Լրահոս

 Զմմառի «Փոխման Սուրբ Կուսին» Մայր Եկեղեցին` 255 Տարիներու Լուռ Վկան

Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

 Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր

Լեռնալիբանանի գողտրիկ բարձունքին վրայ թառած Զմմառու մայրավանքի «Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր եկեղեցին 255-տարիներ առաջ կառուցուած է` մայրավանքի հասարակութեան հոգեկան ճախրանքներն ու սլացքը բարձրացնելու առ Աստուած` փառաբանելով Զայն եւ խնդրելով Տիրոջմէ, որ զերծ պահէ ազգը անողոք եւ անագորոյն թշնամու խարդաւանքներէն։
1771-ին, կառուցուած եկեղեցւոյ ներքին գմբէթը` Հռոմէն, 1780-ականներուն բերուած տասներկու առաքեալներու իւղանկարներով զարդարդուած է։
Որմերուն վրայ զետեղուած են չորս աւետարանիչներու կտաւները, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի է` Յովհաննէս աւետարանիչի պատկերը, որու թուականը 1785 եւ նկարիչը` Վինչենցօ Միլոնէ` յայտնի է։
Աւագ խորանը, ըստ հայկական աւանդութեանց` վերապահուած է Տիրամօր։
Խորանը զբաղեցուցած Տիրամօր Վերափոխման պատկերը, 1780-ի, Փիէթրօ Լապրոցիի վրձինին պատկանող` արուեստի գլուխ գործոց ստեղծագործութիւն է։
Աւագ խորանին հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Սուրբ Յովսէփի նուիրուած խորաններ են: Հիւսիս-արեւելեան սիւնին առջեւ` քանդակազարդ պատրիարքական գահն է:
18-րդ դարէն ցարդ` աւագ խորանին առջեւ թաղուած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան Կաթողիկոս-Պատրիարքները:
Եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ետք` այնտեղ տեղադրուած է հանրայայտ Ցաւագին Տիրամօր կտաւը, զոր Միաբանութեանս հիմնադիր հայրապետ` Աբրահամ Ա.Արծիւեան իր հետ բերած է Հռոմէն։
Տիրամայրը իր բարեխօսութեամբ` բազում-բազմապիսի հրաշքներ գործած է միաբաններուն եւ հաւատացեալ հօտին ի նպաստ, որու շնորհիւ նուաճուած է` հրաշագործ կոչումը։
1802-ին, տարերային կայծակի հարուածը կործանած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը, որ նոյն տարին արդէն վերանորոգուած է։
1901-ին, կառուցուած է եկեղեցւոյ զանգակատունը։
1940-ին, եկեղեցւոյ ձախակողմը կառուցուած է Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, որու խորանին զետեղուած է «Փոխման Սուրբ Կուսին» եկեղեցիէն տեղափոխուած Տիրամօր սրբապատկերը: Մատուռը օծած է` Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան եւ այդ օրուընէ Տիրամօր Վերափոխման տօնը հաստատուած է` որպէս Զմմառու ուխտի օր։
1945-ին, եկեղեցին նկարազարդած է Յարութիւն Կալենցը: 1946-ին, եկեղեցին վերանորոգուած է։ 1948-ին, կառուցուած է միաբաններու դամբարանը, ուր կանգնած է` Յարուցեալ Քրիստոսի արձանը:
1975-ին, զանգակատան գագաթին զետեղուած է սիւնազարդ գմբէթը` քանդակուած հայկական զարդանախշերով։
«Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, միաբան հայրերը` իրենց աղիողորմ
մրմունջով, յուզական շշուկով, մեղմօրէն` փորձած են Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ եւ վերանալ աշխարհիկ կեանքէն` զգալու Տիրոջ ներկայութիւնը իրենց էութեան մէջ։ *Այդպիսին էր` Ս.Իգնատիոս Մալոյեան, որու սրբադասման հրամանագրի ստորագրման միամեակը կը յիշատակենք` 28 Մարտին։*
Այսօր` անթիւ-անհամար մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած մեր ազգը` առաւել եւս կարիքը ունի Աստուածային բարեխնամութեանն ու կարեկցանքին։
Զմմառու Տիրամօր ոգեղէն ներկայութիւնը մայրավանքիս կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս ազգի գոյապայքարին ի խնդիր` անխախտ լոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ, որով Ան իր մայրական գթասրտութեամբ եւ անսակարկ սիրով ի վիճակի է միջնորդ հանդիսանալ առ բարձեալ, որ Տէրը Իր ողորմածութեամբ մեր ազգի եւ Հայրենիքի երերացող նաւը անվտանգ եւ ապահով յաւերժութեան ափը հասցնէ։
Այսօր` «Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր եկեղեցին ո’չ միայն պաշտամունքի վայր է, այլ` հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակոյթի եւ պատմութեան անքակտելի մասնիկը՝ կանգուն մնալով դարերու փոթորիկներուն եւ փորձութիւններուն դիմաց։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button