Աւելի Քան Դաշնակիցներ. Թուրքիա-Իրան Յարաբերութիւնները

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան պահպանման իմաստով կարեւոր դիւանագիտական գործընթաց մը: Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքին շղթայազերծած պատերազմը ինքնին ապացոյց է, որ Անգարան բացայայտօրէն չեզոք, սակայն իրականութեան մէջ Թեհրանի դաշնակից երկիր է:
Անցնող տասնամեակին ընթացքին յստակացաւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդեգրած կրօնամէտ քաղաքականութիւնը եւ ճկուն դիւանագիտութիւնը շրջանային տնտեսական հաշուարկներու առումով, աննուղակիօրէն կը ներկայացուին զանազան ընկերութիւններու, շարժումներու կամ անուններու տակ: Ներկայիս, այս պատերազմը Թուրքիան դէմ յանդիման դրած է երկնտրանքի մը, որուն հիման վրայ Անգարա կամ պէտք է ջանք թափէ պահպանելու Իրանեան կրօնական այս վարչակարգը եւ կամ աշխատի ձեւաւորելու Իրանեան հետագայ վարչակարգ մը, որ բնոյթով Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի դաշնակից չէ: Այսինքն, Թուրքիա, հակառակ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր է, կը ձգտի պահպանել հակա-արեւմտեան շրջանային պլոք մը, որ դէմ կը դնէ նաեւ Իսրայէլի ծաւալապաշտական ախորժակներուն, պահպանելով Թուրքիոյ նոյնանման ախորժակները: Թուրքիան ինքզինք կայացուցած է իբրեւ հակա-իսրայէլեան դիւանագիտական, ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական ուժ:
Օրինակի համար, Իրանի դէմ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ գործող մամլոյ գործակալութիւնները, յատկապէս իշխանութիւններու աջակցողները, շարունականաբար կը կրկնեն, որ Իրանի դէմ յարձակումները արդարացուցիչ չեն ու այդ բոլորը ոչ թէ ամերիկեան, այլեւ՝ իսրայէլեան ծրագիր մըն է: Թուրքիոյ մամուլը նոյնիսկ մեղմացուած կերպով ներկայացուց երկրի տարածքներուն դէմ իրականացուած իրանեան հրթիռակոծումները: Միւս կողմէ, Ատրպէյճան չափազանցուած կերպով ներկայացուց Նախիջեւանի դէմ Իրանեան անօդաչու սարքերու կատարած յարձակումը: «Երկու պետութիւն, մէկ ազգ» կարգախօսով առաջանորդուողները արդեօ՞ք հակա-իսրայէլեան կամ իսրայէլեան հակումներ ունին, կամ ալ դերերու բաշխում կատարած են:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ, իսրայէլեան «Մոսատ» գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալներու ձեռբակալումը հսկայական փոթորիկ կը ստեղծնէ, սակայն Իրանեան գործակալներու ձեռբակալումը կը ներկայացուի ապա կ՛անտեսուի: Պարզ է, որովհետեւ Նախագահ Էրտողանն էր, որ 2014-ին Իրանը կոչեց իր «երկրորդ տունը»: Աւելի՛ն. հակա-իշխանական մամլոյ գործակալութիւններ զանազան առիթներով արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալընը որակած են իբրեւ իրանեան գաղափարախօսութեան եւ քաղաքականութեան աջակից տարրեր: Այս ամբաստանութիւնները հիմնականօրէն կատարուած են Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւրներու կողմէ: Սակայն, այս բոլորը կը մնան ամբաստանութիւններ:
Ներքին քաղաքական իմաստով, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը Իրանեան թեւին հետ սերտ գործակցութիւն ունեցած է: Օրինակի համար, Թուրքիոյ Ազատ Դատ կուսակցութիւնը 2023-ին դաշինք կնքեց իշխող կուսակցութեան հետ եւ մաս կազմեց անոր ընտրացանկերուն, որուն շնորհիւ Թուրքիոյ Ազգային Ժողով մուտք գործեց չորս երեսփոխաններով: Այս կուսակցութիւնը քաղաքական թեւն է 1980-ականներուն հիմնուած Քրտական Հըզպալլահ զինեալ խմբաւորումին, որ ահաբեկչական զանազան գործողութիւններ իրագործած էր Թուրքիոյ տարածքին վրայ: Քրտական Հըզպալլան ուղղակի յարաբերութիւն չունի Լիբանանեան Հըզպալլահի հետ, սակայն անոր անդամները մարզումներու մասնակցած են Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ եւ ստացած տնտեսական աջակցութիւն: Թուրքիոյ նախագահին այս մօտեցումը նաեւ կը նպատակադրէ դէմ դնել ՔԱԿ-ին (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն), որ քրտական ամենէն նշանաւոր զինեալ խմբաւորումն է:
2012-ին հիմնուած քաղաքական թեւը կը կեդրոնանայ կրօնական եւ ընկերային հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու աշխատանքներու կարգաւորմամբ եւ քաղաքական դաշտին մէջ ներկայութեան ապահովման վրայ: Անդրադառնալով Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի սպանութեան, Ազատ Դատ կուսակցութեան նախագահ Զէքէրիէ Եափիճիօղլու զայն «նահատակ» կոչեց եւ ըսաւ, որ ան «ահաբեկչական գործողութեան» մը զոհն է: Կուսակցութեան այլ պաշտօնատարներ Արաբական ծոցի երկիրները որակեցին Միացեալ Նահանգներու բարեկամներ, որոնք իրենց տարածքները տուին իբրեւ եղբայրական Իրանի դէմ յարձակում գործելու դաշտ: Այլ յայտարարութիւններու մէջ, կուսակցութիւնը «Սիոնիստ ահաբեկչական վարչակարգ» բնուդագրումը տուաւ Իսրայէլի պետութեան:
Իրանեան պետութեան եւ խմբաւորումներու հանդէպ թրքական աջակցութիւնը այդտէղ չ՛աւարտիր սակայն: 10 Փետրուարին, Միացեալ Նահանգները յայտարարեց, որ բացայայտած է Թուրքիա-Լիբանանեան Հըզպալլահ տնտեսական յայարաբերութիւններով զբաղող շարք մը ընկերութիւններու ցանկը եւ գործունէութիւնը: Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները օժանդակած են Հըզպալլան եւ աննուղղակիօրէն իրանեան վարչակարգը «ծածկելու» համար միջազգային զանազան երկիրներու, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու պարտադրած պատժամիջոցներէն:
Հըզպալլահի ֆինանսական ներկայացուցիչներէն մէկը, Թուրքիոյ մէջ, «Փլաթինում» անունով ընկերութեան մը միջոցաւ, միլիոնաւոր տոլարներ արժողութեամբ իրանեան արտածումներ, Օմանի ճամբով, փոխադրած է դէպի Թուրքիա ու ապա միջազգային շուկայ: Ընկերութեան հիմնադիրն է թուրք քաղաքացի Մուրատ Ասլան, որ 30 միլիոն թրքական լիրայի, կամ 675 հազար ամերիկեան տոլարի ներդրում կատարած էր:
Այս աշխատանքին մէջ մասնակցութիւն բերած են նաեւ իրանեան յեղափոխական պահակագունդի անդամներ եւ սուրիացի գործատէրեր: Աւելի՛ն. Իպրահիմ Թալալ Ալ Ուայր անունով լիբանանեան Հըզպալլահի անդամ մը, ստանալով թրքական քաղաքացիութիւնը վերանուանուած է Իպրահիմ Ակաօղլու: Ան սկզբնական 500 հազար թրքական լիրայի, կամ 11 հազար ամերիկեան տոլարի ներդրում կատարած է 2018-ին նաւթի փոխադրութեան ընկերութեան մը հիմնադրութեան նպատակով: 2024-ին, ընկերութեան տնտեսական կարողականութիւնը բարձրացած էր 169 հազար ամերիկեան տոլարի:
Այսինքն, Թուրքիոյ շահերուն համընկնող էր անցնող տասնամեակներուն Իրանի պարզած իրավիճակը, որուն արդիւնքով, Անգարան հանդիսացաւ Թեհրանը պատժամիջոցներէ փրկող տնտեսական հասցէ մը:
Հետեւաբար, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համար Իրանեան վարչակարգի պահպանումը անհրաժեշտութիւն է: Այդ նպատակով, իշխանութիւններուն աջակցող բազմաթիւ յօդուածներ կը փորձեն այն տրամադրութիւնները ստեղծել, որ եթէ իրանեան վարչակարգը փլուզուի, իսրայէլեան ախորժակները պիտի կեդրոնանան Թուրքիոյ վրայ, իբրեւ շրջանային վերջին հակա-իսրայէլեան բերդը: Իշխանութիւնները, «Փափուկ Ուժ»-ի օգտագործմամբ կ՛ուզեն տիրապետել թրքական հասարակութեան մտածելակերպին վրայ եւ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ներքին որեւէ խանգարում կը ծարայէ արտաքին ուժերու շահերուն:
Միւս կողմէ, իշխանութիւնները կ՛ուզեն համոզել, որ կրօնակամէտ ու ազգայնամոլ թեւերը ունին միեւնոյն շահերը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացման այս հեւքը, յատկապէս «Պայքար», «Ասելսան», «Հաւելսան», «Թաօ» եւ այլ ընկերութիւններու պարագային: Այս բոլորը պատռուակ է նաեւ արդարացնելու նախագահ Էրտողանի իշխանութեան հետզհետէ զարգացող միապետական բնոյթը:

