ԳլխաւորԼրահոս

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Մայիսէն մինչեւ Շաբաթ, 31 Մայիս,Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի նախագահութեամբ։ Նիստերը տեղի ունեցան Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից Հրեշտակապետաց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Բարեջան Առաջնորդը երեսփոխանական Ժողովի բացումը կատարեց աղօթքով, որմէ ետք իբրեւ ժամանակաւոր դիւանի անդամներ նշանակեց փաստաբան Մովսէս Շրիգեանը (ատենապետ) եւ Ժանէթ Հարոյեանը (ատենադպիր)։ Աւելի ուշ, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը, որուն մաս կազմեցին Մովսէս Շրիգեանն ու Ժանէթ Հարոյեանը (համա-ատենապետներ) եւ Պի Մովսէսեան (անգլերէն ատենադպիր) ու Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան (հայերէն ատենադպիր)։

Օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովականները լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պատգամը, որ կը նշէր Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարին եւ կը շեշտէր եկեղեցւոյ դերը արդի ընկերութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային հիմքերը պահպանելու, միաժամանակ գործօն կերպով արդի ընկերութեան մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր նուիրեալ ղեկավարութեան համար։

Իր ուղերձին մէջ, Սրբազան Հայրը արձագանգեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, շեշտելով աւանդութեան, համայնքի եւ նորարարութեան կարեւորութիւնը։

Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան ողջունեցին մասնակիցները եւ ընդգծեցին համայնքի նոր նախաձեռնութիւնները, ներառեալ՝ Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի ընդլայնումը։

Advertisement Subscribe Today

Արժպ. Տ. Առաքել Ալճալեան՝ Սուրբ. Յակոբ եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի ողջոյնի խօսքը հաղորդեց։ Քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ալ իրենց ողջոյնները հաղորդեցին եւ համառօտ անդրադարձներ ըրին Առաջնորդարանի հետ իրենց գործակցութեան, ինչպէս եւ սեփական ծրագիրներու մասին։ Խօսք առին Կարօ Թաշեան (Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջան), Հետըր Աբիկեան-Գրաֆեան (Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջան), Յասմիկ Աբրահամեան (Համազգայինի Արեւելեան Շրջան) եւ Վիգէն Խաչատուրեան (Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արեւելեան Շրջան)։ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր Թամար Քանարեան կարդաց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն ստացուած ուղերձ մը։

Գնդապէտ Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, ներկայացուց վարչոթեան տարեկան տեղեկագիրը, որ կը ներառնէր Առաջնորդարանի ներկայ ծրագիրները, ռազմավարական ծրագրումը եւ ելեւմտական վիճակը, իսկ յաջորդ օր  պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։

Ալիս Սիմոնեան-Պուրաթի ներկայացուց Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցւոյ հեռակայ կարգով քուէարկելու ծրագրի արդիւնքները, իսկ փաստաբան Անոյշ Պաղտասարեան դասախօսեց ինքնութեան եւ արդարութեան հարցերու մասին վերստին արմատաւորուած հայկական համայնքներու մէջ։

Ընտրուած կազմն է․- Ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, փոխատենապետ՝ Ռիչըրտ Քանարեան, ատենադպիր՝ Թամար Քանարեան, գանձապահ՝ Ռաֆֆի Ուրլեան, խորհրդականներ՝ Ճոն Գլընճեան, Արամ Յովակիմեան, դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան, Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան եւ Ալինա Քոչումեան։

Կրօնական Ժողովին կազմն է․- Ատենապետ՝ Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, ատենադպիր՝ Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, խորհրդականներ՝ Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան եւ Միքայէլ Քհնյ. Տէր Խոսրովեան։

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹՒՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

29-30 Մայիսին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւնը, զուգահեռ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, գումարեց իր տարեկան ժողովը Ուաթըրթաունի մէջ։

Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին մասնակցելէ ետք, պատուիրակները առանձին իրենց ժողովը գումարեցին։ Պեքի Մկրտիչեան՝ տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Յաջորդական երկու օրերուն, քննարկուեցան միջոցներ եւ առաջարկներ՝ իւրաքանչիւր Տիկնանց Միութեան յանձնառութիւնն ու ծառայութիւնը ուժեղացնելու համար։ Ներկայացուցիչները իրենց ծուխերու գործունէութեան ընդհանուր վիճակը ներկայացուցին, միաժամանակ գաղափարներ ու թելադրանքներ առաջարկելով։ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Դանիէլեան, խօսեցաւ համագումարին, իր աջակցութիւնն ու քաջալերութիւնը յայտնելով։

Սարինէ Քենինկհէմ՝ «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի շրջանաւարտ, խանդավառ կերպով խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին ծրագրի չորս տարիներուն ընթացքին։ Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութիւնը, որուն արդիւնքը կը տրամադրուի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին եւ Առաջնորդարանի որբերու օժանդակութեան ծրագրին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button