Որո՞նք Են Մայր Աթոռի Եպիսկոպոսները Եւ Ի՞նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան
Վերջին ամիսներուն, Հայաստանի մէջ զարգացող եկեղեցի–պետութիւն յարաբերութիւններու լարուածութեան եւ մրցակցութեան պատճառով, հայ հասարակութիւնը «Եպիսկոպոսաց Ժողով»-ի մասին աւելի շատ բան լսեց, քան երբեւէ անցեալին։ Շատեր առաջին անգամ ըլլալով տեղեակ եղան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նման մարմնի մը գոյութեան:
Այս փոքր ուսումնասիրութիւնը կու տայ համառօտ ծանօթացում մը՝ թէ ի՛նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եպիսկոպոսներու քանակական պատկերն ու հաւաքական դիմագիծը (profile)։ (1)
Եպիսկոպոսաց Ժողովը
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը միայն վարչական ժողով մը չէ, այլ հոգեւոր համախոհութեան, վարդապետական հսկողութեան եւ եկեղեցական կարգապահութեան մարմին մը։
Եպիսկոպոսաց Ժողովը կոչուած է պահպանելու Եկեղեցւոյ հաւատքի ուղղափառութիւնը, Սուրբ Աւանդութիւնը եւ դարաւոր կանոնական հաւասարակշռութիւնը: Կը գործէ ոչ թէ իբրեւ իշխանութեան կեդրոն, այլ իբրեւ համատեղ պատասխանատուութեան հարթակ։ (2) Ժողովը կը քննարկէ վարդապետական եւ բարոյական հարցեր, կը նպաստէ միասնական դիրքորոշման ձեւաւորման եւ կը գործէ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդակցական մարմին մը, մինչեւ Ազգային Եկեղեցական Ժողովի վերջնական քննարկումն ու որոշումը։
Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եպիսկոպոսներու դերը ունի իր պատմական եւ կանոնական արմատները։ Շահապիվանի ժողովի (5-րդ դար) կանոնները (3) կը վկայեն, թէ Եկեղեցին վաղ ժամանակներէն իսկ եպիսկոպոսութիւնը ընկալած է ոչ, թէ իբրեւ պատուոյ տիտղոս, այլ իբրեւ լրջագոյն եւ ծանր պատասխանատուութիւն։ Դարերու ընթացքին կազմուած Եկեղեցւոյ կանոները խիստ պատիժներ կը սահմանեն եպիսկոպոսներու վարքագիծին համար՝ ինչպէս կաշառակերութիւն, սիմոնականութիւն (եկեղեցական պաշտօնի կամ շնորհքի առք ու վաճառք) եւ իշխանութեան չարաշահման պարագաներ։ Եպիսկոպոսներ կրնային զրկուիլ իրենց աթոռէն, իշխանութենէն եւ քահանայական ծառայութենէն, ենթարկուիլ նիւթական տուգանքներու եւ հոգեւոր բացառման։ Նոյնիսկ լռութիւնը անարդարութեան դիմաց կը նկատուէր մեղսակցութիւն, իսկ կաշառքով մեղքի քողարկումը՝ կանոնական ծանր յանցանք։
Կանոնները կարեւոր սկզբունք կը բացայայտեն. եպիսկոպոսական իշխանութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ երբեք չէ ընկալուած իբրեւ անձնական գերիշխանութիւն, այլ իբրեւ ծառայութիւն Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի մարմինն է։ Եպիսկոպոսը կոչուած է ըլլալ ոչ միայն հովիւ եւ առաջնորդ, այլ նաեւ հաւատքի, բարոյականութեան եւ արդարութեան պատասխանատու պահապան։ (4)
Այս իմաստով, Եպիսկոպոսական Ժողովը, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Եկեղեցւոյ միասնութեան երաշխաւորն է․ ան կը միաւորէ թեմերը, կը կանխէ ինքնագլուխ գործելակերպերը եւ կը պահէ Եկեղեցին իբրեւ մէկ կենդանի մարմին, ոչ թէ առանձնացած իշխանութիւններու գումար։ Ան չի փոխարիներ Կաթողիկոսի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կամ թեմական առաջնորդներու կանոնական իշխանութիւնը, այլ կը գործէ անոնց հետ համատեղ՝ հոգեւոր հաւասարակշռութեան մէջ։ (5)
վիճակագրութիւն
Եպիսկոպոսաց դասի տարիքային բաշխումը
Եպիսկոպոսաց դասի տարիքային բաշխման տուեալները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ փորձառու եւ տարեց եպիսկոպոսները գերակշռող են։ Ամենամեծ խումբը, ընդհանուրին 30%-ը, կը կազմէ 60-ական տարիքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսները: Այս կը վկայէ, որ կազմին գրեթէ մէկ երրորդը կը մօտենայ հանգստեան տարիքի։
Միջին սերունդը կը գտնուի 40-ական եւ 50-ական տարիքի մէջ՝ ներկայացնելով հաւասար բաժիններ՝ իւրաքանչիւրը 23 տոկոս, եւ միասին կը կազմեն ամբողջ դասին 46%-ը, այսինքն եպիսկոպոսներուն գրեթէ կէսը կը գտնուի իր գործունէութեան բեղուն փուլին մէջ։
Միւս կողմէ, 70-էն վեր տարիք ունեցողները կը կազմեն զգալի բաժին մը՝ ընդհանուրին 25%-ը, ուր 16%-ը կը պատկանի 70-ականներուն, իսկ 9%-ը՝ 80-ականներուն, որ ցոյց կու տայ աւագ սերունդի կարեւոր ներկայութիւնը եւ անոնց կուտակուած փորձառութեան կարեւոր դերը։
Ընդհանուր վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը՝ 55%-ը, 60 տարեկանէն վեր է, այսինքն դասը մեծ մասամբ կը բաղկանայ բազմամեայ փորձառութիւն եւ երկար ծառայութիւն ունեցող եպիսկոպոսներէ։
Եպիսկոպոսաց դասի ծննդավայրերու պատկերը
Աշխարհագրական ծագումի վիճակագրութեան պատկերը ցոյց կու տայ, որ Եպիսկոպոսներուն գրեթէ կէսը՝ 49%-ը, ծնած է Հայաստան, ուր Մայր Հայրենիքը կեդ-րոնական դեր դեր կը խաղայ որպէս հոգեւորականութեան հիմնական աղբիւր։ Միեւնոյն ժամանակ, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ծնած եպիսկոպոսները կը կազմեն շատ մեծ բաժին մը՝ 40%, հաստատելով յատկապէս Միջին Արեւելքի աւանդական հայկական համայնքներուն երբեմնի կենսական դերը հոգեւորականներու պատրաստութեան կարեւոր գործին մէջ։
Նկատի ունենալով վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու նօսրացումը, Հայց. Եկեղեցւոյ առջեւ կանգնած մեծ հարցերէն մէկը այն է, թէ յառաջիկայ տասնամեակներուն սփիւռքի ո՞ր համայնքները հոգեւորականներ պիտի հայթայթեն:

Եպիսկոպոսաց դասի կրթական մակարդակը
Ըստ տուեալներու, 57 եպիսկոպոսներէն 30-ը ճեմարանական ուսումէն անդին բարձրագոյն ուսման տիտղոսներ ունի (Մագիստրոս կամ Դոկտորական): Մեծագոյն խումբը կը կազմեն մագիստրոսի աստիճան ունեցող եպիսկոպոսները, որոնք կը ներկայացնեն ընդհանուրին 32%-ը։ Դոկտորական աստիճան ունեցողները կը կազմեն 14%: Անոնց կը յաջորդեն գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան ունեցողները՝ 7%, որոնք կը լրացնեն ընդհանուր գիտական պատկերը։ Այս բաշխումը կը պարզէ, որ Եպիսկոպոսաց դասին 53%-ը ունի բարձրագոյն գիտական աստիճաններ (մագիստրոս, դոկտոր կամ թեկնածու), ինչ որ կը շեշտէ կազմին լուրջ գիտական ներուժը։ Բարձրագոյն տիտղոս ունեցողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր ուսումը ստացած է եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարաններու մէջ:
Եպիսկոպոսական պաշտօններու բաշխումը
Եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցին մէջ եպիսկոպոսներուն պաշտօններու բաշխումը ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը՝ 58%-ը, կը վարէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօն։ Իսկ դասին 39%-ը ներգրաւուած է վարչական կամ եկեղեցական այլ պատասխանատուութիւններու մէջ: Եպիսկոպոսաց դասին մէջ կան երկու (4%) պատրիարքներ՝ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ։
Առանձնապէս ուշագրաւ է թեմակալ առաջնորդներու նշանակման ձեւը, որ կը բացայայտէ կառավարման որոշ ձեւաչափ մը։ Վիճակագրութիւնը կը ցոյց տայ, որ առաջնորդներու 64%-ը նշանակուած է ուղղակիօրէն Կաթողիկոսին կողմէ, մինչ միայն 36%-ը ընտրուած է թեմական մակարդակով: Պարզուած ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցւոյ կառոյցը կը բնորոշուի խիստ կեդրոնացումով:
Եպիսկոպոսական ծառայութեան ժամանակաշրջանը
Այս տուեալները կը ներկայացնեն եպիսկոպոսներու փորձառութեան մակարդակը՝ հիմնուած անոնց ձեռնադրութենէն ի վեր անցած տարիներուն վրայ, եւ կը բացայայտեն կայուն, երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող նուիրապետական կազմի մը պատկերը։ Ամենամեծ խումբը կը կազմեն այն եպիսկոպոսները, որոնք 10+ տարուան ծառայութիւն ունին, որոնք կը ներկայացնեն ընդհանուրին 32%-ը, այսինքն՝ գրեթէ մէկ երրորդը արդէն ունի աւելի քան տասնամեայ փորձառութիւն այս բարձրագոյն աստիճանին մէջ։ Անոնց կը յաջորդեն 20+ տարուան ծառայութիւն ունեցողները՝ 26%, որոնք կը ներկայացնեն աւելի տարիքոտ եւ փորձառու սերունդը՝ երկու տասնամեակէ աւելի ծառայութեան պատմութեամբ։ Նոր ձեռնադրուած եպիսկոպոսները, որոնք ընդամէնը 1-2 տարուան փորձառութիւն ունին, կը կազմեն 18%: Այս պատկերը կը լրացնեն ամենէն փորձառու աւագ ծառայողները, որոնց 16%-ը ունի երկարամեայ ծառայութեան վաստակ, ուր 11%-ը ունի 30+ տարուան, իսկ 5%-ը՝ 40+ տարուան եպիսկոպոսական ծառայութիւն։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու ժամանակագրութիւնը
Այս տուեալները կը բացայայտեն, թէ ո՛ր տասնամեակներուն տեղի ունեցած են ներկայիս գործող եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւնները: Առանցքային է 2010-ական տասնամ-եակը, երբ ձեռնադրուած են գործող եպիսկոպոսներու 39%-ը, որ կը վկայէ, թէ վերջին
10–15 տարիներուն, նոր սերունդ մը մուտքով, զգալիօրէն թարմացած է եկեղեցական վերնախաւը։ Անոր կը յաջորդեն 2000-ական թուականները, երբ ձեռնադրուած է դասին 23%-ը, այսինքն այն եպիսկոպոսները, որոնք այսօր ունին միջինէն բարձր փորձառութիւն՝ մօտաւորապէս 15–25 տարուան ծառայութեան ճանապարհ անցած։ Նաեւ զգալի բաժին մը՝ 21%-ը, ձեռնադրուած է 1990-ական թուականներուն, Հայաստանի անկախութեան առաջին տասնամեակին, որ պատմական կարեւոր շրջադարձ էր եկեղեցւոյ վերակազմա-կերպման համար։
Այս պատկերը կը լրացնէ աւագ սերունդը, որ կը ներկայացնէ 1980-ականներուն եւ աւելի կանուխ ժամանակաշրջաններուն ձեռնադրուած եպիսկոպոսները։ Ընդհանուրին 17%-ը կը պատկանի «Խորհրդային շրջանի» կազմին, ուր 12%-ը ձեռնադրուած է 1980-ականներուն, իսկ 5%-ը՝ 1970-ականներուն, եւ անոնք կը մարմնաւորեն նախորդող տասնամեակներու հոգեւոր աւանդութիւնը, յիշողութիւնը եւ պատմական փորձառութիւնը։
* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան՝ հասարակաբան, սփիւռքագետ եւ համալսարանական դասախօս (wwwhratch.info)։
____
- Օգտագործուած աղբիւրներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծիսական Օրացոյց 2025; Մայր Աթոռի կայքէջի վրայ զեկեղուած եպիսկոպոսներու կենսագրութիւնները:
- Ի դէպ՝ կաթողիկոսը կ’օծուի 12 (կամ առնուազն 3) եպիսկոպոսներու ձեռամբ, իսկ Կաթողիկոսը կ՛օծէ անհատ եպիսկոպոսներ։
- Շահապիվանի Ժողովի կանոները կը բաղկանայ 20 յօդուածներէ: Եպիսկոպոսի հետ առընչուող կանոներուն համար, տե՛ս, օրինակ, Ա, ԺԶ, եւ Ի յօդուածները: Հմմտ. Հ. Ն. Ակինեան, «Շահապիվանի Ժողովին Կանոները». Հանդէս Ամսօրեայ, Թիւ 4-12, 1949, էջ 79-170.
- Կանոնագիրք Հայոց. Ա. հատոր (1964), Բ. հատոր (1971). Աշխատասիրութեամբ Վազգեն Հակոբյանի. Հայկական ՍՍՌ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարակություն, Երեվան:
- Յակոբ Ներսոյեան, Դիտողութիւններ. «Կանոնադրություն Հայաստանեայց Եկեղեցու» Նախագիծի Մասին. Երուսաղէմ, 2001. Աւելի լայն շրջագիծի մէջ, Ներսոյեան կը բացատրէ (էջ 37)՝
«Կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսապետը պարզապէս առաջինն է հաւասարներու մէջ: Սուրբգրական անտարակուսելի հիման վրայ եպիսկոպոսապետը եպիսկոպոսական ժողովի գործադիր պետն է: Իրաւասութիւններ իրեն կը տրուին կամ կը ստանայ իբր այդ: Այս իրաւաութիւնները կը պատկանին եպիսկոպոսական դասուն, իմաստով մը փոխ տրուած կաթողիկոսին, գործածելու համար եպիսկոպոսական ժողովի բացակայութեան՝ այդ ժողովի կամքին եւ տնօրինութեանց համաձայն: Կաթողիկոսը ունի իր իրաւասութիւնները որպէս ներկայացուցիչը եպիսկոպոսական դասու ամբողջութեան, եւ իբր ա՛յդ իր որոշուները կ’առնեն ոյժ ուրիշ անհատ եպիսկոպոսի կամ որեւէ հաւատացեալի վրայ՝ այն իմասոտվ որ ամբողջութիւնը աւելի է քան իր մասերու կուտակումը: Եպիսկոպոսներէն մէկ աստիճան վեր կեցած ըլլալու սխալ համոզումին արմատրը պէտք է փնտռել ֆէոդալական կարգավիճակին մէջ:»

