Լրահոս

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՔԷՍԱՊԻ ՎՐԱՅ

 

Kesab  Ուրբաթ, Մարտ 21-ի առաջին ժամերուն, Սուրիոյ հայահոծ Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը ենթարկուեցան յարձակումի “Ալ Նասրա“ եւ “Ալ Իսլամիէ“ ճակատներու կողմէ: Այս ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիի վրայ, որոնք Իտլիպէն, Ժապալ Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին։ Անոնք Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործեցին եւ կրակեցին բնակարաններու վրայ:

Քեսապի մէջ գտնուող մեծ թիւով հայեր արդէն ապաստանած են աւելի ապահով շրջան: Իսկ շրջակայքը՝ Սուրիոյ տարածքին կը գտնուին թիւրքմէն գիւղեր:

Պասիթի ճանապարհը փակուած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան։

Բախումները կը շարունակուին։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ.-

Advertisement Donate Today

 

https://www.youtube.com/watch?v=tnQWkmZ0muI

https://www.youtube.com/watch?v=ApPm6DptX4k

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button