Էլիաս Հուայէք Պատրիարքն Ու Զմմառեան Միաբանութեան Վերազարթօնքը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ «Մեծն Լիբանանի հայր» պատրիարք Էլիաս Հուայէքի դիւանագիտական ճկունութեան եւ հմտութեան շնորհիւ կայացաւ Մեծն Լիբանանի պետականութիւնը, եւ անոր մարդասիրական վարքագիծին շնորհիւ Լիբանանը դարձաւ հայ գաղթականներու ապաստանարանը:
Հայ ժողովուրդին հանդէպ Հուայէք պատրիարքին ցուցաբերած բարեացակամ դիրքորոշմամբ եւ Լիբանանի նորաստեղծ պետականութեան հովանիին տակ գործող Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանները այդ օրերուն փորձեցին վերատիրանալ իրենց կալուածային եւ իրաւական իրաւունքներուն:
Էլիաս Հուայէք պատրիարքը 20-րդ դարասկիզբի Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հեռատես եւ ամէնէն ազդեցիկ հոգեւոր-քաղաքական դէմքերէն մէկն էր: Օսմանեան լուծի փլուզումէն ետք ան ստանձնեց լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը` 1919-ի Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին (Վերսայ):
Անոր դիւանագիտական ռազմավարութիւնը հիմնուած էր լիբանանեան լեռնաշխարհի պատմական սահմաններու ընդլայնման, ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման ու Ֆրանսայի միջազգային հովանաւորութեան վրայ: Հուայէքի տքնաջան ջանքերուն պսակումը հանդիսացաւ 1 սեպտեմբեր 1920-ը, երբ Պէյրութի մէջ Ֆրանսայի գերագոյն յանձնակատար, զօրավար Հանրի Կուրոյի կողմէ պաշտօնապէս «Մեծն Լիբանան»-ի պետութեան հռչակումը յայտարարուեցաւ:
Հուայէք պատրիարքի հոգեւոր եւ մարդասիրական վաստակը Վատիկանի կողմէ արժանացաւ բարձրագոյն գնահատանքի:
Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը 2019-ին պաշտօնապէս ստորագրեց անոր «Հերոսական առաքինութիւնները» ճանչցող հրամանագիրը` անոր շնորհելով «Երանելի» տիտղոսը:
Հուայէքի երանացման գործընթացը հիմնուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն (1914-1918) անոր ցուցաբերած սրբակեաց կենցաղին, աղքատասիրութեան եւ հերոսական բարեսիրութիւններուն վրայ: Մեծ սովի ընթացքին ան վաճառեց պատրիարքարանի ոսկեղէններն ու կալուածները` հազարաւոր սովահարներ փրկելու համար` առանց կրօնական խտրականութեան:
Երանացման հանդիսաւոր արարողակարգը տեղի ունեցաւ 25 յուլիս 2026-ին. Լիբանանի Եկեղեցւոյ եւ համայն ժողովուրդին համար պատմական այդ թուականը հանդիսացաւ ազգային եւ հոգեւոր մեծ ցնծութեան օր` վերահաստատելով անոր պատմական կոչումը որպէս «Սրբութեան եւ միասնութեան հայր»:
Հայ-մարոնի փոխյարգանքը եւ Հուայէքի դերը հայ գաղութակազմութեան մէջ
Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան (1915-1923) ամէնէն մութ տարիներուն Էլիաս Հուայէք պատրիարքը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ամէնէն հաւատարիմ եւ անկեղծ բարեկամներէն մէկը:
«Լիբանանը պէտք է ըլլայ ապաստանարան եւ աղիւսակից տուն` բոլոր հալածեալներուն, յատկապէս` քրիստոնեայ եղբայրներուն», ըսաւ ան:
Պատրիարքը մարդասիրական ասպնջականութիւն ցուցաբերեց, երբ տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ եւ որբեր հասան Լիբանանի առափնեայ շրջաններ եւ Պեքայի հովիտ: Անոր անմիջական կարգադրութեամբ մարոնի վանքերն ու կալուածները բացուեցան հայ ապաստանեալներուն առջեւ: Ան խրախուսեց տեղական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը` աղ ու հացով ընդունելու հայոց ջարդերէն մազապուրծ եղած վերապրողները:
Հուայէք պատրիարքի դրական եւ հովանաւորչական կեցուածքը վճռորոշ դեր խաղաց Լիբանանի մէջ հայկական համայնքի վերակազմակերպման եւ գաղութակազմութեան գործընթացին մէջ:
Ան պաշտպանեց հայերու քաղաքացիական եւ հոգեւոր իրաւունքները ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն առջեւ եւ հիմքը դրաւ լիբանանեան «համայնքային համակեցութեան», ուր հայութիւնը դիտուեցաւ ոչ թէ օտար տարր, այլ` նորաստեղծ Մեծն Լիբանանի հիմնարար եւ հարստացնող բաղադրիչներէն մէկը:
Տուեալ ժամանակաշրջանի հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններու վերակազմաւորման աշխատանքներուն շուրջ յստակ պատկերացում մը կրնանք կազմել համանուն միաբանութեան ականաւոր դէմքերէն Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեանի 1 հոկտեմբեր 1921 թուակիր նամակ-գրառման ընթերցմամբ:
Սոյն փաստաթուղթը Զմմառու մայրավանքի տնտեսական, իրաւական եւ կալուածային հարցերը արծարծող բացառիկ տեղեկութիւններ կը պարունակէ, նաեւ Զմմառու միաբանութեան նիւթական եւ կալուածային կացութեան մասին մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ:
Ա.- Պէյրութի կալուածային ծրագիրը
Պէյրութը ունէր «մթերանոցներ», որոնց վրայ պանդոկ կառուցելու ծրագիր կար: Նամակին մէջ կը յիշատակուին ճշգրիտ թուային տուեալներ`
– Տարեկան վարձքի առաջարկ` 800 եգիպտական ոսկի (1000 ոսկի կանխավճարով),
– Շէնքին ամբողջական ծախսը` 5000 եգիպտական ոսկի,
– Վանքին տնտեսական ռազմավարութիւնը` 2000 ոսկի հայթայթել ոչ հասութաբեր կալուածներու վաճառքով կամ տոկոսաւոր փոխառութեամբ:
Բ.- Մաքսային արտօնութիւններու վերականգնում
Մայրավանքը յաջողած է տեղական ֆրանսական-լիբանանեան կառավարութեան կողմէ ընդունիլ տալ մաքսատուրքէ ազատման իրաւունքը: Այս իրաւունքը հիմնաւորուած է դիւանատան մէջ պահուող օսմանեան կայսերական հրովարտակներով (ֆարամաններով) եւ հանգուցեալ Գասպարեան եպիսկոպոսի թղթակցութիւններով:
Գ.- Ֆրանսական կրթաթոշակներու (Bourses) խնդիրը
Գրիգոր Պետրոս Ը. կաթողիկոսի (1843–1866) օրով Նափոլէոն Գ. կայսեր կառավարութիւնը սահմանած է 5 կրթաթոշակ (bourse)` Զմմառու ուսանողներուն համար: Հ. Մեսրոպ կը նշէ, որ դիմում կատարած են Պէյրութի ֆրանսական հիւպատոսին` այդ պատմական իրաւունքը վերականգնելու համար:
Դ.- Եկեղեցական, թեմական եւ անձնական յարաբերութիւնները
Նամակը կը յիշատակէ ժամանակի հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան շարք մը երեւելի դէմքեր`
1.- Գերյ. Նեսիմեան, որ օդափոխութեան համար Զահլէ մեկնած է:
2.- Արհ. Սայեղեան գերապայծառ` Պոլսէն Պէյրութ հասնելէ ետք մեկնած է իր թեմը` Բերիա (Հալէպ): Ան Պոլսոյ Անտոնեան միաբանութենէն լիազօրուած է կարգադրելու լիբանանեան Խազենեան շէյխերու հետ ունեցած վէճը:
3.- Արհ. Նազլեան եպիսկոպոս կը համարէր, թէ Սայեղեան գերապայծառը յոռետես էր առաքելութեան յաջողութեան հանդէպ` հաստատելով, որ զմմառցիները պէտք է իրենց ձեռքով կարգադրեն իրենց հարցերը:
4.- Յովսէփ վրդ. Քաջունի եւ
5.- Պետրոս վրդ. Յարութեան վանականները Մազրաայի մէջ օդափոխութեան կը գտնուէին:
Ե.- Պատարագի դիտաւորութիւններ
Սուրիոյ առաքելական նուիրակէն ստացուած 50 պատարագի մտադրութիւններ (թոշակը` 20 սուրիական դահեկան կամ 4 ֆրանք), որոնց գումարը Փարիզ չեքով պիտի փոխանցուէր:
Սոյն նամակի բովանդակութենէն քաղուածքներ կը հրապարակենք.


Պէյրութ 1/10/1921
Սիրելի միաբանակից եղբայր…
… Ձեզի կը ղրկեմ 50 պատարագի դիտաւորութիւն (առաքելական նուիրակի Սուրիոյ) առ այժմ, յառաջիկային, եթէ պէտք ունենաք, կը ղրկեմ 50 եւս. ասոնց թոշակն է 20 ղրշ. սուրիական կամ 4-ական ֆրանք: Քանի մ՛օրէն կը ղրկեմ ասոնց թոշակն, ինչպէս որոշած Էի` Փարիզի վրայ չեքով մը:
Գեր. Պետրոս վրդ. Յարութեան շատ ուրախացաւ ձեր ղրկած նամակադրոշմներուն, ինք տակաւին Մազրաա գտնուելով` դեռ չեմ կրցած իրեն յանձնել ատոնք, անշուշտ երբ վերադառնայ, պիտի չուշանայ առանձին նամակով ալ յայտնելու իր շնորհակալութիւնը:
Եղբ. Սամսոնը ես ազատ կը կարծէի, երբ անցեալ նամակս կը գրէի ձեզի, հիմա որ կը հասկնամ, թէ սխալ է եղեր իմ այդ կարծիքս, անշուշտ ես իսկ անյարմար եւ անտեղի կը համարիմ ըրած թելադրութիւնս, եւ պէտք չէ նեղուինք ուրիշներու նոյնօրինակ վերաբերմունքէն մեր հանդէպ:
Գերյ. Նեսիմեան ուզելով օգտուիլ իմ ներկայութենէս այստեղ, երկու օր առաջ օդափոխութեան գնաց Զահլէ, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթի չափ: Երկու շաբաթ առաջ Պոլսէն այստեղ հասաւ եւ քանի մ՛օր կենալէն յետոյ մեկնեցաւ իր թեմը: Արհ. Սայեղեան գերապայծառը լուր ղրկած էր, որ վանքն ալ պիտի այցելէր, բայց ետքէն միտքը փոխելով աճապարեր է դէպի Բերիա` Պոլսոյ Անտոնեաններէն լիազօրուած է եղեր կարգադրելու իրենց վէճը Խազենեան շէյխերու հետ, բայց այս մասին ալ ձեռնարկ մը չէ ըրած: Յոռետես գտնուած է արհ. Նազլեան եպիսկոպոսի յաջողելուն վերաբերմամբ եւ ըսած է, թէ զմմառցիք ինչ կը սպասեն դուրսէն, թող իրենց ձեռքով կարգադրեն իրենց գործը եւ չսպասեն գալուն Նազլեանին, որ առ այժմ որեւէ միտք չունի ճամբորդելու:
Պէյրութի մեր մթերանոցներու մէկ մասին վրայ օթել մը շինելու համար բազմաթիւ դիմողներ կան, անոնցմէ մին կ’ուզէ այժմէն պայմանադրուիլ տարեկան 800 եգ. ոսկի վարձք տալու յանձնառութեամբ եւ ապագայ վարձակալութեան հաշուոյն այժմէն կը տրամադրէ 1000 եգ. ոսկի. ամբողջ շէնքը կը կարօտի 5000 եգ. ոսկիի, գուցէ կրնանք հայթայթել 2000 ոսկի եւս ինչ-ինչ անպէտ կամ նուազ հասութաբեր կալուածներու վաճառումով կամ տոկոսաւոր փոխառութեամբ մը, կը մնայ 2000 ոսկի հայթայթելու միջոցը, առ այժմ որեւէ կարգադրութիւն կամ վերջնական որոշութիւն մըրած չենք, կը բանակցինք նպաստաւոր ելքի մը յամենալու համար: Յաջողեցանք տեղական կառավարութեան ընդունիլ տալու սկզբունքով, թէ մեր վանքը կը վայելէ մաքսատուրքէ ազատութեան իրաւունքը, եւ ասի` շնորհիւ մեր դիւանատան մէջ պահուած կայսերական հրովարտակներու եւ Գասպարեան հանգ. եպիսկոպոսի օրով մաքսատան հետ եղած թղթակցութեան մը, այս օրերս կարգ մը մանրամասնութիւններ եւս կը յուսամ, թէ կը վերջանան այս մասին:
Գրիգոր Պետրոս Ը. բարեյիշատակ կաթողիկոսի օրով Նափոլէոն Գ.-ի կառավարութիւնը սահմանած էր 5 bourse` մեր վանքի 5 ուսանողներու համար, այս մասին ալ դիմում մ’ըրինք Ֆրանս. հիւպատոսին, որ խոստացաւ աշխատիլ եւ յաջողիլ` եթէ ոչ հինգ ուսանողի` գոնէ քանի մը հատի թոշակը վերահաստատել տալու մեր երբեմնի իրաւունքը: Կը տեսնէք, սիրելի եղբայր, որ սկսած ենք հին տետրակներ խառնելու, ահա առ այժմ մեր զբաղմունքը: Դուն ալ քու զբաղումներուդ, առողջութեանդ մասին զանց մի՛ ըներ գրելու: Կիւլեան գերապայծառը օրհնութիւններ ունի քեզի, իսկ միաբանակից եղբայրները` տաքուկ ողջոյններ, եւ ես ջերմագին սիրով եւ կարօտով`
Մնամ քոյդ`
Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեան
Նամակի բովանդակութենէն կը հետեւցնենք, որ միաբանութիւնը որդեգրած էր ժամանակակից տնտեսական մտածողութիւն` անշարժ գոյքերը վերածելով եկամտաբեր ձեռնարկներու:
Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Զմմառու վանքը ունէր մաքսատուրքերէ ազատման արտօնագիրներ: Պատերազմէն ետք ֆրանս-լիբանանեան տեղական կառավարութեան առջեւ միաբանութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերահաստատելու այդ մենաշնորհը:
Զմմառ
* Նամակը ուղղուած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Պօղոս ծ. վրդ. Արիսին, որ 1920- 1922 կը գտնուէր Եւրոպա:

