ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԵՒ ԱՄԷՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐ

0 0
Read Time:38 Second

Հ.Յ.Դ.  Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Շիրակեան» Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, վերջերս այցելութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամէնայն Հայոց Առաջնորդարաններ, շնորհաւորելու համար վերընտրուած Առաջնորդներ՝ Սրբազան Օշական Արք. Չօլոյեանն ու Սրբազան Խաժակ Արք. Պարսամեանը: Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Անդրանիկ Գասպարեանէ եւ Հրայր Պարոնեանէ, որոնց կ’ընկերանային Նիւ Եորքի շրջանէն ներկայացուցիչներ:

Առաջին հանդիպումը, կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Ամէնայն Հայոց Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ, Յունիս 17-ի երեկոյեան: 

Նաեւ ներկայ էին շրջանի յարաբերական յանձնախումբի անդամներ՝ Մարտիկ Չոլագեան եւ Մարի Քէշիշեան:

Ապա, Յունիս 24-ի երեկոյեան, պատուիրակութիւնը տեսնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Առաջնորդ՝ Սրբազան Օշական Արք. Չօլոյեանի հետ: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կատարուած այս այցելութիւններուն ընթացքին, արծարծուեցան Հայ Դատի առնչութեամբ եւ ընդհանրապէս գաղութին հետ, առնչուող հարցեր:

Երկու հանդիպումներ ալ տեւեցին մէկ ժամէն աւելի: Յառաջիկայ ամիսներուն, նմանօրինակ հանդիպումներ պիտի կրկնուին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles