Գլխաւոր

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐ

army3

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Պաշտպանոթեան Բանակի կը տեղեկացնէ, թէ տարեշրջանի առաջին օրերէն իսկ, հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի վրա, զինադադարը խախտուած է աւելի 900 հարիւր անգամ եւ արձանագրուած է աւելի քան 11 հազար կրակոց:
Հայկական զօրամասերը կացութեան տէրն են եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատասխան գործողութիւններու։ Այս դէպքերու լոյսին տակ, Յունուար 2էն 3ի գիշերը, պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով, ազերի բանակը ձեռնարկեց հետախուզական երկու գործողութիւններ: Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու շնորհիւ՝ հակառակորդը կորուստներ կրելէ ետք, քաշուեցաւ իր դիրքերը: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու` սպանոած եօթ զինեալներէն մէկը՝ Ատրպէյճանի բանակի 703րդ գունդի ենթասպայ Էլտար Մամետովն է:
Նախայարձակման գործողութեան ընթացքին, մահացած են պաշտպանութեան բանակի զինուորներ՝ Կարէն Գրիգորեանն ու Վարդան Մկրտչեան, եւ վիրաւորուած է Վոլոտիա Յարութիւնեանը:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ միջադէպի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն: Իսկ նախագահ Բակօ Սահակեան նահատակ զինուորները պարգեւատրած է յետ մահու մետալներով: Շարքային զինուոր Վարդան Մկրտչեանը պարգեւատրած է «Արիութեան համար» մետալով, իսկ նոյն զօրամասի սպայ, գնդապետ Կարէն Գրիգորեանը՝ «Մարտական ծառայութեան» մետալով։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button