«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ».- «FAMILY OF SHADOWS» ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԿԱՐԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

Հոկտեմբեր 2ին, Նիւ Եորքի Համազգայինի կազմակերպութեամբ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ  ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ նոր հրատարակուած »Family of Shadows« գրքի  երիտասարդ հեղինակ՝ Կարին Յովհաննիսեանի հետ:

Համազգայինի ատենապետ  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, հակիրճ յառաջաբանէ մը  ետք ներկայացուց հեղինակը:  Կարին Յովհաննիսեան ծնած է Ամերիկա: Շրջանաւարտ է UCLA համալսարանէն: Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գոլոմպիա համալսարանի լրատուական բաժնին մէջ: Ֆուլպրայթ կրթաթոշակով այցելած է Հայաստան: Ներկայիս,  մերթ Երեւան կը բնակի, մերթ Լոս Անճըլըս: Հայկական նիւթերու մասին իր գրութիւնները լոյս տեսած են՝  LA Times, Christian Science Monitor, Chicago Tribune, Newsday, The Armenian Observer and AGBUÿs Literary journal,  Ararat.  Ծոռն է Եղեռնէն ազատած Գասպար Յովհաննիսեանի, թոռը  հանրածանօթ պատմաբան Րիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ զաւակը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի, որու ներկայութեամբ, Մարտ 3, 1992ին, Հայաստան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամակցեցաւ եւ Եռագոյնը առաջին անգամ ծածանեցաւ Մ.Ա.Կ.ի շէնքին առջեւ :  Ապա Հ. Մարգարեան հրաւիրեց զինք իր նոր հրատարակուած գրքի մասին խօսելու:

Կարին Յովհաննիսեան մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեց իր եւ ներկաներուն միջեւ: Իր խօսքը անմիջական էր, անկեղծ ու անբռնազբօսիկ: Գիրքը կը պարփակէ մէկ դարու ոճիր, յուշեր  եւ երազներ: Սկսաւ իր մեծ հօր՝ Րիչըրտ Յովհաննիսեանի հօրմէն Գալուստ Յովհաննիսեանէ, որը  Եղեռնէն  ազատած եւ Ա.Մ.Ն. հաստատուած էր: Խօսեցաւ իր մեծ հօր Րիչըրտ Յովհաննիսեանէ կրած  իր ազդեցութիւնները մանկութեան եւ պատանեկան տարիներուն, ապա իր հօր՝ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի մասին, որը երկրաշարժէն անմիջապէս ետք իր մօր՝  Բժ. Վարդիթեր  Յովհաննիսեանի հետ Հայաստան գացած էր: Այդ այցելութիւնը իր մէջ վերջնականապէս հաստատած էր, Ա.Մ.Ն.ի հպատակութենէն հրաժարիլ, Հայաստան բնակիլ եւ ամբողջութեամբ նուիրուիլ Հայրենիքին:

Իր գրքէն ընտրած եւ ընթերցած հատուածները դիպուկ էին եւ յուզիչ: 

Հեղինակը հաճոյքով պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ սիրայօժար մակագրեց վաճառուած գրքերը :

 Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles