Գլխաւոր

Բողոքի Ցոյց՝ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով։

ԵՐԵՒԱՆ․- Ա․Մ․Ն․ փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան առիթով, Փետրուար 9-ին նախագահական նստավայրին մօտ տեղի ունեցաւ արցախցիներու նախաձեռնած բողոքի ցոյց մը՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման պահանջով։

Ցոյցին մասնակցեցան շարք մը քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ցուցարարները իրենց հետ բերած էին գերեվարուած հայերու լուսանկարները եւ կը վանկարկէին՝ «Ազատութիւն հայ պատանդներուն»։

Ցոյցին ընթացքին Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան դիմեց Ա․Մ․Ն․ փոխնախագահին՝ կոչ ընելով, որ ան Պաքու կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութեան ժամանակ պահանջէ 19 հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը, անհետ կորածներու ճակատագիրներու բացայայտումը եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձը ապահովելու ուղղուած գործնական քայլերը։

Իր խօսքին մէջ Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան ողջունեց փոխնախագահ Վենսի այցելութիւնը Հայաստան՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած մեղադրանքները շինծու եւ անհիմն են՝ վիրաւորելով ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլ նաեւ միջազգային արդարադատութիւնը։ Խաչատրեանի խօսքով՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ողջ ընթացքին միջազգային միջնորդները բազմաթիւ անգամ հանդիպած են օրինական ղեկավարութեան հետ, որոնք երբեք չեն դիտուած իբր յանցագործներ կամ ահաբեկիչներ։

«Այսօր կը խնդրենք Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին՝ գործի դնել իր ամբողջ ազդեցութիւնը, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան Հայաստան եւ կրկին միաւորուին իրենց ընտանիքներուն հետ», նշեց ան։

Խաչատրեան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան նպատակային ոչնչացման վրայ՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուող քրիստոնէական յուշարձանները համաշխարհային մշակութային արժէքներ են։

«Այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի ջնջել հայկական ներկայութիւնը Արցախէն եւ ապագային խեղաթիւրել պատմական իրականութիւնը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ առանց գերիներու ազատ արձակման եւ մշակութային կոտորածի դադրեցման, անհնար է խօսիլ իրական ու տեւական խաղաղութեան մասին։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button