
ՊԱՔՈՒ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9-ին, Ատրպէյճանի մէջ կայացան նախագահական ընտրութիւնները: Կառավարական աղբիւրներ կը հաստատեն թէ, քուէարկողներուն համեմատութիւնը եղած է եօթանասուն առ հարիւր: Այս թիւը զարմանալի է կարգ մը դէտերու համար, որոնք նկատած էին թէ ընդհանրապէս անտարբերութեան ալիք մը ստեղծուած էր, եւ նոյնիսկ միջազգային մամուլը մօտէն չէր հետեւած անցուդարձերուն:
Թէեւ, վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին յառաջիկայ օրերուն, սակայն յստակ է թէ Իլհամ Ալիեւ, յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով պիտի պահէ իր պաշտօնը: Ընդամէնը տաս ղեկավարներ առաջադրած էին իրենց թեկնածութիւնը, սակայն Ալիեւ մեծ համեմատութեամբ կը գերազանցէր, իր մրցակիցներուն վրայ:
Միւս կողմէն, սովորական դարձած է, այսպիսի ընտրութիւններուժամանակ, ընդդիմադիր թեկնածուներու եւ իրենց հարազատներու հայկական ծագումը “յայտնաբերելու“ հնարքը, որ սովորաբար նաեւ կը դառնայ նախընտ-րական արշաւի կարեւոր գործօն: Արդարեւ, քանի մը օր առաջ, թեկնածուներու միջեւ պատկերասփռուած բանավէճը վերածուած էր բուռն ցեխարձակումներու եւ վէճի, որու ընթացքին իշխանամէտ “Մուասիր Մուսավաթ“ կուսակցութեան առաջնորդ Հաֆէզ Հաճիեւը ընդդիմութեան միասնական թեկնածու, պատմաբան Ճամիլ Հասանլըին մեղադրած էր, հայերու հետ ազգակցական կապեր ունենալուն առնչութեամբ: Հասանլը, իր կարգին փոխադարձած էր, յայտնելով.- “Հաճիեւին կ՛ուզեմ յիշեցնել` թէ այդ դուն չէի՞ր, որ 1996 թուականին յայտարարեցիր, թէ Հէյտար Ալիեւի մայրը ազգութեամբ հայ է: Այն ժամանակ քեզ նման յայտարարութիւններու համար նոյնիսկ ձերբակալեցին: …Եւ հիմա իշխանութիւնները յանդգնութիւն կը ցուցաբերե՞ն եւ նման մարդուն կ՛օգտագործեն իմ դէմ“:
Ալիեւի մեծ մօր հայկական ծագման մասին այս յիշատա-կումէն ետք, Հաճիեւը զայրացած` աւելի սպառնացած ու զայրացած էր:
Նշենք թէ, այս ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած էր կլոր սեղանի զրոյց մը` Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ:
Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու մեծ թիւ մը քննադատած էր Ատրպէյճանը` հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: