
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 23-ին, Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ընդունեց Համազգայինի արեւելեան շրջանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ատենապետ՝Արեւիկ Գաբրիէլեան, գանձապահ՝ Հուրի Սամուէլեան, խորհրդականներ՝ Վարդիվառ Քէշիշեան եւ շ Մարուշ Նայկօ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընտիր վարչականները եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ աշխատանքներուն մէջ։ Համազգայինի գործունէութիւնը եւ Առաջնորդարանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննուեցան հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ, եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն։