ԱՌԱՆՑ «ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ»-ՈՒ  ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ  ԽԱԲԿԱՆՔԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 41 Second

Ա.Ա.

Ճիշդ է, որ թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք բանագնացները՝ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըճը, իրենց հանդիպումներէն առաջ եւ ետք կը յայտարարէին, որ հայեւթուրք բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու պէտք է կատարուին եւ կը կատարուին, Փրակայի մէջ կայացած Փաշինեան- Էրտողան հանդիպումէն ետք։ Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց ,որ Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բացուի,Ատրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումէն անմիջապէս ետք։ Այսպիսով Էրտողան յստակօրէն սեղանի վրայ դրաւ Թուրքիոյ նախապայմանը։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակ է 1993էն ի վեր։ Թուրքիա միշտ նոյն նախապայմանը ունի եւ Փրակայի հանդիպումէն ետք ալ, այդ նախապայմանին մասին Էրտողան բացէ ի բաց խօսեցաւ։ Երբ բարելաւուին հայեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները եւ ստորագրուի Հայաստան – Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը, ապա Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի  բանայ։ Այս բովանդակութեան մէջ կը տեղաւորուի Արցախի տագնապը։ Տեղին է նշել, որ Յուլիս 1-ին Վիեննայի մէջ Ռուբինեան – Քըլըճ չորրորդ հանդիպումէն ետք  յայտարարուեցաւ, որ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստան – Թուրքիա սահմանը բանալու այլ պետութիւններու քաղաքացիներու դիմաց։ Այսինքն ամերիկահայ մը կամ քանատահայ մը «Թըրքիշ էրլայզ»-ի կամ այլ ընկերութեան մը  օդանաւով կրնայ Թուրքիայէն Հայաստան մուտք գործել ,որովհետեւ թուրքերը իրենց սահմանը բաց պիտի պահեն երրորդ պետութեան մը քաղաքացիներուն դիմաց, որոնք Թուրքիայէն Հայաստան կ՛ուզեն մուտք գործել։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ Լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող քաղաքացի մըն ալ նախ կրնայ Թուրքիա ճամբորդել, ապա կամ ցամաքի կամ օդային ճամբով Հայաստան մտնել։ Թուրքերուն այս որոշումը անշուշտ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման դիտաւորութիւն մը ըլլալէ աւելի տնտեսական իր կարեւոր երեսը ունի, նկատի ունենալով,որ ցամաքային կամ օդային ճամբով Թուրքիայէն Հայաստան ճամբորդելու ծրագիրը շահաբեր է թրքական ճամբորդական ընկերութիւններու համար։ Հոս պէտք է շեշտը դնել ցամաքային ուղեւորութեան ապահովութեան նպատակով թրքական կողմին որոշումին վրայ։ Ասիկա կը վերաբերի ականազերծման աշխատանքներուն, որոնց մասին լրատուութիւնը տրուեցաւ «Կազեթա Կարս» օրաթերթին կողմէ, որ Յուլիս 12-ի իր թիւով տեղեկացուց, որ քսան օր առաջ, այսինքն Ռուբինեան – Քըլըճ չորրորդ հանդիպումէն եօթը կամ ութ օր առաջ ընթացք առած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ ականազերծման աշխատանքները՝ իսրայէլեան ընկերութեան մը կողմէ։ Այս լրատուութենէն մէկ օր առաջ Յուլիս 11-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան հեռաձայնային առաջին հաղորդակցութիւնը կատարած էին։ Խօսակցութեան ընթացքին Էրտողան Փաշինեանը շնորհաւորած էր Վարդավառի տօնին առիթով, իսկ Փաշինեան Էրտողանը շնորհաւորած էր «Քուրպան պայրամ»-ին առիթով։ Փաշինեան եւ Էրտողան նաեւ ընդգծած էին հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Ռուբինեան – Քըլըճ չորրորդ հանդիպման ընթացքին կայացած համաձայնութիւնները շուտով կը գործադրուին։ Խօսքը կը վերաբերէր այլ պետութիւններու քաղաքացիներուն դիմաց Թուրքիոյ սահմաններու բացման, որպէսզի անոնք կարենան Թուրքիայէն Հայաստան մտնել։

Ներկայիս Թուրքիոյ գլխաւոր եւ յստակ նախապայմանը կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման, որպէսզի վերաբացուի թուրքեւհայաստանեան սահմանը։ Ասիկա առաջին նախապայմանն է։ Տակաւին կան շատ աւելի ծանր եւ վտանգաւոր նախապայմանները, որոնք եթէ այսօր չեն յայտարարուած, չի նշանակեր, որ ժամանակի ընթացքին պիտի չներկայացուին։ Անոնց շարքին է Սփիւռքը, սփիւռքեան լոպիինկի աշխատանքները, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայութեան իրաւունքներու արդար հատուցման հարցերը։ Այս նախապայմանները սեղանին վրայ դնելու մասին ակնարկութիւններ՝ թէեւ ոչ ուղղակի, եղան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կողմէ, որ մէկէ աւելի հարցազրոյցներու ընթացքին խօսեցաւ սփիւռքեան ծայրայեղական հոսանքներու արգելքներուն եւ խոչընդոտներուն մասին։ Իսկ շատ յստակ է, որ թուրքերուն համար սփիւռքեան ծայրայեղական հոսանքները որոնք են։ Անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու թէ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի  տարածքին լոպիինկի աշխատանքներ կը կազմակերպեն, Հայ Դատի հարցերով կը զբաղին, հայութեան իրաւունքներու եւ հատուցման խնդիրներուն հետապնդումը մնայուն օրակարգի վերածած են։ Այլ խօսքով Սփիւռքի տարածքին գործող բոլոր այն կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ միաւորները, որոնց միակ նպատակը Հայութեան արդար իրաւունքներուն ապահովումն է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles