
ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ թէ, Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 6-ին, բարձր հովանաւորութեամբ տեղւոյն Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի եւ Արաքսի Ազատ Գօտիի ընդհանուր կառավարիչին, հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Վանքի նորաստեղծ թանգարանին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին պետական ներկայացուցիչներ, Արաքսի Ազատ Գօտիի ընդհանուր կառավարիչ Արապաղի, Ազգային իշխանութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Դոկտ. Արա Մելիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Ռուբիկ Ջանանեանի, Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան պետական հիմնարկի տնօրէն՝ Շերլի Աւետեան, Մշակութային Ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէնը, Իրանահայ ճարտարապետ՝ Վարուժան Առաքելեան, ինչպէս նաեւ Ատրպատականէն եւ այլ շրջաններէ ժամանած հայորդիներ եւ օտար հիւրեր:

Վանքի տաճարի մուտքին նախ կատարուեցաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը, որու բացման խօսքը կատարեց Շերլի Աւետեան: Ան անդրադարձաւ Իրանի զբօսաշրջութեան վայրերու ցուցակին մէջ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքի ունեցած բացառիկ տեղին, եւ տարեկան դրութեամբ տասնեակ հազարներու հասնող այցելուներուն: Ի վերջոյ ան բացատրեց անհրաժեշտութիւնը թանգարանի ստեղծման, որուն իրականացման իր կարեւոր նպաստը բերած էր Արաքսի Ազատ Գօտիի կառավարիչը:
Խօսք առին Մշակութային Ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան պատասխանատուն եւ ընդհանուր կառավարիչ՝ Արապաղին: Ան վեր առաւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին, որոնք Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ո՛չ միայն ունին իրենց դարաւոր սրբավայրերը, այլեւ կÿապրին իրենց քրիստոնէական հաւատքով: Ան հաւաստիացուց, թէ՝ Իրանը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պիտի նպաստէ, յատկապէս Արաքսի Ազատ Գօտիի նոր զարգացող տարածաշրջանին, հայկական արժէքներու ներկայացման եւ հայկական սրբավայրերու պահպանման համար: Ուստի, սոյն թանգարանը համարեց մէկ համեստ նմոյշ հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթը ներկայացնող:

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գրիգոր Եպիսկոպոս խօսք առնելով, ողջունեց պետական եւ ազգային ներկայացուցիչները, որոնք նշանակալից այս օրուան համար իրենց ներկայութեամբ վկան կը հանդիսանային վանքի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու կարեւոր դէպքին: Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ կատարեց վանքի հարուստ անցեալին մասին: Յիշեց Սամուէլ Անեցիի պատմութեան մէջ 640 թուին յիշատակութիւնը, Մաղարթայ սարերուն վրայ գտնուող եկեղեցւոյ մասին, որ ակնարկութիւն էր Սուրբ Պետրոս-Պօղոս եկեղեցիին, որու կողքին 10-րդ դարուն կառուցուեր էր այս հոյակերտ տաճարը, աւելցնելով թէ՝ «Այսօր այս տաճարը ո՛չ միայն հայերու, այլ Իրանցի ժո-ղովուրդին պարծանքն է, որովհետեւ օտարներ զայն դասած են աշխարհի 10 ամէնէն սիրուն եւ ճարտարապետական գոհար նկատուող եկեղեցիներու շարքին», ըսաւ ան:
«966 թուին, Հայոց Աշոտ Գ. Թագաւորը ուխտի եկած է այս վանքը, ու իր ձեռքով այս տաճարի խորանին վրայ զետեղած է բիւրեղեայ խաչ մը, իր եւ իր ծնողներուն՝ Յովհաննէս Թագաւորին եւ Շուշան Տիկնոջ իբրեւ յաւերժական նուէրը Սուրբ Նախավկայ Վանքին: Անոր արծաթեայ պատուանդանին վրայ գրուած է յիշատակարան, թէ՝ ինչպէս Դարաշամբի հայ գիւղացիներուն եւ վանքի վանականներուն խնդրանքով, ան պարսպապատած էր այս վանքը, Արաքսի վրայ լաստանաւ էր դրած ինչպէս նաեւ ջրաղացներ կառուցած: Հայ մշակոյթը, որը այս վանքէն սփռուած է անցեալին, ընդգրկած է երաժշտութեան, գրչագրութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստի, ինչպէս նաեւ ձեռագրերու ընդօրինակութեան ոլորտները: Հարիւրաւոր ձեռագիրներ ընդօրինակուած են այս վանքին մէջ, իսկ մեր քրիստոնէական հաւատքի բոլոր կարեւոր գրութիւնները պարփակող «Կնիք Հաւատոյ» գրքին ամբողջական ձեռագիրը այս վանքին մէջ ընդօրինակուած է եւ ամբողջացուած: Այս թանգարանը Իրանի մէջ, պատգամ է համայն աշխարհին ուղղուած, թէ՝ միաստուածեան երկու այս կրօնները՝ Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրնան կողք-կողքի ապրիլ ու եղբայրաբար գործել», ըսաւ Սրբազանը, որուն ձեռամբ գնահատականներ բաշխուեցան՝ Արաքսի Ազատ Գօտիի Կառավարիչ՝ Արապպաղիին, ինչպէս նաեւ վանքի պաշտօնէութենէն այն անձերուն, որոնք անցնող երկու տասնամեակներուն իրենց պաշտօնը կատարած էին խղճմտօրէն, իւրաքանչիւրը իր բաժնին մէջ հսկելով վանքի զբօսաշրջութեան կանոնաւոր ընթացքին, մաքրութեան, պարտէզներու ծաղկումին եւ ընդհանուր կարգ ու կանոնին:
Հանդիսութեան առաջին մասի աւարտէն ետք, ներկայ հրաւիրեալները տաճարի շրջափակէն միասնաբար ուղղուեցան նախկին Դպրեվանքի շրջափակը, եւ երկրորդ յարկը բարձրանալով, մուտք գործեցին նորաստեղծ թանգարանը, որ նախկին Դպրեվանքի սրահը, տեսչարանը եւ անոր նախամուտքն է, գեղեցկապէս բարեզարդուած ու շքեղ կերպարանք ստացած:


Մուտքին Սրբազան Հայրը աղ ու հացի օրհնութիւնը կատարեց, որ հայկական աւանդական տարազ հագուած, ափսէի վրայ մատոյց փոքրիկն Էմելիա Աբրահամեանը: Ապա Սրբազանն ու կառավարիչը հատեցին մուտքին ամրացուած ժապաւէնը, ներկաներուն հետ միասին մտնելով թանգարան:
Նախապէս պատերուն մէջ գտնուող խորշերը լուսաւորուած էին եւ ապակեայ ցուցափեղկերու վերածուած, որոնց մէջ զետեղուած էին վանքի վերանորոգութեան ընթացքին, պատերուն մէջէն յայտնաբերուած կաւեղէններու մասունքներ, կոյժեր, սափորներ, կաւա-շէն կանթեղներ եւ խաչքարերու բեկորներ: Երկու տասնեակ հաշուող ցուցափեղկերէն ոմանք իրենց մէջ ունէին վանքին մէջ օգտագործուած սկիհներ, խաչեր, մոմակալներ, բուրվառ եւ այլ սրբազան անօթներ, հայկական ազգային աւանդական տարազներ եւ ազգագրական արժէք ներկայացնող իրեր՝ գորգեր, նուագարաններ, կենցաղային պիտոյքներ եւ այլ առարկաներ: Իսկ լայն սրահին կեդրոնը, մէկ շարքի վրայ ապակեփակ ցուցադրասեղաններ պատրաստուած էին, որոնց մէջ խնամքով զետեղուած էին ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու նմոյշներ: Ցուցադրասեղաններէն մէկուն մէջ զետեղուած էին նաեւ այն կարեւոր նամակներուն կրկնօրինակները, որոնք Սուրբ Ստեփանոս վանքէն գրուած էին, որոնց մայրօրինակները կը պահպանուին Ատրպատականի Հայոց Թեմի արխիւատան մէջ:



Կառավարիչը կը հետեւի տրուած բացատրութիւններուն
Դպրեվանքի նախկին տեսչարանը վերանորոգուելով վերածուած էր ցուցասրահի, ուր զետեղուած էին Ատրպատականի Հայոց Թեմի վանքերուն եւ եկեղեցիներէն ոմանց մանրակերտները, որոնք իրականացուած էին Թաւրիզի Արուեստից Համալսարանի ուսանողներուն ձեռամբ: Անոնց շարքին էին Սուրբ Թադէն, Սուրբ Ստեփանոսը, Ծործորի Սուրբ Աստուածածինը, ինչպէս նաեւ Հովուի մատուռն ու Դարաշամբ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Սոյն ցուցասրահի մուտքի բաժինը եւս թանգարանային հատուածի վերածուած է, ուր զետեղուած են վանքի շրջափակէն յայտնաբերուած հսկայ կոյժեր, խաչքարերու մեծ բեկորներ, սիւներ եւ քանդակազարդ քարաբեկորներ: Իսկ թանգարանի պատուհաններու խոռոչներուն մէջ, դուրսի կողմէն, յատուկ յենակներու առջեւ զետեղուած էին հնագիտական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող մանրաքանդակ խաչքարեր, որոնք թէպէտ մասամբ մաշած ու վիրաւոր, սակայն տակաւին կը պահեն հրաշալի արուեստի գործեր ըլլալու իրենց հմայքը:

Թանգարանին մէջ շրջագայելով, ներկաները գնահատանք արտայայտեցին կատարուած աշխատանքին համար, որ այսուհետեւ վանք այցելող բոլոր զբօսաշրջիկներուն պիտի պատմէ հայ մշակոյթի եւ հայու ստեղծագործ հանճարին մասին, անբարբառ ուղեկիցը պիտի ըլլայ վանք մտնող իւրաքանչիւր հայ եւ օտար զբօսաշրջիկի, բարձրաձայնելով վանքի հայկականութիւնն ու անոր դարաւոր պատմութիւնը:
Թանգարանի սրահէն դուրս գալէ ետք, ներկաները հանդիսատես եղան մէկ այլ գեղեցիկ տեսարանի, երբ գիշերային նոր լուսարձակներու զետեղումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով վառեցան լոյսերը, տաճարին եւ ամբողջ շրջակայքին գեղաքանդակ պատերը իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ փայլեցնելով:
Բացման հանդիսութեան աւարտին, ներկաները վանքի շրջափակի վարդաստանին բուրումնաւէտ միջավայրին մէջ ընթրեցին, ըմբոշխնելով Մաղարթայ ցից լեռներու ծերպին թառած վանքին աշնանային զովութիւնը: