
Մարիա Շամլեան-Եփրեմեան

Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ «Երազ» պարախումբը տօնակատարեց իր հիմնադրութեան տասնամեակը ելոյթ ունենալով Դեկտեմբեր 6, 2009-ին, շրջանի Քուինզ Պորօ դպրոցի սրահին մէջ: Ներկայ էին Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ Տէր Նարեկ քհնյ. Թռթռեան, եւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լաքիսեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյս հոգաբարձուները եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները: Սրահը լեցուն էր հայ երգն ու պարը սիրող եւ քաջալերող հանդիսականներով:
«Երազ» պարախումբը հիմնադրուած է 1999-ի Սեպտեմբերին՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի ջանքերով եւ օրհնութեամբ: Սկսած է 11 պարողներով: Ղեկավար եւ գլխաւոր պարուսոյց՝ Տիար Գառնիկ Ներսէսեանի եւ օգնական Տիկին Լենա Օրանճեանի հսկողութեան տակ, կանոնաւորաբար շարունակած է իր փորձերը: Հետզհետէ, հայ երգն ու պարը սիրողներուն թիւը բազմացած է եւ ներկայիս հասած 90 երկսեռ պարողներու, ընդգրկելով զանազան տարիքի մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Երեկոն սկսաւ Ամերիկեան եւ Հայկական զոյգ քայլերգներով կատարողութեամբ յայտնի երգչուհի Անոյշ Բարքլիի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Պատալեանի:
Ապա անսպասելի ալիք մը մեր հայրենի հողէն ու լեռներէն սրահը ողողեց: Մեր սիրելի նազանի աղջիկներն ու արի պատանիները , հայ պարը մատուցին հանդիսատեսներուն, հարազատութեամբ, հոյակապ տրամադրութեամբ , ինքնատիպ ոճով եւ աւիւնով եւ ոչ մեքենական շարժումներով: Երբեմն հեզաճկուն ու նազելի, երբեմն կրակոտ ու հմայող, հայ պարի նրբութիւնները կը դրսեւորէին: Ստեղծագործութեան ծաղկումը՝ պարողները հանդիսատեսներու խանդավառ ծափերու կշռոյթով շարունակեցին յայտագիրը ամբողջ երկու ժամ առանց յոգնութեան նշոյլ արտայայտելու, առանց պարի թափն ու եռանդը դանդաղեցնելու:

Անսահման հրճուանք զգացի այդքան մեծ թիւով պարմաններ ու պարմանուհիներ տեսնել բեմին վրայ որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս օտար ափերուն ծնած ու մեծցած սերունդ է: Անոնք ժողովրդական ու արդիական տարազներով եւ իրենց յատուկ ոճով երգի ու պարի ընդմէջէն խիստ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Տարբեր տարիքի 90 պարողներ ամիսներ շարունակ իրենց դպրոցական պարտականութիւններու կողքին ժամանակ տրամադրած էին կանոնաւոր ու յարատեւօրէն պարի փորձերուն ներկայ ըլլալ որպէսզի այս բացառիկ գեղարուեստական երեկոն՝ ՀԱՅ ՊԱՐԸ լաւագոյն կերպով ներկայացնեն հանրութեան եւ որուն արդիւնքը վայելեցին ներկայ եղող ծնողները եւ բոլոր հանդիսականները:
Ամիսներ շարունակ հոյակապ տրամադրութեամբ , ինքնատիպ ոճով պարողներ մէկ յարկի տակ հաւաքել, անոնց աղմուկները լսել, անոնց կարգապահութիւն սորվեցնել, իրապէս մեծ զոհողութիւն կը պահանջէր պարուսոյցներէն եւ գեղարուեստական ղեկավարէն:
Սահմանափակ նիւթական պայմաններու մէջ, 90 պարողներու տարազներ ընտրելը, ձեւաւորելը, եւ կարելը , մեծ աշխատանք է եւ հոգնեցուցիչ: Սակայն այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթայարուեցան ծնողաց յանձնախումբի աշխատանքով եւ համագործակցութեամբ, ատենապետուհի Տիկին Անի Ներսէսեանի ղեկավարութեամբ: Վարձքերնիդ կատար :
Յայտագրի առաջին մասին յաջորդաբար ներկայացուեցան «Բերդ», «Հօբնինօ», «Ուզունտարա», «Շալախօ» պարերը՝ մենապար Մէյրի Յակոբեանի կատարողութեամբ, ապա երաժշտութիւն մը «Կռունկ»՝ կատարողութեամբ ջութակահար Տիանա Վասիլեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիգրան Տումանեանի:

Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ ծափերու պարը, հարսնացուներու պարը, մենակատարներ՝ Ժուլիէթա եւ Մարկարիթա Անանեաններ, պարտէզի պարը, մենակատարներ՝ Մարիա Ներսէսեանի եւ Հենրի Տումանեանի կատարողութեամբ, «Հայոց Եղնիկ» պարը, մենակատարութեամբ՝ Անի Մաթէւոսեանի:
«Մուսայ Լեռ» պարով աւարտին հասաւ յայտագրի առաջին մասը: Հոս նշենք թէ փոքրիկները 7-13 տարեկան էին եւ մեծամասնութիւնը առաջին անգամն էր որ բեմ կը բարձրանային, եւ իրենց գունազարդ հագուստներով եւ խանդավառութեամբ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին հանդիսատեսներուն: Ապրիք փոքրիկներ, կը յուսանք յաջորդ տասնամեակին ձեզ կրկին կը վայելենք երբ դուք փորձառութիւն ձեռք բերելով կը դառնաք աւելի համարձակ պարողներ:
Կարճ դադարէ մը ետք սկսեցաւ յայտագրին երկրորդ մասը ուր հրամցուեցան հետեւեալ պարերն ու ասմունքը: «Մոմերու Պար», որ նուիրուած էր տասնամեակի առթիւ ուր սքանչելի ձեւով գրեցին «թիւ տասը» մոմերու խորհրդաւոր լոյսերու մէջէն: Ետքը յաջորդեց «Սարդարապատ» եւ «Կակաչներ» պարերը, ապա ասմունք՝ կատարողութեամբ՝ Սօնա Գէւորգեանի: Յայտագրին յաջորդեց «Սահար»ի պարն ու «Երեւանի Աղջիկներ» պարը: Մենակատարներն էին Անի Մաթէոսեան եւ փոքրիկն Սալբի Քէչէլեան: Ապա յաջորդաբար մենապարերով, ելոյթ ունեցան «Հովիւներ» (մենակատար՝ Մարիամ Պանտոյեան) , «Իլիկներու Պար» (մենակատար փոքրիկն Դանիա Օրանճեան) , «Արցախի պար» (մենակատար՝ Տիանա Էճուրեան): Նաեւ կատարուեցաւ մեներգ,կատարողութեամբ Ծովինար Աղաւեանի («Կարմիր Գինի») եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսինէ Պատալեանի: «Արտաշատի Պար»ով վերջ գտաւ ելոյթը:
Յայտագրի վերջաւորութեան, բուռն ծափահարութիւններով բեմ բարձրացան իննիսուն պարողներն ու պարուսոյցներ Գառնիկ Ներսէսեան եւ Լենա Օրանճեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին խումբի բոլոր անդամ -անդամուհիներուն, եւ օգնական պարուսոյց Տիկին Լենա Օրանճեանին, ծնողներուն եւ Անի Ներսէսեանին իր տարած համադրական մեծ աշխատանքին համար:Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելու:
Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, «Երազ» պարախումբի հանդէպ տարած իրենց ուշադրութեան եւ յարատեւ խնամքին համար եւ բարձրօրէն գնահատեց պարուսոյցները, իրենց անսակարկ նուիրումին եւ համբերատար աշխատանքներուն համար: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհի տիկին Անի Ներսէսեանի եւ ընդհանրապէս բոլոր ծնողներուն, որոնք զօրավիգ կանգնելով կը քաջալերէն այս ազգօգուտ առաքելութիւնը : Ապա խօսքը ուղղելով պարողներուն ըսաւ-«Ուրախալի է տեսնել Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Երազ պարախումբը, որ երազի նման ծնունդ առաւ բայց դարձաւ իրականութիւն եւ հասաւ իր արժանի բարձրութեան: Ապրի’ք, սիրելի տղաք ու աղջիկներ հազար ապրի’ք եւ յուսանք օր մը բախտը ունենաք ձեր պարերով դղրդացնել մեր որբացեալ Կարսն ու Անին եւ մինչեւ անգամ ալեկոծել …Վանայ ջուրերը»: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ, Արժ. Տէր Նարեկ քհնյ. Թռթռեանը, որ շնորհաւորեց պարախումբին տասնամեակը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Ելոյթի աւարտին հետեւեալ պարողները, որոնք պարախումբի հիմնադրութենէն ի վեր, անցնող տասը տարիներուն ընթացքին յարատեւ մաս կազմած են պարախումբին, ստացան յատուկ յուշանուէրներ առ ի գնահատանք, ձեռամբ Արժ. Տէր Նարեկ քհնյ. Թռթռեանի.- Աննա Էզհուրեան, Տիանա Էզհուրեան, Պաղտասար Թիւրպէնտեան, Ճէսիքա Մինասեան, Մէյրի Յակոբեան, Մարիա Ներսէսեան, Յակոբ Ներսէսեան, Սամսոն Շաքարեան, Մարիամ Պանտոյեան, Էմմա Պիրամեան, Շանթ Սիմոնեան:
Ապրի’ք տղաք, դուք էք ապագան պահպանելու եւ տարածելու հայկական պարը: Հանդիսատեսները մեծ հաճոյքով դիտեցին ձեզ, ծափահարեցին ձեզի հիացմունքով, զարմանքով ու յուզումով:
Նշենք թէ, Գառնիկ Ներսէսեան տեղեկացուց թէ երիտասարդներ՝ Շանթ Սիմոնեան եւ Մարիա Ներսէսեան ստանձնած են պարուսոյցի պաշտօն:
Վարձքերնիդ կատար եւ նորանոր յաջողութիւններով տօնախմբենք ձեր յաջորդ տասնամեակը: