“ԱՌԱ­ՋԻՆ ՀԱՆԳՐ­ՈՒԱ­ՆԸ` ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՊԵ­ՏԱ­ՐԱՆ­Ի­ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐՆ ԵՆ…“ ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐԵՑ Ա. ՌՈՒՍ­ՏԱՄ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 15 Second


p 1ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Յե­տընտ­րա­կան հա­ւաք­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն ներս: Աւե­լի քան եր­կու շա­բա­թէ ի վեր “Բա­րեւ-յե­ղա­փո­խու­թիւն“ը,  յատ­կա­պէս Երե­ւա­նի “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կի վրայ, մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէ: Մարտ 5-ի կա­տար­ուած հա­ւա­քին, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տամ­եան, յայտ­նեց թէ յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի առա­ջին շա­բա­թաս­կիզ­բին տե­ղի ու­նե­նա­լիք Երե­ւա­նի Քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, պի­տի ըլ­լան առա­ջին քայ­լը, այս ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տին, որ­պէս­զի կա­տար­ուի ար­դար ու թա­փան­ցիկ ընտ­րու­թիւն (Տես­նել խօս­քը` ա­ւարտին):

Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան իր կար­գին յայտ­նեց.-“Մեր Գոր­ծը Պի­տի Ընենք Եւ Եր­բեք Պի­տի Չթուլ­նանք“:

Տե­ղե­կաց­նե­լով, որ նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան, վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եան, ինչ­պէս նա­եւ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գար­եան չըն­դու­նե­ցին իր հրա­ւէ­րը` Երե­ւա­նի “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րակ գա­լու, հաշ­ուե­տուու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու ժո­ղո­վուր­դին, ապա հրա­ժա­րա­կան տա­լու, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նախ­կին թեկ­նա­ծու Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ այս­պի­սով այ­լեւս խօս­քով ընե­լիք չու­նի, կը մնայ միայն գործ կա­տա­րել:

“Ժա­ռան­գու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը նա­եւ հան­դի­պում­ներ ծրագ­րած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան դես­պա­նին եւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Երե­ւան այ­ցե­լող Գեր­ման­իոյ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ: Հան­րա­հա­ւա­քին ըն­թաց­քին անդ­րա­դառ­նա­լով ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան բո­ղո­քար­կե­լու իր որո­շու­մին` Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ դի­մու­մին հիմ­քը ԵԱՀԿ-ի վեր­ջին զե­կու­ցումն է:

Ան աւել­ցուց, որ իրենք պի­տի պա­հան­ջեն, որ տար­բեր ան­կախ մաս­նա­գի­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տա­կա­նը դառ­նայ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի քննարկ­ման առանց­քը: Ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վա­րը յայտ­նեց, որ ասի­կա դա­տա­րա­նին եւ բո­լոր դա­տա­ւոր­նե­րուն` Գա­գիկ Յա­րու­թիւն­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, վեր­ջին կա­րե­լիու­թիւնն է կի­րար­կե­լու սահ­մա­նադ­րու­թիւնը եւ օրէն­քի իշ­խա­նու­թիւնը:

Յով­հան­նէս­եան այ­ցե­լեց նա­եւ “Եռաբ­լուր“ պան­թէ­ոն, ուր յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հե­րոս Վազ­գէն Սարգս­եա­նի ծննդեան 54-րդ տա­րե­դար­ձին առի­թով: Յով­հան­նէս­եան յայտ­նեց, որ ինք աշ­խոյժ քննար­կում­նե­րու մէջ է ոչ իշ­խա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հետ եւ բաց է հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բո­լո­րին հետ ու կը շա­րու­նա­կէ խորհր­դակ­ցու­թիւնը: Ան նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ օր­ուան խոր­հուր­դին` յայ­տա­րա­րե­լով, որ չի կար­ծեր, որ բա­ցա­յայտ­ուած են Հոկ­տեմ­բեր 27, 1999-ի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը:

Նշենք թէ անց­եալ Կի­րա­կի, Կլեն­տէյ­լի (Գա­լի­ֆորն­իա) մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած էր յա­տուկ հա­ւաք: Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, Երե­ւա­նէն ու­ղիղ կա­պով իր պատ­գա­մը փո­խան­ցած էր ներ­կա­նե­րուն եւ վե­րա­հաս­տա­տեց իր վճռա­կա­նու­թիւնը, ժո­ղո­վուր­դին հետ մի­ա­սին, այս շար­ժու­մը շա­րու­նա­կե­լու մին­չեւ յաղ­թա­նակ:

 

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տամ­եա­նի ելոյ­թը Երե­ւա­նի Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կի երէկ­ուան հան­րա­հա­ւա­քին ըն­թաց­քին:

 

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,

Այ­սօր հրա­տապ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է առա­ջա­ցել` գնա­հա­տե­լու, թէ որոնք են ներ­կայ փու­լում շարժ­ման դի­մագ­րա­ւած գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

– Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն պատ­րաստ­ւում բա­ւա­րա­րել յե­տընտ­րա­կան իրա­վի­ճա­կի լից­քա­թափ­մանն ուղղ­ուած` Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի պա­հանջ­նե­րը:

– Մի ան­գամ եւս փաստ­ուեց, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յօ­ժա­րա­կամ կեր­պով եր­բեք չեն գնա­լու անհ­րա­ժեշտ զի­ջում­նե­րի: Առա­ւել եւս չեն զի­ջե­լու իշ­խա­նու­թիւնը:

– Դրան կա­րող է պար­տադ­րել միայն քա­ղա­քա­կան զօ­րեղ գոր­ծօ­նի վե­րա­ծուող հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շար­ժու­մը:

Շարժ­ման մաս կազ­մող քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ու­ժե­րի եւ շա­հագր­գիռ բո­լոր կող­մե­րի խնդիրն է‘ յստակ ձե­ւա­կերպ­ուած նպա­տա­կի եւ սկզբունք­նե­րի շուրջ կազ­մա­կեր­պել եւ որո­շա­կի քայ­լե­րի ու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի մի­ջո­ցով ընդ­լայ­նել ու հզօ­րաց­նել սկիզբ առած այս շար­ժու­մը: Ուս­տի‘ օր­ուայ հրա­մա­յա­կա­նը շարժ­ման ճշգրիտ հու­նա­ւո­րումն ու կազ­մա­կեր­պումն է:

Առ այդ` ինչ վե­րա­բե­րում է շարժ­ման վերջ­նա­կան նպա­տա­կին, ապա այն շատ յստակ է եւ ան­փո­փոխ` հաս­նել ժո­ղովր­դի լի­ա­կա­տար իշ­խա­նու­թեան հաս­տատ­մա­նը երկ­րում բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րով: Դրան տա­նող ամե­նավս­տա­հե­լի ճա­նա­պարհն է` շար­ժումն ուղ­ղոր­դել հանգր­ուա­նա­յին յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րող տե­ւա­կան պայ­քա­րի հու­նով: Այ­սինքն` եթէ տու­եալ պա­հին չի յա­ջող­ւում իշ­խա­նու­թիւնը վերց­նել ամ­բող­ջու­թեամբ եւ մի­ան­գա­մից, դա մեզ պէտք չէ հի­աս­թա­փեց­նի, այլ մղի մեզ դրան հաս­նել աս­տի­ճա­նա­բար‘ հանգր­ուան առ հանգր­ուան:

Ըստ այդմ` իշ­խա­նու­թեան մի­ա­հե­ծան եւ մե­նաշ­նորհ­եալ դրուած­քը սա­սա­նե­լու, շարժ­ման մի­ջոց­նե­րը մե­ծաց­նե­լու ցան­կա­ցած առիթ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պէտք է լի­ար­ժէք օգ­տա­գոր­ծել‘ հաս­նե­լու որո­շա­կի շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի: Իսկ դա չի կա­րող պա­կաս ձեռք­բե­րում հա­մար­ուել: Հէնց այդ­պի­սի հանգր­ուա­նա­յին յա­ջո­ղու­թիւն­ներն են քայլ առ քայլ մօ­տեց­նե­լու շարժ­մա­նը իր հե­տապն­դած նպա­տա­կին:

Սա պայ­քար է լայն ճա­կա­տով` սկսած ամէն շէն­քից, թա­ղա­մա­սից, բնա­կա­վայ­րից, քա­ղա­քից մին­չեւ հան­րա­պե­տու­թեան ամե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րը: Եւ այս պայ­քա­րի մէջ է, որ մե­զա­նից իւ­րա­քան­չիւրն իր տեղն ու դե­րը կը տես­նի, ամէն մէկն իր անե­լի­քը կ՛ու­նե­նայ: Այս պայ­քարն է, որ կը յան­գեց­նի այն­պի­սի իշ­խա­նա­փո­խու­թեան, որ ամ­բող­ջա­կան կը լի­նի, որ չի աւարտ­ուի սոսկ մար­դա­փո­խու­թեամբ, ին­չը մենք բազ­միցս տե­սել ենք, որն իս­կա­պէս կը հաս­տա­տի ժո­ղովր­դի իշ­խա­նու­թիւնը եւ կ՛ե­րաշ­խա­ւո­րի երկ­րում ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րի իրա­կա­նա­ցու­մը:

Այդ­պի­սի առաջ­նա­հերթ քայ­լե­րի գոր­ծադր­ման ծրա­գիր Դաշ­նակ­ցու­թիւնը առա­ջար­կել է, եւ մենք հա­մոզ­ուած ենք, որ անհ­րա­ժեշտ է մեր ողջ նե­րու­ժը ներդ­նել դրա իրա­կա­նա­ցու­մը յա­ջո­ղե­լու հա­մար: Սա­կայն ժո­ղովր­դի այս­պի­սի տե­ւա­կան եւ ան­նա­հանջ պայ­քա­րը ապա­հո­վե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նախ եւ առաջ ձե­ւա­ւո­րել շարժ­ման ող­նա­շա­րը` նրա կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցը` սկսած կենտ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­մից մին­չեւ շարժ­ման մար­զա­յին ու հա­մայն­քա­յին ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րի կազ­մա­ւո­րու­մը:

Այ­սօր իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լու` շարժ­ման առա­ջին հանգր­ուա­նը Մա­յի­սի 5-ին կա­յա­նա­լիք Երե­ւա­նի աւա­գա­նու ընտ­րու­թիւն­ներն են: Հա­յաս­տա­նի նման երկ­րում Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւնը ձեռք բե­րե­լը շարժ­ման հա­մար վստա­հա­բար կ՛ու­նե­նայ վճռա­կան նշա­նա­կու­թիւն իշ­խա­նու­թեան մի­ա­հե­ծան այս վի­ճա­կը փո­խե­լու եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին շատ աւե­լի լուրջ զի­ջում­ներ պար­տադ­րե­լու ճա­նա­պար­հին:

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ

Այս­պէս ձե­ւա­ւոր­ուած եւ կազ­մա­կերպ­ուած շար­ժումն է, որ, գոր­ծե­լով “հան­դարտ ու­ժի“ տրա­մա­բա­նու­թեամբ, հետզ­հե­տէ թափ է հա­ւա­քե­լու, դառ­նա­լու է ան­կա­սե­լի եւ ան­պայ­մա­նօ­րէն հաս­նե­լու է իր նպա­տա­կին, եւ մենք բո­լորս ապ­րե­լու ենք մեր երա­զած Հա­յաս­տա­նում:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles