Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻԼ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մանկան ճիչը զիլ
որ մօր կաթը կ՛ուզէ
աւազին վրայ
կը խլացնէ զիս․․․
Կոյսը Եփրատի ալիքն կը գրկէ
կառչած պատմութեան դարպասին վրայ․․․
Մայրը զաւակը գրկած կը վազէ
տունն է բռնկուած
փրկութիւնն խռովուած մեկնած է արդէն․․․
ԾԷրը ծիրանի ճիւղին է յենած
ծոռը իր գրկին
Լերան խորշերու որջը կ՛որոնէ․․․
Թոնիրը ցախէն որբացած է լուռ․․․
Գերանները կուռ մթութիւն գրկած․․․
Խունկը եթերին հետ է խռոված․․․
ԻսկՀԱՅՐԵՆԻՔԸլուռ կ՛ողբայ, կ՛ողբայ․․․
Ի տես դարաւոր իր զաւակներու
ալիքի բեկման
որ արմատներէն անջատուած
կ՛երթան․․․
Ցեղասպանութիւն չէ՜ այս
Ո՛չ ալ աղետ է․․․
Միայն եղեռն չէ՜․․․ –
ԱԶԳԱՍՊԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆ Է
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՉՆՉԱՑՈ՛ՒՄՆ Է․․․
Զաւակունք Հայկի,
Վեհ Արտաշէսի՝
Մեր Հայոց Լեզուն կուռ խարսխողի,
Եռամեծ սուրբի՝ Մեսրոպ Մաշտոցի՝
Որ երկնաբոյրով բարբառդ օծեց․․․
Խոնարհ ազգակունք Մեծն Հայրիկի
Որ վեհ բազուկիդ “Շերեփ“ շնորհեց․․․
Զաւակունքդ հողի՝
ընդհատուած կանչի արձագանգողներդ,
զոհաբերութեան լոյսով դուք օծուած՝
Ֆէտայիներու ոգին ժառանգող,
Ցեղ մը չէր, որ իր վախճանին կ՛երթար
ԱյլԱզգմը համայն
որ կուրծքը տուած
ազգասպանութեան մոլուցքին դժխեմ
իր անէացման ճամբան էր բռնած․․․
Իսկ դարը, դարը անտարբեր, գնաց․․․
ԲայցԴՈ՛ՒՆ․․․ՄՆԱՑԻ՜Ր․․․
Դեռ պիտի մնա՛ս
երկրիդ ներկայո՛վ եւ ապագայո՛վ․․․
Դուն պիտիԱՊՐԻ՛Ս՝
Մէջդ կուտակած պատմութեան շունչով
Դուն պիտիԱՊՐՒՍ
Էութեանդ կուռ արմատներովը
Դուն պիտիԱՊՐԻՍ
Պատմութեանդ յոյժ երազանքովը
Դուն պիտիԱՊՐԻՍ
Վերականգնելու պապերուդ Տունը
Դուն պիտիԱՊՐԻՍ
Գալիքի՛ն համար
Դուն պիտիԱՊՐԻՍ
Յաւերժի ջահը միշտ բարձր բռնած
Որ լուսաւորես
Ճամբան յաւերժի․․․
Ապրիլէն՝ ԱՊՐԻ՛Լ՝
Ահա պատմութեան
Ե՛Ւ ԱՆՁՆԱԳԻՐԴ
Ե՛Ւ ԱՆՑԱԳԻՐԴ․․․
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 24, Ամիս՝ Ապրիլ, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ասակ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)

