ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՐՈՒԻ

Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին երկար տարիներէ ի վեր յատուկ ծրագիր մը կը գործադրէ իր աշակերտներուն համար, երբ կը ձեռնարկեն համալսարանական ուսման, անոնց մատուցելով յատուկ ծրարներ։ Այս տարի, հոգաբարձութիւնը վերատեսութեան ենթարկեց այդ ծրագիրը։ Յատուկ ծրարներ ուղարկուեցան երկրորդականի շրջանաւարտներու եւ ներկայ համալսարանական ուսանողներու, որոնք աւարտած են եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ ու շաբաթօրեայ վարժարանները եւ Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը։
Իւրաքանչիւր ծրար կը պարունակէ քարտ մը հայկական խաչով եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի սիրալիր պատգամով, Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակած աղօթքի քարտեր, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կպչուն պատկերանիշը (logo) եւ սուրճի նուէր քարտ մը։ Յատուկ կապի քարտ ներառնուած էր, որպէսզի ուսանողները իրենց համալսարանական շրջանին կապուած մնան իրենց համայնքին հետ։
Անցեալ Օգոստոսին, բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցած էր այս ծրարներու պատրաստութեան՝ Ուաթըրթաուն այցելութեան ընթացքին, եւ խորապէս տպաւորուած էր հովիւի, հոգաբարձութեան եւ ծուխի կողմէ աջակցութեան այս աշխատանքէն։


