ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԸ ՓԱԿԵՑ ԿԱՊԱՆ – ԳՈՐԻՍ ՃԱՄԲԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 25-ի կէսգիշերուան ժամերուն, Ատրպէյճանի զօրքերը փակեցին Կապան-Գորիս միջպետական ճանապարհի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը։ Աշխատանքներ կ՚իրականացուին ճանապարհը բանալու մարդոց ու փոխադրամիջոցներու տեղաշարժի բնականոն ընթացքը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները հրապարակեցին Սիւնիքի մարզի իրավիճակին վերաբերեալ այս զգայացունց տեղեկութիւնները եւ կոչ ուղղեցին հանրային կարծիքին՝ հետեւիլ միայն պաշտօնական լրահոսին։

Մայիս 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի բանակը զանազան հատուածներէ խախտած է Հայաստանի սահմանը։ Զգայացունց, գայթակղեցուցիչ այս իրավիճակին մէջ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը ցարդ բաւարար չեն եղած կացութիւնը հարթելու համար։

«Պատիւ ունիմ» ընդդիմադիր խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար երեսփոխան Արթուր Վանեցեանն ալ խորհրդարանի ամպիոնէն այս առաւօտ ըսաւ. «Թշնամին փակած է մեր միջպետական ճանապարհը։ Պաշտպանութեան նախարարը կ՚ըսէր՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը նոյնիսկ 1 սանթիմեթր խախտեն, ուժ պիտի կիրառուի։ Մեր ճանապարհը մեր ինքնիշխան տարա՞ծքն է, թէ ոչ»։ Նկատի ունենալով, որ ներկայիս խորհրդարանը կը քննարկէ կառավարութեան ծրագիրը եւ դահլիճին մէջ ներկայ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արթուր Վանեցեան նշեց. «Կ՚ուզէի՝ իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնար այս հարցին՝ ըսելով, որ ի վերջոյ ի՞նչ փաստաթուղթով կը կարգաւորուի Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի կարգավիճակը»։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներէն Աննա Գրիգորեան ստեղծուած իրավիճակին ահազանգելով ըսաւ. «Այս իշխանութիւնը մեր բոլորի թիկունքին առանձին յուշագիր ստորագրելով՝ Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհը, Կապան-Ճակատէն ճանապարհը յանձնած է թշնամիին»։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զինեալները շրջափակման մէջ թողած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները։ Միայն ռուս սահմանապահներու միջնորդութեամբ կարելի եղած է զանոնք շրջափակումէ դուրս բերել։ «Ի վերջոյ, կարողացա՞ք ապահովել Սիւնիքի անվտանգութիւնը», հարց տուաւ Աննա Գրիգորեան։ Իշխանութիւններուն խօսք ուղղելով ան շարունակեց. «Ի վերջոյ կը հասկնա՞ք, թէ այսպէս խաղաղութիւն չեն կառուցեր։ Պարտութեան կուսակցութիւնը չի կրնար արժանապատիւ խաղաղութիւն բերել, այլ՝ միայն նուաստացում»։

Խորհրդարանի բեմահարթակէն հանդէս եկաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ընդդիմութեան կողմէ հնչեցուած ահազանգներուն ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ պէտք չէ ակնկալել՝ թէ Հայաստանի պարագային կարճ ժամանակի մէջ իրավիճակը պիտի կայունանայ։ Ըստ վարչապետին, Հայաստան պէտք չէ խաղաղութեան օրակարգէն շեղի եւ այս ընթացքին անհրաժեշտ է շատ ամուր ջիղեր ունենալ՝ դիմադրելու համար սադրանքներու։

Նշենք, թէ Արցախի դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ Մարտակերտ քաղաքէն ներս, բնակարանի մը մէջ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի զինուոր մը ու ձերբակալուած։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles