Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Ընդունեց Պելճիքայի Դեսպանը

ԵՐԵՒԱՆ․- Չորեքշաբթի, Մարտ 25-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հ․Հ․ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պելճիքայի լիազօր դեսպան Էրիք տը Մույնքը։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան – Պելճիքա միջպետական յարաբերութիւններուն, խորհրդարանական համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։ Այս ծիրին մէջ, յատկապէս կարեւորուեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի յառաջիկայ այցելութիւնը Երեւան, որ նոր խթան մը պիտի հանդիսանայ երկկողմ խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման համար։
Արմէն Ռուստամեան, որպէս Հայաստան – Պելճիքա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին առնչուող հարցերուն մէջ Պելճիքայի սկզբունքային դիրքորոշումներուն համար։

