
Բոլորին ծանօթ է, որ Ապրիլ 2-ին անարգ գնդակով սպաննուեցաւ Երեւանի մօտակայքը գտնուող Պռոշեան գիւղինգիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը:
Միեւնոյն օրը, Երեւան լոյս տեսնող“Առաւօտ“ թերթին մէջ լոյս տեսաւ “Հ.Յ.Դ.-ում Երկու Մասի՞ Են Բաժանուել“խորագրով անստորագիր յօդուած մը (գէթ համացանցին վրայ յօդուածագրի ստորագրութիւն չկար): Ըստ անանունյօդուածագրին, Պռոշեանի մէջ ծրագիր կայ Յուլիս 27, 1983-ին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը “պայթեցրած“ հայերիտասարդներուն յիշատակի յուշարձան կառուցել: Ըստ նոյն աղբիւրին, գիւղապետ Հրաչ Մուրատեան չէ ուզածպատասխանել յօդուածագրին կողմէ այս մասին կատարած հարցապնդումներուն: Եւ ուրեմն… կը հետեւի թիփիքնէօ-պոլշեւիկեան ու նենգամիտ հէքիաթասացութիւն մը մէկ կողմէ Լիզպոնի դէպքին ու միւս կողմէ, ամբողջութեամբանկապ ձեւով` Հ.Յ.Դաշնակցութեան “երկուքի“ բաժնուած ըլլալուն մասին (“Ասում են` Հ.Յ.Դ.-ն կրկին երկու մասի էբաժանուել“… Այսինքն, պարզ հայերէնով, ասկէ առաջ ալ յաճախ “երկուքի“ բաժնուած էին, հիմա` “կրկին“):
ԻՆՉՈ՞Ւ
ՆԷՕ-ՊՈԼՇԵՒԻԿԵԱՆ
ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ
ՆԵՆԳԱՄԻՏ
“Առաւօտ“ի յօդուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով. “Մեր տեղեկութիւններով` Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքումկառուցւում է 1983 թուականի Յուլիսի 27-ին Պորտուգալիայի մայրաքաղաք Լիսաբոնում Թուրքիայի դեսպանատունը պայթեցրած հայ երիտասարդների յիշատակի յուշարձան:
“Որքան էլ մենք կամ մեր քաղաքական կեանքի առանձին միաւորներ Լիսաբոնի` Լիզպոնի գործողութիւնը որակեն վրէժ,ընդվզում կամ նման մի բան, միջազգային մակարդակներում Լիսաբոնի գործողութւինը որակւում է ահաբեկչութիւն:Իսկ միջազգային մակարդակներում մենք աղմկում ենք, որ 20-ամեայ փաստացի անկախ Լեռնային ՂարաբաղիՀանրապետութիւնը ճանաչել է պէտք“:
Սկսինք ծայրէն:
Լիզպոնի դէպքը ոչ “վրէժ“, ոչ “ընդվզում“ եւ ոչ ալ “նման մի բան“ էր: Լիզպոնի դէպքը, ինչպէս անոր նախորդածտարիներուն թրքական քաղաքական ներկայացուցչութիւններուն դէմ տեղի ունեցած արարքները, ուրի՛շ բան էին:
Իսկ ի՞նչ էր այդ “ուրիշ“ բանը:
Հայկական Ցեղասպանութեան յիսնամեակին Երեւանէն լսուած “Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը“ ճիչը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչհամայն հայութեան կողմէ արդարութեան վերահաստատման պահանջ, հանդիպեցաւ միայն խուլ ականջներու, թէ՛Արեւմուտքի եւ թէ Արեւելքի մէջ: 60-ամեակը նոր առիթ մը հանդիսացաւ հայութեան համար, յատկապէս Սփիւռքի մէջ,որպէսզի անգամ մը եւս իր պահանջները լսելի դարձնէ միջազգային հանրութեան եւ անգամ մը եւս արդարութիւնպահանջէ: Ոչ ոք լսեց: Եղեռնի 60-ամեակին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, հայութիւնը, առաջնորդութեամբհայկական երեք կուսակցութիւններուն, մօտաւորապէս 100,000 հոգիով խաղաղ ցոյց կատարեց եւ իր պահանջներըբանաձեւող յուշագիրներ յանձնեց օտար դեսպանատուներուն: Միջազգային մամուլին կողմէ ոչ մէկ արձագանգ եղաւ,բացի Ֆրանսական մամլոյ գործակալութեան (AFP) կողմէ 3 (ճիշդ կարդացիք, երեք) տողնոց անկապ լրատուութենէ մը:
Սակայն ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ “յանկարծ“, օր մը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերան ՀայկականՑեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւն կատարեց, ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Մ. Նահանգներունախագահ Ռանըլտ Ռեկըն նման յայտարարութիւն կատարեց 1981-ին: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Եւրոպականխորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ քուէարկեց Յունիս 18, 1987-ին: Ինչպէ՞սպատահեցաւ, որ նոյն Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումարի օրակարգին վրայ դրուեցաւՀայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բանաձեւ մը` 1984ի Սեպտեմբեր 12-ին, նոյնը` Ծերակոյտիսեղանին 1990-ին, եւայլն:
Այս բոլորը արդիւնք էին այդ “ուրիշ“ բաներուն (ներառեալ Լիզպոնի) եւ ոչ թէ Երեւանի (1965) կամ Պէյրութի (1975) 100,000-նոց ցոյցերուն, կամ օտար դեսպանատուներուն յանձնուած յուշագիրներուն: Դժբախտաբար, պետութիւններըհաշուի կը նստին միայն ուժի հետ: Հաւնինք կամ ոչ, այս է իրականութիւնը: Եւ մենք ալ, մեր կարգին, պէտք է հաշուի առնենքա՛յս իրականութիւնը:
“Առաւօտ“ կը հաւնի՞ այդ “ուրիշ“ բաները, թէ ոչ, համամի՞տ է ատոնց, թէ ոչ, մեզ բացարձակապէս չի հետաքրքրեր: Մեզսակայն կը հետաքրքրէ մէկ բան.- “Առաւօտ“ տեղեա՞կ է մեր նորագոյն պատմութեան այդ հանգրուանէն: Լրջօրէն կըկասկածինք:
ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԹԻՒՆ
“Առաւօտ“ ոչ միայն տեղեակ չէ, այլ նաեւ կը փորձէ հայութեան շահերուն հակադրուող տեսակէտներու քարոզչութիւնըկատարել, երբ կ՛ըսէ, թէ “միջազգային մակարդակներում Լիսաբոնի գրծողութիւնը որակւում է ահաբեկչութիւն“,հայկական հանրային կարծիքին մէջ մաքսանենգութեան նման սողոսկեցնելով այն էապէս թունաւոր մտածողութիւնը,որ տեսէք, այս ի՜նչ անընդունելի բաներ կը ծրագրուին Պռոշեանի մէջ…: Ըստ “Առաւօտ“ի, մինչ միջազգային հանրութեանհամար ահաբեկչութիւն է Լիզպոնի դէպքը, անդին սակայն, “Պռոշեանում ինքնապաշտպանական մարտերում զոհուածշիրիմի կողքին տեղադրւում է միջազգային հանրութեսան համար ոչ ընկալելի յուշարձան“:
Իսկ երբէ՞ն ի վեր հայութիւնը պարտաւոր է առաջնորդուիլ օտար արժեչափերով, օտար ուժերո՛ւն համար նպաստաւորարժեչափերով: Իսկ ի՞նչ կը խորհի նշեալ թերթին յօդուածագիրը, միջազգային հանրութեան համար շատ “ընկալելի՞“ էԾիծեռնակաբերդի յուշարձանը: Հաւատացնենք իրեն, որ ո՛չ, այդ ալ “ընկալելի“ չէ նոյն այդ շրջանակներուն համար,որովհետեւ կը խորհրդանշէ անպատիժ եւ անհատոյց մնացած ցեղասպանութիւն մը: Որովհետեւ նոյն այդցեղասպանութեան անպատիժ ու անհատոյց մնացած ըլլալուն համար Արեւմուտքը ե՛ւս ունիպատասխանատուութեան իր բաժինը, որմէ չի կրնար խուսափիլ: Հետեւաբար նաեւ, ֆութպոլայինդիւանագիտութեան օրերուն նոյն այդ յուշարձանին լոյսերը մարելը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ քաղաքականստրկամտութիւն: Մտածողութիւն մը, որուն հարազատ թարգմանը կը հանդիսանայ “Առաւօտ“ իր այս յօդուածով:
Շարունակելով ուրեմն (կարելի է հետեւցնել), “Առաւօտ“ի ու իր խաւարամիտ պատուիրատուներուն համար, “ահաբեկիչներ“ են ոչ միայն Լիզպոնի մէջ զոհուած հայ երիտասարդները, այլ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը, ՄիսաքԹորլաքեանը, Արշաւիր Շիրակեանը, Շահան Նաթալին եւ Հրաչ Փափազեանը: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, պէտք չէ՞“ահաբեկիչ“ որակել նաեւ Անդրանիկը, “խե՜ղճ“ Խալիլ Փաշային գլուխը կտրած ըլլալուն համար, եւ ուրեմն անորաճիւնները Փեր Լա Շէզ չվերադարձնե՞լ, արձանն ալ չտապալե՞լ. չէ՞ որ այդ ձեւով աւելի ընդունելի կրնանք դառնալ այնշրջանակներուն, որոնց փաստացի խօսափողը դարձած է “Առաւօտ“ը:
Պռոշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի անարգ սպանութեան օրը լոյս տեսած (ի՜նչ զուգադիպութիւն)այս յօդուածը կ՛աւարտի այն միտքով, որ ուրեմն այդ յուշարձանը կառուցել-չկառուցելու շուրջ “կրկին“ երկու մասիբաժնուած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Սակայն այս կէտը այնքան ճղճիմ է վերոնշեալ միւս կէտերուն բաղդատմամբ, որ այլեւսհամակարգիչի ստեղնաշարին վրայ մատ բանեցնելը չ՛արժեր: Նոյնիսկ այդ չ՛արժեր:
Եզրակացնելու համար.- Օտարները պիտի չորոշեն, թէ հայութեան համար ինչ բաները նուիրական են: Հայութիւնը ի՛նքկը ճշդէ այդ մէկը, մեկնելով իր ու բացառաբար ի՛ր շահերէն:
vproodian@gmail.com
Ապրիլ 16, 2013