
Սփիւռքահայ օճախներ, աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս, շարունակեցին իրենց բողոքն ու ցասումը արտայայտել, ազերի զինուորական Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ իբրեւ ազգային հերոս դիմաւորման գծով:
Առաջին հերթին, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ Երիդասարդաց Դաշնակցութեան:
Նիւ Եորքի մէջ, Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10ի երեկոյեան ժամը 6:30-էն 8:00, աւելի քան երեքհարիւրյիսուն հայորդիներ խմբուեցան Մ.Ա.Կ.-ի Կեդրոնատեղիի մօտ, Հունգարիոյ հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց եւ կատարեցին խաղաղ ցոյց մը: Պաստառներու վրայ զանազան գրութիւններուն, ցուցարարները կը պահանջէին արդարութիւն: Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ պատարագ, մասնակցութեամբ շրջանի զանազան յարանուանութիւններու հովիւներուն:
Կիրակի Սեպտեմբեր 9-ին, Ուաշինկթընի Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ, շուրջ հարիւր յիսուն ցուցարարներ հաւաքուած կատարեցին ցոյց: Այս առթիւ, խօսք առին Արամ Համբարեան (Հայ Դատի Ուաշինկթընի Կեդրոնական գրասենեակ) եւ Յովսէփ Աւագեան (տեղւոյ Հ.Յ.Դ. “Սեպուհ“ կոմիտէութիւն), որոնք քանի մը տողով բացատրեցին պատահածը եւ շեշտեցին թէ կարելի չէ ձեռնածաւալ մնալ այս կատարուած ամօթալի արարքին դիմաց: Յաջորդ օրն ալ Հայ Դատի Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Հունգարիոյ դեսպանատուն եւ բողոքագիր մը ներկայացուց:
Սեպտեմբեր 7-ին, Պոսթընի հայկական կազմակերպութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն Հունգարիոյ պատուոյ հիւպատոս Կապոր Կարայի հետ:
Պատուիրակութեան անդամները իրենց զարհուրանքը յայտնեցին պատահածի հանդէպ հունգարական կառավարութեան անկարեկից վերաբերմունքին դէմ, հակառակ այն իրողութեան որ անիկա կանխաւ զգուշացուած էր Սաֆարովի արտաքսման հետեւանքներու մասին: Անոնք շեշտեցին, որ Ատրպէյճանի մէջ Սաֆարովի հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքը երկրին մէջ տիրող հակահայ կատաղի զգացումներու բիւրեղացումն է: Անոնք շարունակեցին ընդգծելով, որ հայերը երբէք ապահով պիտի չըլլան Ատրպէյճանի մէջ: Իսկ իր պատճառած վնասին որպէս հատուցում Հունգարիայէն կ’ակնկալուի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան կամ առնուազն` անոր ինքնորոշման իրաւունքնի պաշտօնական ճանաչումը:
Հիւպատոսը պատուիրակութեան անդամներուն հաւաստիացուց, որ անոնց մտահոգութիւնները պիտի փոխանցէ հունգարական կառավարութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ճորճ Աղճայեանը, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի վարիչ Միշէլ Յակոբեանը, Հ.Յ.Դ. Պոսթընի “Սարդարապատ“ կոմիտէի ներկայացուցիչ Սարհատ Գարակէօզեանը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սօսէ Պէօճէքեանն ու “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի` “Արմինիւն Ուիքլի“ի փոխ-խմբագիր Նանոր Պարսումեանը:
Սեպտեմբեր 6-ին Լոս Անճէլըսի հայ համայնքը Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի հիւպատոսարաններուն առջեւ իր բողոքի ձայնը միացուց աշխարհի տարբեր կողմերէն հնչող, անարդարութեան դրսեւորման դէմ բողոքող բազմահազար հայերուն: “Արիւնալի դրամներով գնուած Հունգարիա“, “Ամօ՛թ, Հունգարիա“, “Արդարութիւնը գին չունի“, “Արդարութիւն կը պահանջենք“ գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած հազարէ աւելի ամերիկահայեր մասնակցեցան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Միացեալ հայ երիտասարդներու, ՍԴՀԿ “Կայծ“ ուսանողական միութեան, ՀՅԴ “Շանթ“ ուսանողական միութեան եւ հայ ուսանողական համախմբուած միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին:
Հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ քաղաքական-հասարակական գործիչներ, իրաւաբաններ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, լրագրողներ, հայկական դպրոցներու աշակերտներ, արցախեան պատերազմի վեթերաններ, ամերիկահայ տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով երիտասարդներ:
Ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը փորձեց իր բողոքը արտայայտող եւ արդարութեան վերականգնումը պահանջող նամակներ յանձնել Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի հիւպատոսարաններուն, սակայն ապահովական մարմինները յայտնեցին, որ միայն յատուկ հրաւէրով կարելի է ներս մտնել` խորհուրդ տալով նամակը առաքել նամակատան միջոցով: Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները հաստատեցին, որ հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի բացայայտ թշնամանքի այս արտայայտութիւնը կը յուշէ, որ արդէն հասած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման պահը: Անոնք նաեւ միջազգային հանրութենէն պահանջեցին միանալ հայութեան եւ Հունգարիոյ կառավարութենէն պահանջել չեղեալ նկատել Սաֆարովը արտայանձնելու անբարոյ որոշումը եւ ներողութիւն խնդրել իր արարքին համար:
Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, Սեպտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ սկիզբ առաւ Օթթաուայի հունգարական դեսպանատան դիմացէն: Բողոքի ցոյցին մասնակից էին նաեւ Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.–ի ամէնօրեայ վարժարանի եւ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտութիւնը: Հայ երիտասարդութեամ կողմէ բողոքի նամակ յանձնուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանատան: Մէկ ժամ տեւող ցոյցէն ետք, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, ուր շարունակեցին բողոքի ցոյցը:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Արժանթինահայութիւնն ալԼ Սեպտեմբեր 6ին, իր բողոքի ձայնը բարձրացուց մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ: Մինչ ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի եւ Արժանթինի դրօշակներ, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական գրութիւններ կրող պաստառներ կը պարզէին դեսպանատան շէնքին առջեւ` իրենց բողոքը բարձրաձայն բացագանչելով, համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանին կողմէ: Համայնքի ներկայացուցիչները դիւանագէտին յանձնեցին արժանթինահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ ստորագրուած բողոքագիր մը` Հունգարիոյ որոշումին նկատմամբ հայ համայնքի դժգոհութիւնը ներկայացնելով:
Բողոքագիրը ստանալէ ետք դեսպանը յայտնեց, որ Հունգարիոյ կառավարութիւնը հայ սպայ Մարգարեանի ոճրասպանը յանձնած էր Ատրպէյճանին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներու որոշումներուն հետեւելով` աւելցնելով, որ Պաքուի իշխանութիւնները հաւաստիացուցած էին, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի շարունակէր կրել Ատրպէյճանի մէջ: Դեսպանը նշեց, որ հակառակ անոր, Հունգարիոյ իշխանութիւնները զարմացած էին Սաֆարովի պատիժի ներումին առնչութեամբ նախագահ Ալիեւի որոշումէն:
ԵՒՐՈՊԱ
Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան` բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Փարիզի հունգարական դեսպանատան առջեւ` ավընիւ Ֆոշ: Հետզհետէ խտացող եւ մեծ մասամբ երիտասարդներէ բաղկացած բազմութիւնը հասաւ մինչեւ 500 հոգիի: Խօսնակի պաշտօնը ստանձնած էր Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակէն` Դանիա Պապանազարեան, որ բացատրեց, թէ հետապնդուած նպատակն է` ձեռք ձգել մարդասպան Սաֆարովին բանտ վերադառնալը եւ պատիժը կրելը` մինչեւ վերջ: Ապա, համակարգող խորհուրդի համանախագահներ` Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, այդ պահանջը բովանդակող բողոքագիր մը յանձնելու համար` ոստիկանութեան կողմէ արտօնուեցան մուտք գործելու դեսպանատան բակէն ներս: Սակայն անոնք շուտով վերադարձան` ըսելով, որ ընդունուած էին դեսպանատան պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ` դրան առջեւ միայն, ու անոր յանձնած էին նամակը: Ժողովուրդը կը բացագանչէր` “Մարդասպանը ազատագրուած է, արդարադատութիւնը` ոտնակոխուած“, կամ` “Բանտարկութի՛ւն` Սաֆարովին“, ու կը բարձրացնէր Սաֆարովի ազատ արձակումը եւ փառաբանումը դատապարտող ցուցատախտակներ: Յաջորդաբար խօսք առին Փափազեան, եւրոպական երեսփոխան` Միշէլ Ռիվազի, Ա. Թորանեան եւ համակարգող խորհուրդի ընդհանուր նախագահ Արա Կէօվճեան, բոլորն ալ դատապարտելով Հունգարիոյ եւ Ատրպայճանի կեցուածքը: Ռիվազի յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը մօտ օրէն` Սաֆարովի ազատ արձակումը դատապարտող բանաձեւ մը պիտի պատրաստէ: Յայտարարուեցաւ նաեւ Ալիեւի Ֆրանսա մօտալուտ այցելութեան լուրը եւ հնչեցին այդ առընչութեամբ` ֆրանսական իշխանութիւնները ազդարարող արտայայտութիւններ:
Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը Լա Հէյի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ կազմակերպեց բողոքի ցոյց: Շուրջ 70 ցուցարարներ հաւաքուած էին` իրենց ձեռքին ունենալով ցուցապաստառներ` “Հունգարիոյ արդարադատութիւնը վաճառքի հանուած է“, “Եւրոպական արժէքները աւելի փոքր են, քան քարիւղը“ եւ այլ գրութիւններով: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ դեսպանին կողմէ, որուն ներկայացուեցաւ հայութեան բողոքը` Հունգարիոյ իշխանութեան կատարած միջազգային օրէնքներուն չհամապատասխանող քայլին դէմ: Պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ եթէ Հունգարիա իսկապէս կը զղջայ իր կատարածին համար, կրնայ իսկական քայլերով ապացուցել այդ մէկը եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: Դեսպանը յայտնեց, որ Հունգարիան կը պահպանէ իր չէզոք դիրքը եւ չի միջամտեր այս տագնապին: Հայ Դատի ներկայացուցիչը պատասխանեց, որ Հունգարիան արդէն միջամտած է` այս խայտառակ արարքով:
Սպանիոյ հայութիւնը եւս բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մատրիտի մէջ գտնուող Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ: Ցուցարարները պաստառներ բարձրացուցած էին եւ արտասանուած խօսքերու ճամբով իրենց վրդովմունքն ու բողոքը կ՛արտայայտէին տեղի ունեցած ամօթալի արարքին առնչութեամբ: Անոնք Հունգարիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէին ընդունիլ իրենց գործած մեծ սխալը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի Հունգարիան վերագտնէ ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկրի իր բարի համբաւը:
Ցուցարարները համապատասխան բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին դեսպանատան: Սպանիոյ մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսը ընդունեց ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ իր երկրի կառավարութեան անունով ափսոսանք յայտնեց, որ Ատրպէյճան դրժեց մարդասպանը ազատ չարձակելու իր խոստումը:
Նշենք, որ ցոյցին մասնակիցները դեսպանատան շրջակայքը գտնուող օտարներուն բաժնեցին թռուցիկներ:
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը եւս բողոքագիր մը յանձնեց Իտալիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպանին, Իտալիոյ տարածքին վրայ գտնուող Հունգարիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, իտալական մամուլին ու քաղաքական հաստատութիւններուն: Բողոքագիրին մէջ կը հաստատուի, որ ոչ ոք կը սպասէր կամ կրնար երեւակայել, որ Հունգարիոյ նման ժողովրդավար եւ քաղաքակիրթ պետութիւն մը ոտնակոխ ընէր մարդկային իրաւունքն ու արդարութիւնը. ասիկա նախատինք է 26-ամեայ երիտասարդին յիշատակին, որ վայրագօրէն սպաննուեցաւ առանց յանցանք ունենալու, պարզապէս որովհետեւ հայ էր… ու ասոր համար ալ ատուած ատրպէյճանցիներէն: Բողոքագիրին մէջ նշուած է Հունգարիոյ կառավարութեան արդարացումը, թէ “Ատրպէյճան խոստացած էր, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը“, հաւատալի չէ, այլ մանաւանդ ծիծաղելի կը թուի, այն աստիճան, որ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պարտք նկատեց արտայայտել իր անհամաձայնութիւնը` դէպքին եւ Հունգարիոյ պետութեան նկատմամբ: Տեղական զանազան թերթեր թարգմանը լայնօրէն անդրադարձան Հռոմի ու Իտալիոյ հայերու զգացումներուն` անդրադառնալով դէպքին, մէջբերելով բողոքագիրի բովանդակութիւնը: Հռոմի Հայ համայնքը մտադիր է հարցը ներկայացնել նաեւ իտալական ազգային ժողովին` որակելով արարքը “բռնաբարում միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան սկզբունքներուն“:
Կիպրոսի մայրաքաղաք` Նիկոսիոյ մէջ հունգարական դեսպանատան առջեւ Սեպտեմբեր 5-ի կէսօրին տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց` կազմակերպուած կիպրահայ երիտասարդութեան կողմէ:
Բողոքողները պաստառներով եւ յունարէն, անգլերէն, հունգարերէն վանկարկումներով ամբողջ ժամ մը իրենց ցասումը յայտնեցին մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման համար, որուն պատասխանատու նկատեցին հունգարական կառավարութիւնը:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին երեք համահայկական կուսակցութիւններու Կիպրոսի մարմիններուն ներկայացուցիչները բողոքի նամակ մը յանձնեցին դեսպան Պալաչ Պոթոսին, որ անձամբ դուրս եկաւ դիմաւորելու ցուցարարները: Ան ցաւ յայտնեց պատահածին համար եւ խոստացաւ բողոքի նամակը անմիջապէս փոխանցել իր կառավարութեան:
Ապա դեսպանին յայնձնուեցաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Կիպրոսի վարչութիւն, Հ.Յ.Դ.-ի Կիպրոսի կոմիտէին, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կիպրոսի Վարիչ մարմինին կողմէ ստորագրուած նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր, թէ Հունգարական Հանրապետութեան անբարոյ այս ընթացքը եւ Ատրպէյճանի կողմէ աղաղակող ոտնահարումը` միջազգային եւ Եւրոպական Միութեան օրէնքներու, պատճառ դարձած են, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, ոտքի ելլէ` ուժգնօրէն բողոքելու Հունգարիոյ կառավարութեան դէմ, պահանջելով անկէ, որ ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ յետս կոչելու համար անարգ ներումը, որպէսզի ոճրագործը վերադառնայ բանտի այն խուցը, ուր ան պարտի ըլլալ:
Կիպրահայ երիտասարդութեան բողոքի ցոյցին լայնօրէն անդրադարձան տեղական թերթերն ու հեռատեսիլի կայանները: Հունգարիոյ ներկայացուցիչին նմանօրինակ բողոքի նամակ մը յանձնած էր նաեւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը` Վարդգէս Մահտեսեան: Այս վերջինը նամակով մը հարցը Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի ուշադրութեան յանձնեց` պահանջելով, որ ան, որպէս Եւրոմիութեան նախագահող երկրի խորհրդարանի նախագահ, անհրաժեշտ քայլերու դիմէ Հունգարիոյ առած ամօթալի քայլին կապակցութեամբ:
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ, համախմբուեցան հայ համայնքի զաւակները` բողոքելով Ռամիլ Սաֆարովի առնչութեամբ տեղի ունեցած ամօթալի արարքին դէմ: Պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ դեսպանին կողմէ, որ ստանձնեց բողոքի մասնակիցներուն ցասումն ու պահանջը բովանդակող նամակ մը: Հունգարիոյ դեսպանը իր խոր ափսոսանքը արտայայտեց եւ ներողութիւն խնդրեց իր կառավարութեան անունով: