

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1 Նոյեմբեր 2021
Աշխարհի տնտեսական հզօրագոյնները, թիւով 20, անցեալ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ գումարեցին գերաստիճան մը, որուն գլխաւոր խորագիրներէն մէկն էր կենսոլորտի վտանգաւոր ջերմացումը: Գերաստիճանին զուգահեռ, տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ, փորձեր կատարուեցան վերջին ամիսներուն բացուած վէրքեր դարմանելու (Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ…), հրապարակուեցան «դրական նշաններ», սակայն գերաստիճանի լեռնէն յայտնապէս մուկ մ’իսկ չծնաւ:
Ու մինչ Հռոմի մէջ իրենց գործն ու ԴԵՐերը աւարտած՝ աշխարհի մեծերը, իրենց փէշերը հաւաքած, Կլասքօ (Սկովտիա) փութացին, մասնակցելու համար աշխարհը տառապեցնող մեծ հարցերու յատկացուած ՄԱԿի խորհրդաժողովին (պիտի տեւէ երկու շաբաթ), յստակ եղաւ, որ հոն ալ կենսոլորտի ու Պսակաւորին պատճառած համավարակին տագնապները «գլխաւոր ճաշացուցակ»ին կեդրոնը բազմած են:
20-ի գերաստիճանին կարգ մը մասնակիցներ՝ անձամբ, նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեցին, որ Հռոմի գերաստիճանը չէ տուած սպասուած արդիւնքը: Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղարին մէկ կարճ արտայայտութիւնը կարծէք թէ կը բացատրէ ամէն բան. «Սպասուածը չեղաւ, յոյսերը չարդարացան, սակայն գոհ եմ որ յոյսը չմեռաւ ու չթաղուեցաւ»…: Այսինքն, Պայտըն մը, Մերքէլ մը, Մաքրոն մը կամ նմաններ որքան ալ փորձեն մեղմել տխուր արդիւնքը, կարելի չէ ջայլամին հետ մրցումի ելլել:
Կլասքոյի խորհրդաժողովը եւս, տուեալ պայմաններուն մէջ, մուկի մը ծնունդը նախատեսել չի տար: Նախագահներ, վարչապետներ, պետական առաջատար դէմքեր սքանչելի ճառեր կ’արտասանեն, մատները կը դնեն վէրքին ճի՛շդ կեդրոնին վրայ, գիտեն եւ կը խոստովանին, որ կենսոլորտի ապականումը եւ վնասաբեր ջերմացումը երկնատուր պատիժ չէ, այլ կերտուած է ու կը կերտուի ՄԱՐԴՈՒՆ ձեռքով: Գերաստիճանին ու խորհրդաժողովին զուգահեռ՝ կենսոլորտի պաշտպաններ աշխարհի տարածքին անգամ մը եւս գործի լծուած են, ծովածաւալ ցոյցերով եւ արդար պահանջներ հնչեցնելով կը յուշեն ղեկավարի դիրքեր գրաւողներուն, ժողովուրդին կողմէ ընտրեալներուն, որ պէտք է աճապարել ու ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ, որպէսզի բնական յարաճուն աղէտներու պատճառ դարձող կենսոլորտի տագնապը քայլ առ քայլ առնուի հակակշիռի տակ, բարի տրամադրութիւններէն եւ յուատու խոստումներէն անդին, ԳՈՐԾ կատարուի:
Փաստօրէն, ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ աշխարհն ու մարդուն համար այնքան կարեւոր կենսոլորտը հիւանդ են: Եւ ինչպէս ոեւէ հիւանդի պարագային, կենսոլորտի հիւանդութիւնն ալ տասնամեակներէ ի վեր ի յայտ կը բերէ հետզհետէ սաստկացող ախտանիշներ՝ հսկայածաւալ հրդեհներ, քանդիչ փոթորիկներ, ողողումներ եւ նմանօրինակ՝ բնական աղէտներ: Անոնք այլանդակ մրցումի մէջ են ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ ալ աղէտներու հետ, որոնք կը կոչուին պատերազմ, այլոց ներքին գործերուն մահասփիւռ միջամտութիւն, թշնամանքnերու հրահրում (եւ շահագործում)…

Արաբները ունին կարճ արտայայտութիւն մը. երբ ամէն մարդ լաւ բաներ կը խօսի եւ գործնական արդիւնքի չի հասնիր, կ’ըսեն. «Հաքի պի-հաքի», այսինքն՝ խօսք եւ խօսք, աւելի դիպուկ բացատրութեամբ՝ խօսքի անիմաստ աճուրդ:
Կենսոլորտի եւ այլ համաճարակի տագնապները ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հիմ չունին, հետեւաբար, անընդունելի է զայն քաղաքական ջաղացքներու լծել: Օրինակի համար, խօսք կը դառնայ, թէ Գերմանիոյ մէջ, իբրեւ արդիւնք վերջին ընտրութիւններուն, «Կանաչներ» կուսակցութիւնը (ծանօթ՝ մասնաւորաբար կենսոլորտի հարցերուն լուծումներ բերելու իր ձգտումով) շուտով մաս պիտի կազմէ կառավարութեան եւ գործնապէս պիտի իրականացնէ իրենց ծրագիրները (ո՞վ չ’ուզեր որ անոնք ու նմաններ յաջողին): Աշխարհը չէ մոռցած, որ անցեալ տասնամեակներուն, սկսելով այն օրերէն՝ երբ «օզոնի խաւը վտանգուած է» ահազանգը հնչեց (այսօր օզոնը մոռցուած է, առանց դարմանուած կամ կարկտանի ենթարկուած ըլլալու…): Բազում գերաsտիճաններ, խորհրդաժողովներ եւ գիտաժողովներ տեղի ունեցած են, շատ գեղեցիկ ծրագիրներ մշակուած, ջերմութեան աստիճանի բարձրացումը հակակշիռի տակ պահելու յանձնառութիւններ ալ յայտարարուած են, եւ սակայն, տագնապները կը շարունակեն խորանալ: Բացայայտ գաղտնիք է, որ նման խոստումներ չեն իրականանար, որովհետեւ նման պատկառելի ժողովներէ կը բացակային…. բուն դերակատարները, որոնց կամակատարներն եւ բեմ վազող ղեկավարները: Չէ, մեր խօսքը միայն բացականերուն՝ Չինաստանի ու Ռուսիոյ չ’երթար (Փութին հեռավար մասնակցեցաւ), այլ՝ աշխարհակուլ այն հսկաներուն, որոնք տրամադիր չեն իրենց շահերը մազաչափ նուազեցնելու, հոգ չէ թէ մարդիկ ճարտարարուեստի քաղաքներու մէջ աւելի եւ աւելի՛ շնչահեղձ դառնան, սաստկացող բնական աղէտները շէներ եւ անտառային տարածքներ փճացնեն…
Իսկ թէ ինչ կը պատահի համաճարակին զսպումին ծիրին մէջ, այդ ալ ուրիշ խեղկատակութիւն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ ողբերգութիւն: (Ի դէպ, մեր հայրենիքին մէջ ալ համաճարակը վերջին շաբաթներուն վերականգնած է աղէտալի երթը, կիսամիջոցները՝ մէկ կողմէ, հանրութեան կողմէ սխալ ըմբռնումն ու կիրարկումը՝ միւս կողմէ, կացութիւնը կը տանին դէպի վատը. Վարակակիրներու եւ զոհերու թիւը դարձեալ կը բարձրանայ):
***
Կլասքոյի խորհրդաժողովին կը մասնակցի Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը: Հաւաստիք կայ, որ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ բազմաթիւ հեղինակաւոր ու ազդեցիկ պետական առաջնորդներու հետ: Խօսակցութեան նիւթերը վստահաբար պիտի անցնին կենսոլորտի, համաճարակի եւ աշխարհի տնտեսութիւնը վտանգող հարցերէն անդին, պիտի ընդգրկեն Հայաստանն ու Արցախը: Սքանչելի առիթ մը՝ մեր դիւանագիտութեան համար, կարճ ժամանակի մէջ բազմակողմանի կերպով մեր հարցերը քննարկելու եւ Արցախի տագնապին իսկութիւնը շատերու հաղորդելու համար. առիթ մը՝ չմնալու Մինսքի խմբակին շրջագիծին մէջ (ի հարկին գործնապէս յիշեցնելու այդ խմբակին առաքելութիւնը, անկէ հայութեան ու մարդկութեան արդար ակնկալութիւնները, թուրք-ազերիական ոճիրներուն բացայայտման եւ մեր կորուստներուն արդար հատուցման դիտանկիւնէն):
… Արդեօք նման հանդիպումներ ի՞նչ հայեցակէտով տեղի կ’ունենան. «Խաղաղութեան դարաշրջան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան մէջ, ճամբաներ բանալո՞ւ» տրամաբանութեամբ, թէ՞ համաթուրանականութեան վտանգները վեր առնելու, Ցեղասպանութիւնը եւ անոր տարբեր դրսեւորումները «պէտք չէ կրկնուին»ի, 6 տարի առաջ խորհրդանիշ դարձած՝ Անմոռուկը… չմոռնալու կամքով:
Կ’ապրինք՝ կը տեսնենք: