Լրահոս

Այoուա Նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՏԻ ՄՈՅՆ.- Այoուայի նահանգապետ Քիմ Ռինոլծ ստորագրեց հռչակագիր մը, նշելով թէ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այսպէս Այoուան դարձաւ 47-րդ նահանգը, որ պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասապանութիւնը:
Հռչակագրին մէջ կը նշուի, թէ 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին միլիոն հայորդիներ սպանուած են, ինչպէս նաեւ նոյնքան յոյներ եւ ասորիներ: «Մենք պարտաւոր ենք դատապարտել պատմական այն բոլոր դէպքերը, որոնք կատարուած են ացեալին, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հրեաներու ողջակիզումը, Իսլամական Պետութեան գործողութիւնները՝ Իրաքի մէջ, եւ այլ կրօններու դէմ կատարուած յանցագործութիւնները», նշուած է հռչակագրին մէջ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button