ՓՐԱՒԻՏԵՆՍԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ» ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
Փրաւիտենսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք 24 Յուլիսէն մինչեւ 2 Օգոստոս մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական 13-րդ բանակումին, իրենց ծնողներուն հետ այցելեցին Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած եւ Երեւանի մէջ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակը։ Մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամ՝ Յասմիկ Փարսադանեան, սկուատներուն հետ ուսապարկ մը եւ 300-ական տոլար բաժնեց 20 ծնողազուրկ երեխաներու։ Անոնք խօսեցան դպրոցական իրենց աշխատանքին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեան, տեղեկութիւններ տուաւ որբերու ծրագրի եւ կազմակերպութեան մշակութային ծրագիրներուն մասին։ Յակոբ Խաչատուրեան՝ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան, ինչպէս եւ Փրաւիտենսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, հակիրճ կերպով խօսեցաւ կազմակերպութեան ու մասնաճիւղին, ինչպէս եւ անցեալ տարուան ի նպաստ որբերուն դրամահաւաքին մասին՝ Գոհաբանութեան տօնին առիթով։
Այցելուները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան մարդասիրական ջանքերուն համար։

