Լրահոս
Այցելութիւն՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարան

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան Հոկտեմբեր 6-ին այցելեց Փենսիլվանիոյ Ռատնըր քաղաքի Հայ Քոյրերու Վարժարանը, ուր աշակերտները զինք դիմաւորեցին աւանդական աղ ու հացով եւ հայ երգերու, բանաստեղծութիւններու ու ժողովրդական պարերու յայտագրով։

