Յօդուածներ

ՆԿԱՐԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ

Գէորգ Պետիկեան

Ճիշդ շաբաթ մը առաջ էր, երբ երկրորդ մանչ զաւկիս՝ Արամին հետ, երկար եւ յոգնատանջ աշխատանքէ մը ետք, վերջապէս, միասին կարողացանք տեղաւորել-կախել, ճիշդ գրասեղանիս դիմաց, սենեակիս պատերէն մէկը լման ծածկող, ինծի, իր նուիրած Արարատի հսկայ գծանակարը (4՝x 8՝):

Իսկ հիմա, դարձեալ առանձնացած, նստած եմ համակարգիչիս դիմաց ու չեմ գիտեր որքան ժամանակէ ի վեր կը դիտեմ, ինքնաճանաչմանս դռները բացող այդ մեծ ու ծանր նուէրը:

-Սքանչելի գծանկար,-կը կրկնեմ անզգալաբար,-հիանալի աշխատանք, եւ յիշատակելի նուէր: Ու կը փորձեմ յամառօրէն վերադառնալ հին երազներուս: Նաեւ կը փորձեմ հոգիս գրելով քակել: Կը վախնամ բառերէս, բայց կը շարունակեմ զինք դիտել:

Հիմա որ ինք իմ աչքերուս մէջն է, արդէն յափշտակուած եմ: Հիացած: Դիմացս է ան, պատէն կախուած սպիտակած իր գագաթով այդ «հսկան», որ կարծես կ’ուզէ ինքն ալ մասնակից դառնալ, եւ այս ձեւով իր արդար բաժինն ունենալ սենեակէս ներս տիրող մթնոլորտին: Ու իր տեղէն, իր ձիւնապատ մատը երկարելով ժամերուս բազկերակին, անշարժ կը շարունակէ զիս դիտել: Ան է որ զիս կ’հիմա առաջնորդէ: Մտածումներս կ’ուղղէ: Կ’երեւի ըսելիքներ ալ ունի…:Զիս կը լսէ: Կը տեսնէ:

Advertisement Subscribe Today

-Հարկաւ կը տեսնէ հոգեվիճակս,- կը համոզեմ ինքզինքս ու կը փորձեմ հսկել գաղափարներս, միեւնոյն ատեն յուսալով որ մտածումներս չյոգնին, եւ զինք դիտելու ախորժակս ալ մէջս չմարի: Ու մտածածիս բեռան տակ, սահմռկած ու անխօս, կը մնամ դարձեալ երկար ու անշարժ: Հաւատացէ՛ք…նման «բաներու» դիմաց, յաճախ սիրտդ կը մաշի, բայց միւս կողմէ ալ նոր մտածումներ, իբրեւ անփոշի խոհեր, այդ լեռնէն վար իջնելով, արդէն հասած են սեղանիս վրայ տեղ գտած սեւագրատետրիս էջերուն:

Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած են առօրեայ մտահոգութիւններուն: Ու թէեւ կը զգամ որ օրերուս նման անտող են նաեւ ժամերս ու տրամադրութիւններս, բայց մեծ ցանկութիւն ունիմ յիշելու հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ պատանեկութիւնս ու վաղ երիտասարդութիւնս մեծցած էին:

Ու կը շարունակեմ զինք դիտել ագահօրէն՝ չտեսի մը նման հիացած: Բայց, հակառակ յառաջացած տարիքիս, հիմա յստակօրէն կը յիշեմ: Թէեւ ներկայիս անցեալը փնտռելը այնքան ալ դիւրին չէ, բայց կը զգամ որ տակաւին մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ

աչքերուս մէջ: Թերեւս այս ձեւով յիշողութիւններուս մէջէն սփոփանքս ալ պիտի կարենամ գտնել,-ինքզինքս կը համոզեմ միամտօրէն:

Ու բոլոր տարեկիցներուս նման, ես ալ ընտանիքէս ետք, հայրենիքովս, ծննդավայրովս եւ սրբազան այս լեռով կը խանդավառուիմ: Արդէն իսկ խանդավառուած ալ եմ:

Գիտեմ, որ ինք մինչեւ հիմա տեսած է եւ տակաւին կը տեսնէ, թէ ինչպէ՞ս մեզմէ շատ-շատեր, ունայնութիւններով արբեցած են: Ուրիշներ՝ յոգնած են սուտերէն: Իսկ ոմանք ալ յուսահատ եւ այլափոխուած: Մէկ խօսքով…հայ մարդիկ երջանիկ չեն:

Արդ, ո՞ւր կ’աճի այս երջանկութիւն ըսուածը…ո՞ր ծառին վրայ…ո՞ր երկինքէն կրնայ վար իյնալ…ո՞ր խանութը կը ծախուի…ո՞ր ցամաքամասին վրայ…:

Ճիշդ անոր համար բոլորս ալ եւ ամէն օր, խաղաղութիւն կը տենչանք: Բայց խաղաղութիւն ըսուածը նուէր մը չէ որ դիւրին ստանանք: Որովհետեւ լաւապէս գիտենք որ խաղաղութիւնը, մեր հայրենիքի ճակատագիրն է:

Արդեօք իրապէ՞ս խաղաղութիւն է մեր ուզածը….կամ պարզապէ՞ս կը ցանկանք…կամ

կ’երազե՞նք… չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ որ իւրաքանչիւր հայու գլխաւոր նպատակը մեր երկրի խաղաղութեան ապահովումն է: Բայց այսքանը բաւարար չէ…

Բոլորս ալ ա՛յս հոգեվիճակը ունինք: Որովհետեւ, մեր գլխաւոր թերութիւնը, մեր հանրային մտածելակերպն ալ է: Նաեւ տեսանելի է թէ ինչպէ՞ս կորսնցուցած ենք մեր մտքի բանալին եւ այս իսկ պատճառով կորսնցուցած՝ անոր շրջագիծը:

Յանկարծ կ’անդրադառնամ: Իրականութիւնը չես գիտեր քեզ ուրտեղերը կը տանի:

Կը զգամ որ դարձեալ ինքզինքս անզգալաբար հարցազրոյցով մը կը զբաղեցնեմ:

Կ’անդրադառնամ: Ու այսպէս նստած, մեղք մը գործողի նման, եւ նոյնքան ալ ինքզինքս յանցաւոր զգալով, ինքնազրոյցիս ուրախ-տխուր հետեւանքները կը չափեմ:

Արդէն սկսած եմ դեգերիլ ժամանակին մէջ, լեցուիլ ու նոյն հաւատքով ալ ներկայութիւնս գօտեպնդող դէմքերով եւ դէպքերով հպարտանալ: Իսկ հիմա, ահա այս հսկայ գծանկարը: Գիտակցութեանս առջեւ ներկայ է էութիւնս: Ու կը յիշեմ…

Շնորհիւ իրեն հանդէպ մեր ունեցած սիրոյն, պաշտամուքին եւ յարգանքին, տարիներով քալեցինք գաղափարի եւ գեղեցկութեան ուղիներով: Շատ յաճախ ալ, իբրեւ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութիւն, հաւատացինք եւ երազեցինք: Ո՛չ մէկ օտար գեղեցկութիւն կրցաւ կաշառել մեր ազգային ապրումները: Ու այսպէս շարունակեցինք կեանքին հետ գալող եւ զուգահեռ սրտով, ապրիլ: Փորձեցինք մեր հայու կեանքը մեզի հետ պահել: Հաւատացինք, որ օր մը երեւոյթները կրնան փոխուիլ: Նայեցանք իրականութեան հարազատի աչքերով, զննող եւ թափանցիկ մտքով, խորունկ հետաքրքրութեամբ, շիտակ եւ արթուն պահելով մեր մտքերը, արդարութեան եւ սիրոյ գաղափարներով: Ու կեանքի վատ խաղերու օրէնքներուն տակ, յոյսը լաւին ու բարիին մեր մէջ պահեցինք իբրեւ սրբութիւն:

Գիտեմ որ ներկայիս մեր ազգային կեանքը նստած է տրտմութեան աղբիւրին մօտ:

Նաեւ կը զգամ որ այսպէս հանդարտ ու հաճելի եւ խորք ունեցող բառերով, դիմացի այդ նկարը, արդէն կամաց-կամաց սողալով, մտած է մտքիս մէջ, մտածումներու անթիւ փշրանքներ լեցնելով անոր ակօսներուն:

Հայ կեանքը տեղքայլի մէջ է.-կը կարդամ իր ձիւնապատ ճակտին վրայ արձանագրուած անտեսանելի տողերը: Ու կը սրտնեղուիմ: Որովհետեւ,-կը շարունակեմ,- ամէն տեղ հայուն մօտ տակաւին վարանում կայ: Հարցեր ունինք անլուծելի, որոնք կ’ապրին հայու մեր երկնակամարին վրայ, իրիկնամուտի ստուերներու նման, գիրկ-գիրկի:

Համոզուած եմ, ինչպէս միշտ, այս սրբազան լեռը իր տեղէն, իր վերէն, իր ստորոտին ապրող զաւակներու քայլերուն կը հետեւի, վերապրեցնելով յիշատակները ինծի նման հազարաւոր ուխտաւորներուն ու ինքն է դարձեալ յստակօրէն կը պատգամէ.-

Սրբազան պատգամ մը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ո՛չ, նորոգել ազգային կեանքի մեր հետքերը միաժամանակ հաւատարիմ մնալով մեր հաւատքին ու կամքին:

Լերան մեզի հասնող պատգամը, նաեւ մաքուր կանչ մըն ալ է…հաստատօրէն:

 

bedig43@aol.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button