Յօդուածներ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Գէորգ ՊետիկեանԱյս օրերուն ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն ենք։ Մէկ խօսքով՝ դպրոցական վերամուտ։ Սա նաեւ կը նշանակէ վերադարձ դէպի վարժարան, իսկ հայ աշակերտին համար՝ հայ դպրոց: Նոր պատեհութիւն։ Տարբեր ուրախութիւն եւ հպարտանք: Այս բոլորը կը տեսնենք եւ կը զգանք։
Որովհետեւ, իբրեւ հայեր, մանաւանդ սփիւռքահայեր, մեզի համար հայ վարժարանը, ոչ միայն հայ աշակերտին երկրորդ տունը նկատած ենք, այլ՝ իբրեւ հիանալի եւ հարազատ պատմական կառոյց, եւ նոյնքան ալ հայ ընտանիքը յիշեցնող՝ հաճելի, տաքուկ եւ իմաստալից համալիր:
Ինծի ու անկասկած, բոլորիս համար ալ, վերամուտը խանդավառիչ, յուզիչ ու հպարտանք առթող երեւոյթ մը ըլլալէ չի դադրիր: Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ է դպրոցներու վերաբացման առաջին օրն իսկ տեսնել, եւ դիտել հայ աշակերտին կրկին ներկայութիւնը հայ վարժարանի սեմին։
Հաճելի իրարանցում։ Յուզումնալի մթնոլորտ։ Մասնակի եւ եռակողմանի-ծնողք, աշակերտ- ուսուցիչ- տնօրէն ծանօթացման կրկին նոր առիթ։ Ողջագուրում։ Տօնական շքերթ երեւոյթ եւ տակաւին շատ բաներ…։
Բոլորս ալ անկասկած անցած ենք այդ «ճամբայէն»։ Ապրած ենք այդ սիրելի մթնոլորտը։ Ի տես այս բոլորին, վայրկեանին եւ ինքնաբերաբար յիշելով, իբրեւ զգայուն մարդ անհատ՝ «կը մանկանաս»: Ինքնածին, կը փոխուիս։ Թերեւս կը յուզուիս։ Որովհետեւ…հայ վարժարան… հայ աշակերտ…հո՛ս ուրիշ աշխարհ է … ուրիշ է. ե՛ւ Ժպիտ, ե՛ւ յուզում, ե՛ւ հպարտանք առթող աշխարհ: Որովհետեւ, հայկական վարժարաններու վերամուտը, գեղեցիկ երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ ուրիշ «բաներ» ալ ունի պահուած իր ետին։ Երեւոյթներ եւ յատուկ թելադրանքներ: Ան նաեւ ունի որոշ եւ յստակ յանձնառութիւն: Հոն, ո՛չ միայն հայ աշակերտին միտքը գիտութեան լոյսով կը կոփուի, այլ նաեւ ազգային բարոյական արժէքներով ալ, որոնց շնորհիւ կը պատրաստուի վաղուան գիտակից հայն ու տիպար քաղաքացին:
Ու այս առթիւ, առաջին իսկ հերթին, մեր աչքին առջեւ կը պարզուի մեր հայ ծնողներու գերագոյն զոհողութիւնը, ազգի ապագային նկատմամբ անոնց ունեցած գիտակցութիւնն ու բծախնդրութիւնը։ Իրենց զաւակները հայ վարժարան առաջնորդող հայ մայրերու եւ հայրերու վարդագոյն երազներն ու սրտի գոհունակութիւնը։
Այս բոլոր տեսարանները հպարտանքի կողքին, նաեւ մեզի կը նետեն անխուսափելի հարցերու գիրկը, որոնք կը սահմանափակուին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիրակու-թիւն պիտակին տակ, մեր ազգային դարաւոր ինքնութիւնը պահելու մարտահրաւէր-ներով շաղախուած, մեր զաւակներուն եւ կամ թոռներուն նոր եւ արդի դասագիրքեր հրամցնելու եւ օժտելու անհրաժեշտութիւններու հրամայականներով, եւ արդի մեթոտներով դասաւանդելու եւ ուսուցանելու էակութիւններով միատեղ։
Ասոնք, հարցեր են մտահոգութեան աստիճանի չափ, որոնք բացի անտարբերութիւններէ կարիքը ունին «ամէն» բանի։
Հարցեր…մատնանշեցի, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան, անոր իւրայատուկ եւ նոյնքան ալ անոր ազգային ջիղին, որ ուրիշ վարժարաններէն ներս կարելի չէ նոյնիսկ հանդիպիլ, տեսնել եւ կամ ակնկալել։
Հայ դպրոցէն ներս է, որ հայ նոր սերունդը, կամ պարզ խօսքով հայ աշակերտը պիտի պատրաստուի վաղուան գիտակից հայուն, տիպար եւ առաքինի քաղաքացիի եւ հայու ինքնութեամբ հպարտ հայորդիին։
Ու այս օրերուն վերամուտ:
Նաեւ ըսինք, որ վերամուտը կ’ենթադրէ նոր շրջան եւ նոր առիթ՝ վերսկսելու հոգեկան եւ մտային նոր պատրաստակամութեամբ հունի մը մէջ մտնելու հրաւէրին կողքին։
Ու ամէնէն էականը…հայ աշակերտը հայ դպրոցէն ներս է, որ իր հայրենքէն հեռու, իր հայրենիքով պիտի ապրի։
Այս բոլոր տողերը հաւատարիմ ընթերցողներուն համար, նորութիւններ չեն։ Հայ մամուլի սիւնակները յոգնած են ամէն վերամուտի նման պարբերութիւններ հրամցնելով իրենց էջերու ճակտին։ Բայց եւ այնպէս, պարզապէս յիշեցում մը կարծեմ աւելորդ պէտք չէ նկատել։
Ու պատիւ իրենց, սփիւռքներու տարածքներուն, հազարաւոր հայ ծնողներ գիտակցելով հայ վարժարանի ընձեռած առաւելութիւններուն, իրենց զաւակները հայ վարժարան կը ղրկեն, առանց անդրադառնալու որ միաժամանակ սատար կը հանդիսանան նոյն այդ հայ վարժարանի կեանքի «արեւշատութեան» եւ բարգաւաճ-ման, վերելքին, եւ գոյատեւման։
Հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող եւ անոր ցաւերը մորմոքող հայ ծնողները, ուրիշ անունով կարելի չէ որակել։ Անոնք բոլորն ալ մեզի համար մէկական ազգասէրներ են, որոնց կողքին անշուշտ կանգնած են միշտ այն «միւսները», անուանի եւ անանուն, յայտնի եւ անյայտ հայորդիները, որոնք նոյնպէս հաւատալով հայ վարժարանի մեծ առաքելութեան, նիւթապէս ու բարոյապէս իրենց նպաստը բերած են եւ տակաւին՝ անոր գոյատեւման ճիգերուն: Ամէն առիթով անոնք բոլորն ալ նեցուկ կանգնած ու քաջալեր հանդիսացած են, որպէսզի հայ վարժարանը, օտար այս նեղ պայմաններու մէջ շարունակէ իր գնացքը դէպի ապագայ:
Անոնք են որ յանուն հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան, շարունակած են օժանդակել հայ վարժարանը բարգաւաճման պահող աշխատանքներու ծրագրումներու իրականացման: Նիւթապէս եւ անսակարկ սատարած՝ ամէն առիթով, որպէսզի ոտքի եւ կանգուն պահուի հայ դպրոցը: Որովհետեւ, այս բոլոր բարերարները՝ անխտիր, հաւատացած են, որ «այն ինչ որ ազգին կու տան, ազգն է որ կը զօրացնեն»։
Բայց, ինչպէս միշտ, կայ եւ եղած է նաեւ դրամին միւս կողմն ալ։
Այսպէս, տակաւին տխուր երեւոյթ է տեսնել հայ վարժարաններէն, հայ դպրոցի շունչէն, անոր ազգային ջերմութենէն, անոր տաքուկ շրջափակէն զանազան յարգելի եւ ոչ պատճառներով հազարաւոր հայորդիներու զրկուածութիւնը։ Տխուր երեւոյթ։
Անոնք դուրս են ու կ’ապրին դժբախտաբար մեզի համար անապահով նկատուած մթնոլորտի մը մէջ։ Այս մասին, իբրեւ մեր բոլորին խղճի պարտք, մտածելը լրջութեան կը կարօտի։ Ահազանգէ մը աւելի է այս մէկը։ Ձեռնածալ պէտք չէ մնալ։ Առաջնահերթ հարցերու կողքին պէտք է դասել։ Այս մէկն ալ Հայ դատին մաս կը կազմէ… եւ աւելին՝ Հայ դատ ալ է։
Իսկ հիմա, այս բոլոր մտորումներէն ետք, երբ արդէն դպրոցական նոր վերամուտը սկսած է, եւ նոյնիսկ բոլոր հայ վարժարանները լծուած են նոր թափով աշխատանքի ու սիրով հանդիպած հին ու նոր աշակերտներու եւ սակայն անպայման ցաւելով՝ բացականերուն համար, մեզի կ’իյնայ սրտանց բարի մաղթանք մը հասցէագրել բոլորին.-
Բարի երթ եւ բարի վերամուտ:

