ԱՅՑԵԼԵՑԷ’Ք ՁԵՐ ՏՈՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

Արհեստագիտութիւնը օրէ-օր այնքա¯ն արագ կը զարգանայ ու տեղ կը գրաւէ, որ անխուսափելիօրէն դարձած է մեր առօրեան ամբողջացնող մասնիկ մը: Այսօր, առանց համակարգիչի այս կամ այն ծրագրի օգնութեան հաւանաբար շատ քիչ բաներ կ°ընենք: Արհեստագիտութեան տարբեր արտադրութիւնները՝ բջիջային հեռաձայններ, ուղեցոյց ծրագիրներ (GPS), համակարգչային ընկերային հաղորդակցութեան ծրագիրներ եւայլն դարձած են մեր առօրեայի բաղկացուցիչ եւ նոյնիսկ ուղղորդող բաժինները:

Եւ ինչպէս մեր անհատական, այնպէս ալ՝ մեր հաւաքական կեանքը այս արագ զարգացման հետ քայլ պահելու պարտաւորութեան դիմաց է:

Այս մտահոգութեամբ առաջնորդուելով, Նիւ Եորքի Արմէն Գարօ Կոմիտէի կողմէ յառաջացած յանձնախումբ մը ստեղծեց Ուուտսայտի Հայ Կեդրոնի կայքէջը (website)՝ www.hyecenter.com.

Իր տեսքով եւ գործածութեան եղանակով հաղորդական եւ գործնական կայքէջը բազմաճիւղ է:

«Մեր Մասի բաժինը հակիրճ տեղեկութիւն կը փոխանցէ Ուուտսայտի Հայ Կեդրոնի պատմութեան մասին:

Եթէ նկատի ունենանք, որ Հայ Կեդրոնը տունն է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, ապա՝ տան գլխաւոր էջը արդէն դիւրաւ ձեզ կ°առաջնորդէ դէպի միւս գլխաւոր «սենեակներ»ը. Մեր մասին, Կեդրոնի կազմակերպութիւններ, ձեռնարկներ, աղբիւրներ եւ մեր հետ կապուելու անկիւն:

Ի հարկէ՝ իւրաքանչիւր սենեակի մէջ զետեղուած են տարբեր բաժիններ: Օրինակ՝ Կեդրոնի կազմակերպութիւններ բաժնին մէջ տեղ գտած են՝ Համազգայինի, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Դ.ի բաժինները: Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող այս կազմակերպութիւններու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ կան եւ ամէնէն կարեւորը՝ ստեղնաշարի կոճակի մէկ սեղմումով այս բաժինէն շատ դիւրաւ դուք կ°առաջնորդուիք դէպի յիշեալ կազմակերպութիւններու գլխաւոր կայքէջը:

Գլխաւոր էջի աջ կողմը զետեղուած օրացոյցը կ°արձանագրէ Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկները:

Աղբիւրներ բաժնին տակ կարելի է հանդիպիլ զանազան յօդուածներու, լուսանկարներու, տեսահոլովակներու եւայլն:

Գլխաւոր էջին ներքեւը տեղադրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող հայկական երեք գլխաւոր թերթերու՝ Հայրենիք, Ասպարէզ եւ Armenian Weekly ամենօրեայ գլխաւր լուրերու բաժին մը: Այլ դիւրութիւն մը կայքի այցելուին՝ անմիջականօրէն հետեւելու հայկական գլխաւոր իրադարձութիւններուն:

Կայքէջը բաժանորդագրութեան բաժին մըն ալ ունի: Անվճար բաժանորդագրութեան այս ձեւը այցելուին առիթ կու տայ իր գործնական մասնակցութիւնը բերել կայքէջի բովանդակութեան զարգացման, կարծիքներ յայտնելու եւայլն:

Ի վերջոյ, www.hyecenter.com կայքէջի յանձնախումբը՝ Մ. Չոլաքեան, Ռ. Հարուն եւ Ս. Էսաճանեան պարտականութեան իրենց բաժինը յաջողութեամբ կատարած են:

Հայ Կեդրոնի, եւ ոչ միայն՝ այլ ԱՄՆի բոլոր հայ կազմակերպութիւններն ու անհատները հրաւիրուած են այնտեղ…

Սեպտեմբերէն ի վեր կեանքի կոչուած կայքէջը կը սպասէ ձեր աջակցութեան: Եկէք, միասին, այս կայքէջը դարձնենք բոլոր Նիւ եորքահայերու հանդիպման վայրը: Այցելեցէ°ք ձեր տունը՝ www.hyecenter.com.

Մ. Եարալեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles