
Իր տեսակին մէջ եզակի Համազգայինի երիտասարդական ցանց-ArtLinks ծրագիրը արդէն իսկ կը գործէ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր:
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան ու Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւններուն ջանքերով 2015-ին ծնունդ առած այս ծրագիրին նպատակն է՝ շաղկապել ընտրանի հայ արուեստագէտներ հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդներու հետ եւ աշխատանոցներու միջոցով հետաքրքրութիւն սերմանել հայ արուեստին հանդէպ:
Պսակաձեւ ժահրի պատճառով, այս տարուայ ծրագիրը պիտի կատարուի Շաբաթ, Յուլիս 31-ին եւ Կիրակի Օգոստոս 1-ին, ելեկտրոնային «Զում»-ի դրութեամբ, որուն ընթացքին , պիտի բանախօսեն եւ զրուցեն.-
Դոկտ. Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեան («Հայ պանդուխտներու հետքերով՝ Կոստանդնապոլսոյ մէջ»), դոկտ. Քիմ Հեքիմեան եւ դոկտ. Թամար Գապաքեան- Հաշէօլեան («Պսակաձեւ ժահրը Հայաստանի մէջ եւ անդին»), դոկտ. Լորի Խաչատուրեան («Արբանեակներու արուեստագիտութիւնը Հայաստանի մէջ»), դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, որ պիտի զրուցէ ծանօթ բեմագրող Ալեքսանտր Տիներալիսի հետ:
Արձանագրուելու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, սեղմել.- https://hamazkayinartlinks.org/register/