Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Պատուեց Վարչական Խորհուրդի Նախկին Նախագահ՝ Տոքթ Նազարէթ Է Տարագճեանը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 106-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Jonathan Club-ին մէջ։ Երեկոն համախմբեց ընկերակցութեան անդամներ, պատուոյ հիւրեր, Աւետարանչականի բարեկամներ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներէն եւ Միութիւններէն հովիւներ եւ պատուիրակներ՝ նշելու Ընկերակցութեան հաւատքի եւ ծառայութեան մէկդարեայ ժառանգութիւնը եւ պատուելու անոր Վարչական Խորհուրդի Նախկին Նախագահ՝ Տոքթ. Նազարէթ Է. Տարագճեանը։
Ներկաներուն ջերմօրէն ողջունեցին անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով՝ միջոցառման համանախագահներ՝ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Լորի Մնչերեան, Արսինէ Ֆիլիփս, Հելկա Սարգիս եւ Թինա Սիկըլ։
Ճաշկերոյթի հանդիսավար ԼինտաՔէյ Ապտուլեան իր բացման խօսքին մէջ յատուկ կերպով նշեց յարգարժան հիւրեր՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ Ա․Մ․Ն․-ի Հայոց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս ԽաչԵրեան՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ,Դոկտ. Կարեն Իսրայէլեան՝ Լոս Անճելըսի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսը, եւ տեղւոյն Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանը։

Ազգային օրհներգները կատարեց Նազանի Մնչերեան, որմէ ետք աղօթք մատուց Վեր. Հայկ Տարագճեան (Վիննէթքա -Քալիֆորնիա)։
Կարճ ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ՝ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս եւ Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան։

Իր խօսքին մէջ Իրաւաբան Ֆիլիփս գնահատանքով անդրադարձաւ Տոքթ. Տարագճեանի տասնամեայ իմաստուն եւ խոնարհ առաջնորդութեան, որուն ժրաջան աշխատանքով, ամրապնդուեցան ընկերակցութեան ծառայութիւնները 23 երկիրներու մէջ եւ հաստատութիւնը յաջողութեամբ անցաւ դժուարին ժամանակաշրջաններէ։ Ան ընդգծեց Տօքթ. Տարագճեանի նախաձեռնած “Project Revive”-ը՝ աջակցելու բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ներդրումը հաստատութեան ընդլայնման մէջ՝ Աւետիսեան Վարժարանի նոր շէնքի բացումը, «Շող» Կեդրոններու տարածումը եւ Հանքաւանի Ճամբարի վերանորոգման մեկնարկը։ Իրաւաբան Ֆիլիփս անդրադարձաւ նաեւ Նազարէթ Տարագճեան – Զաւէն Խանճեան համագործակցութեան որպէս «երազային զոյգ», որ համաձայն երեկոյի խորհուրդին՝ «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան – Ընդունելով Ապագան», Աւետարանչականը վստահաբար կը շարունակէ իր առաքելութիւնը գործադիր տնօրէն Սերժ Պուչաքճեանի ղեկավարութեամբ։

Պարոն Պուչաքճեան իր խօսքին մէջ աւելցուց․ «Տասնամեակ մը շարունակ Տոքթ. Տարագճեանի առաջնորդութիւնը ընդգծուեցաւ իմաստութեամբ, կարեկցանքով եւ անսասան հաւատքով։ Անոր ղեկավարութեան ներքեւ, ընկերակցութիւնը ընդլայնեց իր սահմանները, զօրացուց իր ծրագիրները եւ խորացուց իր ազդեցութիւնը՝ նպաստելով հազարաւոր ընտանիքներու, օժանդակելով դպրոցներու եւ եկեղեցիներու եւ հաւատք ներշնչելով այնտեղ, ուր ամենէն աւելի կարիքը կար»։ Ընթրիքէն առաջ ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսաերիզ մը՝ արտացոլացնելով Ճաշկերոյթի խորհուրդը՝ «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան»։
Երեկոյի գագաթնակէտը եղաւ երաժշտական ելոյթ մը՝ նուիրուած բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաններուն։ Ելոյթով հանդէս եկան Լոս Անճելըսի Օփերայի աստղեր։

Յատուկ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ՝ ներկայացնելով Տոքթ. Տարագճեանի կեանքի պատկերները՝ մանկութենէն մինչեւ ներկայ օրերը։

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամ Ճեք Մնչերեան՝ ներկայացնելու Տոքթ. Տարագճեանը եւ նկարագրեց զայն որպէս «կարգապահ, արժանապատիւ, նուիրեալ, տեսիլք ունեցող առաջնորդ եւ բարեգործ։ Անձ մը՝ որ այս բոլոր առաքինութիւնները կը կրէ խոնարհութեամբ»։ Ապա ան հրաւիրեց Բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեանները բեմ եւ անոնց ներկայացուց յատուկ գնահատանքի նուէր մը։
Իր յուզիչ ելոյթին մէջ, Տոքթ. Տարագճեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Աւետարանչականին-ին եւ ըսաւ․ «Այս երեկոյի տօնախմբութիւնը իմ անձիս կամ իմ կատարած գործերուս մասին չէ։ Այսօր մենք կը տօնենք հարիւր տարիէ աւելի գոյութիւն ունեցող Ընկերակցութիւն մը եւ այն տեսիլքը, զոր ունեցան Վուսթրրի (Մասաչուսէց) մէջ, այն նուիրեալները՝ որոնք հաւատքով հիմնեցին Աւետարանչականը Ա. Աշխարհամարտի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դժուարին տարիներուն։ Տարիներու ընթացքին ան բարելաւեց մեր հայրենակիցներուն կեանքը՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ, պարգեւելով Քրիստոնէական հոգեւոր զարթօնք, կրթութիւն եւ անմիջական մարդասիրական օգնութիւն»։

Յիշարժան երեկոն եզրափակուեցաւ Կլէնտէյլի Հայ Նազովրեցի Եկեղեցիի Երեց Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

