Յօդուածներ

Կան Սրբութիւններ Որոնց Կարել Չէ Դպչիլ

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Բանիմաց ընթերցողը, վստահ ենք, արդէն իսկ կռահեց, թէ որոնց կ՛ակնարկենք ու ինչո՞ւ մասնաւորապէս զանոնք կարելի է մեղադրել այդ սրբապղծութիւնը գործելուն համար, եթէ ոչ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, անոնց վարած պարտուողական քաղաքականութեան արդիւնքով՝ թշնամիին առջեւ ծունկի եկած ազգային մեր բարենիշներն, իմա՝ սրբութիւնները աճուրդի հանելու կողքին, մեր Սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելու անոնց միտումն ու պատրաստակամութիւնը։

Ամէն անգամ երբ զզուանքով կը դիտենք թէ մեր վարչապետը ինչպէս իր սրտաբուխ լայն ժպիտով, Ամերիկայի նախագահ Թրամփի հովանաւորական ինքնագոհ ժպիտին ներքեւ, կը սեղմէ Ալիեւին պիղծ ձեռքերը, տեսարան մը, որուն առջեւ մարդ ինքն իրմէ ելած, արգահատանքով չի կրնար հարց չտալ թէ քաղաքական ղեկավար մը ինչպէ՞ս կրնայ թեթեւ սրտով այդ արարքը կատարել մէկու մը հետ, որ 120 հազար հայեր անտունի դարձուցած է ու անոնց ղեկավարութիւնը մինչեւ օրս՝ անարդարօրէն, կալանքի տակ կը պահէ։ Այո՛, հարց կու տանք, այդպիսի հրէշի մը արիւնոտ պիղծ ձեռքերը ինչպ՞էս կարելի է թեթեւ սրտով սեղմել, առանց գոնէ Ղարաբաղի կնճռոտ հարցին լուծումը նախապայման դնելու։

Սակայն արդարութեան սիրոյն, եկէք չայպանենք պարոն վարչապետն ու շրջապատը ու անոնց այդ նողկալի վերաբերմունքը իրենց անբուժելի միամտութեան վերագրենք․․․

Բայց եւ այնպէս, անոնց այդ վերաբերմունքը դիտելով մարդ ակամայ հարց պիտի տար՝ այս երանելիները արդե՞օք հայոց արդի պատմութիւնը չեն սերտած ու իւրացուցա՞ծ․․․
Եւ տակաւին այդքանով չբաւարարուելով, դրացի մենատիրոջ  առջեւ ծնկաչոք՝ հայ ժողովուրդը պիտի կատարէ եղեր «նորին վսեմութեան» նախապայմաններն ու պարտադրանքները։ Եթէ երբեք մեր վարչապետը  առնական պինդ ջիղերով հասուն քաղաքական գործիչ մը ըլլար, «Թրամփի անցք»ին իր համաձայնութիւնը չտուած, նախապայման պիտի դնէր հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ու Արցախի բնիկ ժողովուրդին զանգուածային տունդարձը դէպի իր պապենական հողերն ու ծննդավայրը։

Advertisement Subscribe Today

Իսկ գալով այն միւս աղաղակող, գլխագի՛ր սրբապղծութեան, «քաղաքակի՜րթ» Թուրքիան, առանց խպնելու, ամբողջ մարդկութեան կողմէ պաշտամունքի առարկայ՝ Արարատ լեռան տիրանալէ ետք, ուր ըստ Սուրբ Գրեաց՝ Նոյեան տապանը հանգչեցաւ եւ կարօտակէզ այցելուն կարող է մայրաքաղաք Երեւանի բարձունքներէն, մատներուն ծայրովը հպիլ անոր, այո՛, Էրտողանի Թուրքիան կը ժպրհի զայն ջնջել տալ մեր ազգային զինանշանէն ու յիշողութենէն։

Ուրեմն անհեթեթ այդ տրամաբանութենէն ելլելով, ինքը՝ թուրք պետութիւնը, ի՞նչ իրաւունքով մահիկը զետեղած է իր դրօշին վրայ, քանի որ լուսինը իր ազգային պատկանելիութիւնը չէ եղած, դէպի Բիւզանդիոն անոր արշաւանքէն առաջ ու վերջ, ինչքան որ տեղեակ ենք․․․

Եւ տակաւին, մեր տեսածն ու վկայածը՝ սկիզբն է երկանց․․․ Մեր յարգարժան,  երաժշտագէ՛տ վարչապետը, վասն ոսոխին հետ թէական հաշտութեան, դեռ ի՞նչ անէծքներ պիտի բերէ հայ ժողովուրդի գլխուն․ այդ մէկը սիրելի ընթերցողին կը թողունք կռահել․․․

Թոյլ տուէք սակայն, դարձեալ կրկնենք լափալիսեան սա ճշմարտութիւնը, թէ մեզի հարեւան երկիրներու հետ հաշտ ապրելու լաւագոյն ձեւը, դիմացինին անհաշիւ տալու  մէջ չկայանար, այլ կատարուած զիջումներու դիմաց հաւասարապէս կայուն ու շօշափելի բան մը ստանալով ու ձեռք բերելով է որ կ՛իմաստաւորուի ու կ՛արդարանայ։ Բան մը որ Հայաստանի իշխանութիւններու հասողութենէն ու իմացականութենէն փարսախներով հեռու կը մնայ․․․

Տակաւին բոլոր այդ մեղանչումներու կողքին, իշխող կուսակցութիւնը, ներկայիս թշնամիին օրինակին հետեւելով, վիճելի մեղադրանքներով, զոյգ մը ազգային բարերարներ կալանքի տակ կը պահէ, անոր ջրաղացին ջուր լեցնելով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button