«Նեմեսիս» Գործողութեան 105-Ամեակի Նշում
Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական Միութեան եւ Աջափնեակի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 15 Մարտին, համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին մօտ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 105-ամեակին:
Մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին կիսանդրիին առջեւ, ինչպէս նաեւ` արժեւորեցին 105 տարի առաջ Թեհլիրեանի իրականացուցած գործողութիւնը:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, կարեւոր նկատելով օրուան խորհուրդը, ըսաւ. «Պիտի գայ օր մը, որ պիտի ըլլան նոր Սողոմոն Թեհլիրեաններ. 105 տարի առաջ կատարուածը հայ ժողովուրդի հաւաքական վրէժն էր»:
Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեան նշեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի խորհուրդը յաւերժական է, գործն ալ` յաղթանակ:
Հ․Յ․Դ․ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեանն ալ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց. «Թեհլիրեանը աշխարհին ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին չէ մահացած»:

