Լրահոս

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԷՐԻԼԷՆՏ

Archbishop Anoushavan at Soorp Khatch Church 62nd anniversary

Կիրակի, 8 Նոյեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց եւ քարոզեց Մէրիլենտի (Պեթեստա) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ 62-ամեակին առիթով, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեանի առընթերակայութեամբ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը։

Ժամերգութենէն առաջ, Սրբազան Հայրը այցելեց եկեղեցւոյ «Համաստեղ» վարժարանը, քաջալերելով աշակերտները իրենց ուսման եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 62-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը Marriott Bethesda Downtown պանդոկին մէջ։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց տիկ. Թերեզա Երեմեան-Սաղեան։ Լիւսի Պարթամեան-Փինսոն երգեց ամերիկեան եւ հայկական մաղթերգերը, իսկ պատուոյ նախագահներն էին տիկ. Սառա Տուտագլեան-Տուտեք եւ պրն. Վիգէն Տուտագլեան։ Ճաշկերոյթի ընթացքին, խօսք առին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն., ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ օր. Անահիտ Տէրտէրեան եւ տիկ. Սառա Տուտագլեան-Տուտեք։ Խօսողները շեշտեցին քրիստոնէական կեանքի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը եւ իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին համայնքին՝ մնայուն գործակցութեան ու զօրակցութեան համար։

Archbishop Anoushavan at Soorp Khatch Church 62nd anniversaryԵրկու ծխականներ գնահատուեցան եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր մը յանձնեց տիկին Յակինթ Թրփանճեանին, իսկ Վարդան Չաքմաքճեան ստացաւ «Տէր Հօր մրցանակ»ը։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ, Համազգայինի «Վան» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ։

Իր փակման խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը եւ քաջալերեց համայնքը, որ շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ անոր աշխատանքներուն։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Advertisement Donate Today

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button