
Յունիս 17, 2013
Պոսթըն
Ամիսներէ ի վեր սպասուող Սերժ Սարգսեան – Իլհամ Ալիեւ տեսակցութիւնը, որ նախատեսուած էր Յունիս 12-ին, Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքին մէջ, ցարդ կը մնայ յառաջիկայ շաբաթներու (…կամ օրերու) կատարուելիք աշխատանքներու շարքին, իրադարձութիւն մը:
Ակնկալուած (Իրանի նախագահական ընտրութիւններ) եւ անակնկալ (Պոլսոյ ցոյցերը) դէպքեր, նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող պայթուցիկ կացութիւնը, բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան այս տեսակցութեան վրայ:
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, այս ամսուայ աւարտին, հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայաստանի իր պաշտօնակից Եդուարդ Նալպանտեանի հետ` երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպման կազմակերպման առնչուող հարցերն ու դասաւորումները քննարկելու համար:
Միւս կողմէ, Ուքրայինա որ տարեսկիզբէն ի վեր ստանձնած է Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) նախագահութիւնը, իր կարգին յաչս տարածաշրջանի հակամարտութիւններու կարգաւորման, աշխատանք կը տանի, յանձին Արտաքին Գործոց նախարարութեան, որ վերջերս բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը, յանձին Արտաքին Գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարայի որոշած էր այցելել Երեւան եւ Պաքու, սակայն վերջին օրերուն այս ճամբորդութիւնը ջնջուած էր: Թէեւ, նախարարութեան պաշտօնական բանբերը, յատուկ մանրամասնութիւններ էին փոխանձած, սակայն Քիեւեան մամուլը տեղեկացուցած էր, թէ պատճառը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` արձակուրդի մեկնած ըլլալն էր:
Մինչդեռ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին համար, հակառակ ամառնային արձակուրդներուն, շատ աւելի ճգնաժամային օրեր կը սպասեն, մանաւանդ որ, յառաջիկայ Հոկտեմբեր 16-ին, պիտի կատարուին նախագահական ընտրութիւնները եւ այդ գծով նոյնինքն Ալիեւ կը մնայ “Նոր Ատրպէյճան“ կուսակցութեան կողմէ, Յունիս 7-էն ի վեր, առաջադրուած թեկնածուն:
Թէ ի՞նչ պայմաններու տակ պիտի ընթանան, արդէն իսկ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող կազմակերպութիւններու կողմէ խոշորացոյցով դիտուած եւ քննադատուած այս ընտրութիւնները…
Սակայն, այս տիրող իրավիճակէն անկախ շատ աւելի դեր ունի այլ գործօն մը: Արդարեւ, Ռուսաստան ոչ մէկ ժխտական արձագանգ մը կամ բիծ մը իմանալ Կովկասէն, մանաւանդ որ յառաջիկայ տարեսկիզբին, մօտակայ Սեւ Ծովեան` Սոչի քաղաքի շրջանէն ներս է որ, տեղի պիտի ունենան Ողիմպիական Ձմեռնային խաղերը:
Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպման նպատակը պիտի ըլլայ Արցախի տագնապի լուծման առնչուող լուրջ հարցերու քննարկումը: Վերոյիշեալ անցուդարձերու լոյսին տակ, հաւանաբար նմանօրինակ հանդիպում (…անշուշտ եթէ կայանայ եւ կրկին չյետաձգուի) ունենայ պարզապէս “փրոթոքոլային“ իմաստ կամ աւելի իրապաշտ ըլլալու համար անցնի ապարդիւն տեսակցութիւններու շարքին: