Այցելութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

Ուրբաթ, Ապրիլ 14-ին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք, սուրիահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, գոյատեւման ու վերականգնումի կարիքներուն եւ ցարդ տարուող աշխատանքներուն իրազեկ դառնալու համար, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ,  Բիւրոյի Հայ Դատի եւ  քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Սրբազան հայրը թեմին ու ժողովականութեան բարի գալուստ մաղթեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ պատուիրակութեան, գնահատեց Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերուն ծառայող կուսակցութեան ուղին եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի շրջափակման  ու Հայաստանի սահնաններուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւննեդուն գծով։

Տէր Մակար դիտել տուաւ, որ Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը վերջին 12 տարիներուն տագնապալի օրեր ապրեցան, նախ պատերազմի արհաւիրքներուն եւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական տագնապներուն դէմ դնելով, ապա երկրաշարժի բնական աղէտի յաղթահարման աշխատանքին լծուելով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ    Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը գօտեպնդէ մեր ժողովուրդը ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի ու խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ օրերու առաջնորդէ բոլորս։

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ շնորհաւորեց սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, գնահատելով թեմի ազգային մարմիններուն եւ կազմակերպութեան ուղեկից միութիւններուն հետ աշխոյժ գործակցութեամբ տարուող աշխատանքները։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ սուրիահայ համայնքն ու Բերիոյ Թեմը տոկուն են ու տարիներու տագնապները յաղթահարեցին ու պիտի շարունակեն յաղթահարել։

«Մենք հաւատալով թեմի առաքելութեան այսօր ներկայ ենք այստեղ՝ ծանօթանալու համայնքի գոյատեւման կարիքներուն եւ համադրելով մեր ջանքերը միասնաբար նեցուկ կանգնելու տարուող աշխատանքներուն»։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն իր աշխարհասփիւռ կառոյցները զօրաշարժի ենթարկեց եւ Հ․Օ․Մ․-ի ճամբով հանգանակութիւններ կազմակերպեց տարբեր շրջաններու մէջ՝ ի նպաստ սուրիահայութեան։

Ապա Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսաբանութիւն խնդրեց երկրաշարժի աղէտէն ետք տարուող վերականգնումի եւ ժողովուրդին օգնութեան համար տարուող աշխատանքներուն շուրջ։

Սրբազան հայրը ներկայացուց տարուող աշխատանքներն ու բարեսիրական տարբեր կողմերու հետ գործակցութեան արդիւնքները։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ծանօթացաւ աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ պատերազմի ընթացքին կրած վնասներուն եւ վերանորոգումէն ետք  պարզած վիճակին, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով եկեղեցւոյ զանգակատան կրած մասնակի վնասին ու նորոգութեան։

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles