Պաքուի Բանտարկեալներու Խախտումներուն Վերաբերեալ Պատրաստուած Գանգատ

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- 21 Օգոստոսին, իրաւապաշտպան, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած է խմբային գանգատ` Ատրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնէն:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուի Ատրպէյճանի կողմէ 15 հայերու նկատմամբ իրականացուած «դատավարութիւններու» անհամապատասխանութիւնը Ուխտի 6-րդ յօդուածով երաշխաւորուած արդար դատաքննութեան իրաւունքին: Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ իրականացուած «դատավարութիւնները» կրած են շինծու եւ կանխորոշուած բնոյթ` զուրկ ըլլալով անկախ եւ անաչառ քննութեան հիմնարար երաշխիքէն: Միեւնոյն ժամանակ, զինուորական դատարանը չէ ունեցած քաղաքային անձերու վերաբերեալ գործեր քննելու եւ դատական որոշումներ կայացնելու համապատասխան իրաւասութիւն:
Գանգատը ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, հազարապետ-զօրավար եւ նախկին աւագ զինուորական հրամանատար Դաւիթ Մանուկեանի, դերզօրավար, Արցախի Պաշտպանական բանակի նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ Մադաթ Բաբայեանի, Գարիկ Մարտիրոսեանի, Լեւոն Բալայեանի, Դաւիթ Ալլահվերդեանի, Վասիլի Բեգլարեանի, Էրիկ Ղազարեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի եւ Մելիքսէթ Փաշայեանի վերաբերեալ:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուին նաեւ պաշտպանութեան իրաւունքի խախտման հարցեր: Մասնաւորաբար, 422 հատորէ եւ շուրջ 105 հազար էջէ բաղկացած գործի նիւթերուն մեծ մասը հասանելի չէ եղած պատշաճ թարգմանութեամբ: Պաշտպանական կողմի` գործի նիւթերուն ծանօթանալու, թարգմանութիւններ ստանալու, բաւարար ժամանակ եւ կարելիութիւններ ունենալու եւ պաշտպանեալներու հետ արդիւնաւէտ հաղորդակցելու պահանջները մերժուած կամ անհարկի ձգձգուած են:
Պաշտպանութեան իրաւունքի խախտումները շարունակուած են նաեւ «դատավճիռի» տրամադրման եւ ատոր բողոքարկման փուլին: Գերիներուն կարելիութիւն տրուած է միայն կարդալու «դատավճիռը», որուն վրայ չեն եղած պաշտօնական կնիք կամ ատոր իսկութիւնը հաւաստող այլ վաւերապայմաններ:
Այս պայմաններուն մէջ կարելի չէ եղած ստուգել` արդեօք ընթերցման համար ներկայացուած բնագիրը «դատավճիռի» ամբողջական ու վերջնական տարբերա՞կն է, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուած չէ եղած ատոր անփոփոխելիութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, «դատավճիռի» օրինակները ո՛չ գերիներու ընտանիքներուն, ո՛չ անվճար իրաւաբանական օգնութեան ծիրին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ նշանակուած փաստաբաններու տրամադրուած են. վերջիններուս հասանելի դարձած են միայն առանձին քաղուածքներ:
Հակառակ պաշտպանութեան իրաւունքի այս ակնառու սահմանափակումներուն, 6 օգոստոս 2026-ին վերաքննիչ դատարանը «դատավճիռն» ու ատով նշանակուած պատիժները ձգած է անփոփոխ` միջազգային ընտանիքին առջեւ բացայայտելով Ատրպէյճանի ներպետական իրաւական մեքանիզմներու համակարգային անարդիւնաւէտութիւնը` հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման հարցին մէջ:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուին նաեւ Ուխտի 7-րդ յօդուածով երաշխաւորուած` առանց օրէնքի յանցագործութիւն եւ պատիժ չըլլալու սկզբունքի խախտման հարցը: Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու զինուորական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը կամ զէնք կրելը ինքնին չեն կրնար նոյնացուիլ ահաբեկչական կամ այլ յանցաւոր գործունէութեան հետ եւ հիմք ծառայել քրէական պատասխանատուութեան համար` առանց իւրաքանչիւր անձի վերագրուող որոշակի յանցաւոր արարքի եւ անհատական մեղքի հաստատման:

