ԱմերիկահայԼրահոս

ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԱՅԳԵՍՏԱՆ

p14-15kini2

 

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Advertisement Subscribe Today

 

Աննախադէպ ընկերային պտոյտ մը կազմակերպուած էր, աշնանամուտին,  Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան կողմէ, ի մի հաւաքելով իր  անդամներուն հաւաքաբար այցելելու համար դէպի Լոնկ Այլընտի (Նիւ Եորք նահանգ) այգիները։p14-15kini3p14-15kini1

 

Հոկտեմբեր 4-ին, Նիւ Ճըրզիի Թէքէեանի կեդրոնէն մասնաւոր պըսով մը մեծ թիւով թէքէեանականներ մեկնեցան դէպի Ճէյմսփորթ, ուր ԹՄՄ վարչական անդամուհիներէն Հելէն Միսքի ընտանիքը ունի “Գլովիս Փոյնթ“ այգին, ուր եղանակի հետ ալ, ամէն տարի, տեղի կ՚ունենայ “գինիի համտեսում“։

Բացառիկ ընկերական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ ներկաներուն միջեւ։  Զանազան տարիներու եւ խաղողի տեսակներով` կարմիր եւ սպիտակ պատրաստուած գինիները համտեսուեցան։  Այնուհետեւ, առիթ եղաւ այցելել այգեստանը եւ ծանօթանալ տարբեր խաղողի ողկոյզներուն։  Ուսանելի եւ հետաքրքրական այցելութիւն մը անկասկած։ Հրամցուեցաւ ճաշ` հայկական ու իտալական խոհանոցով, ուր տեղի ունեցան սրտի խօսքեր եւ երգ ու երաժշտութիւն։

Շնորհաւորելի են մասնաւորաբար վարչական անդամուհիներ Տիանա Մխիթարեանի եւ Հելէն Միսքի նախաձեռնութիւնն ու աշխատանքը այս առթիւ։

Իրապէս ալ ամերիկահայ ազգային կեանքի մէջ աննախընթաց ձեռնարկ մը, ի մի հաւաքելու միութեան անդամները եւ զուարճանալու։  Վերջապէս գինին նաեւ հայկական ըմպելի որպէս, ժառանգուած է մեզի Հայկական Բարձրաւանդակէն` մեր պատմական Հայաստանէն։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button