ԳլխաւորԼրահոս

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 100.000 Տոլարի Մարդասիրական Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Համահայկական Հիմնադրամին

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 100.000 տոլար կը յատկացնէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, որպէս մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Այս օժանդակութիւնը կը միտի մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու, եւ վերջին օրերու պատերազմին պատճառով տուժած քաղաքացիներուն նեցուկ կանգնելու։

Այս տարի, Հիմնարկութիւնը զանազան առիթներով մարդասիրական օգնութիւն տրամադրեց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button