսնցնելու կացութեան մէջն է:
Այսպէս, Վարչապետ Էրտողան, իր յանձնարարած բարեփոխումները կատարուած տեսնելու ակնկալութեամբ, պոռթկումով ու սաստկութեամբ կը յարաբերի Դամասկոսի հետ եւ նոյնիսկ աւելի կը սպառնայ, յայտնելով թէ Անգարան չի կրնար անտարբեր մնալ:
Նախընտրական թէ հետընտրական օրերն ալ փաստեցին` թէ ժամանակը կ՛ընթանայ ի նպաստ Թուրքիոյ ներկայ ստանձնած կեդրոնական դերին:
Դեր մը, որուն…ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ հարցական են, այնքան մը` որ կարիքն ալ չկայ դուռ բանալու այս գծով կատարուած հարցադրումներու:
“Հայրենիք“
Յունիս 14, 2011