Քառասուն օրեր առաջ Արշալոյս Պէզճեանը անդարձ բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն, հարազատներէն, բարեկամներէն ու շրջապատէն:
Բարի եւ ազնիւ հոգիի տէր, Արշալոյս բնաւորութեամբ մեղմ ու համեստ, առաքինի երեք զաւակներու (Նիկոլ, Րաֆֆի եւ Նժդեհ) մայր էր, հաւատարիմ ու անկեղծ:
Ծնած Մարտ 11, 1926-ին Հալէպի մէջ, ան իր կեանքին ընթացքին ունեցաւ դժուարութիւններ, սակայն չվհատեցաւ, իր ընտանիքին մթնոլորտը պահեց ջերմ եւ մնաց վեհանձն: Ան միշտ առաջարկներ եւ նորութիւններ կը ներկայացնէր ժողովականներուն, կ՛իրագործէր զանոնք եւ անմիջապէս կ՛անցնէր նոր գաղափարներ փնտռելու աշխատանքին: Շարունակ ծառայած Հալէպի Հ.Օ.Մ.-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ “Համազգային“ին, ան իր ամուսնոյն` Յարութիւնին եւ զաւակներուն հետ փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ` Պոսթըն, ուր տարիներ շարունակ գործեց իբրեւ պաշտօնեայ եւ դերձակուհի, նաեւ շարունակ իր լուման տրամադրեց ազգային հիմնարկներուն:
Ան ուրախութիւնը սիրող անձ մըն էր, որ իր հարազատներուն համար շարունակ եղաւ սիրոյ աղբիւր եւ գուրգուրանքի ալիք: Հակառակ իր բազմազբաղութեան, ան միշտ ալ լեցուն էր եռանդով ու կորովով:
Արշալոյս կայտառ էութեամբ եւ անմար ժպիտով կու գար կենդանութեամբ լեցնելու իր շրջապատը: Ան կը հաւատար հինին եւ նորին, կը հաւատար զոհողութեան գաղափարին եւ այս համոզումով ան ձեռք կ՛երկարէր բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին օգնութեան:
Արշալոյս Պէզճեան հրաժեշտ առաւ աշխարհէն Յունուար 28-ին…միանալով իր կողակից` Յարութիւնին, որ ճիշտ եօթ տարիներ առաջ միեւնոյն օրը մահացած էր: