ԳլխաւորՀարցազրոյցներ

«Ա.Մ.Ն․-ի կողմէ մղուող որեւէ պատերազմ պէտք է քննարկուի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին մէջ», Կը Յայտնէ Եղիսաբէթ Չուլճեան

 

 

Ստորեւ, կը հրատարակենք հարցազրոյց մը կատարուած խմբագրութեանս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեանի հետ։

Հարցում․- Ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել Պարսկաստանի դէմ ծայր առած պատերազմին ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ հայ համայնքներուն վրայ։

Պատասխան․- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը անմիջականօրէն կը զբաղի Պարսկաստանի մէջ ծաւալող պատերազմին եւ անոր հնարաւոր հետեւանքներուն՝ Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն վրայ։ Այն ինչ որ կը պատահի Պարսկաստանի մէջ, արդէն անցած է Պարսկաստանի սահմաններէն դուրս։ Հետեւանքները կրնան խախտել Հարաւային Կովկասի ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ սպառնալ ամբողջ տարածաշրջանի հայ համայնքներուն անվտանգութեան։

Հ․- Այս ահաւոր պայմաններուն տակ, ատրպէյճանական սպառնալիքը հետզհետէ կրնա՞յ սաստկանալ եւ անգամ մը եւս հարուածել, արդէն իսկ տկարացած մեր հայրենիքը։

Advertisement Subscribe Today

Պ․- Ատրպէյճանը ունի լաւ փաստագրուած պատմութիւն մը՝ օգտուելու տարածաշրջանային ճգնաժամերէ եւ միջազգային անուշադրութենէ՝ Հայաստանի վրայ յարձակելու համար։ Այդպիսի գործողութիւններ ան կատարած է 2020-ին եւ 2023-ի Սեպտեմբերին։ Հիմա, երբ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պարսկաստանի վրայ, Պաքուն՝ Անգարայի ամբողջական աջակցութեամբ, կրնայ այս պահը յարմար գտնել ճնշում գործադրելու, կամ բացայայտ զինուորական գործողութեան մը նախաձեռնելու Հայաստանի դէմ։

Հ․- Ի՞նչ պիտի ըլլայ Թեհրանի կեցուածքը, նման վտանգաւոր իրադարձութեան մը պարագային։

Պ․- Հայաստան ցամաքապատ երկիր մըն է, որուն սահմանները՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, տասնամեակներէ ի վեր փակ են։ Հիւսիսի Վրաստանի սահմանէն անկախ, Հայաստան – Պարսկաստան սահմանը երկրի միակ բաց հարաւային կամուրջն է դէպի արտաքին աշխարհ։ Հայաստանի արտաքին առեւտուրի 25-էն մինչեւ 40 տոկոսը կ’անցնի Պարսկաստանէն։ Հայաստան նաեւ Իրանի հետ կազ-ելեկտրականութիւն փոխանակութեան համաձայնութիւն մը ունի. եթէ Պարսկաստանի կենսուժի ենթակառոյցը վնասուի, Հայաստան կրնայ ամբողջութեամբ կախեալ դառնալ ռուսական կազէն՝ Վրաստանի ճամբով։ Այս կապի խզումը կրնայ յառաջ բերել տնտեսական մեկուսացում, մատակարարումի պակաս եւ գնաճ։ Փոքր երկրի մը համար, որ արդէն կը դիմագրաւէ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներ, նոյնիսկ անուղղակի անկայունութիւնը կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ։

Հ․- Բնականաբար «Զանգեզուրի միջանցք»ի կամ հռչակաւոր ԹՐԻՓՓ-ի ստեղծումը, լրջօրէն կրնայ մտահոգել Թեհրանը։ Այս գծով, յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի՞ է փոխանցել։

Պ․- Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Պարսկաստան դէմ եղած է Հարաւային Կովկասի մէջ սահմանային փոփոխութիւններու, մասնաւորաբար մերժած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած միջանցքի տուչութիւնը. սա այն միջանցքն է, որ պիտի կտրէ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Տկարացած, կամ պատերազմի մէջ ընկղմած Պարսկաստան մը դուռը կը բանայ Ատրպէյճանի զինուորական ոտնձգութեան՝ Հայաստանի հարաւային սահմաններուն ուղղութեամբ։ Այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի պահանջքը այս պայմաններուն մէջ կը դառնայ աւելի վտանգաւոր, որովհետեւ կռուախնձոր դարձած «միջանցք»-ը ինքնիշխան Հայաստանին կապը կը խզէ Պարսկաստանի հետ: Տարածաշրջանային որեւէ վերադասաւորում պէտք չէ իրականանայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հաշւոյն:

Հ․- Ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանել շրջանի հայ համայնքներուն, որոնք կրկին լուրջ վտանգի տակ կը գտնուին։

Պ․- Պարսկաստանի մէջ կ’ապրի շուրջ հարիւր հազար հայ։ Սա աշխարհի ամենահին հայ համայնքներէն մէկն է եւ երկրի մէջ քրիստոնեաներու ամենամեծ փոքրամասնութիւնը։ Իսկ, Լիբանան դարեր շարունակ եղած է հայկական մշակոյթի եւ քաղաքական կեանքի կեդրոն: Երուսաղէմի մէջ հայերը մշտական ներկայութիւն եղած են 4-րդ դարէն ի վեր։

Սպահանի մէջ արդէն մէկ հայ զոհուած է յարձակումներուն հետեւանքով։ Թեհրանի հայկական թաղամասին մէջ առնուազն շէնք մը ենթարկուած է ռմբակոծման։ Լիբանանի մէջ, Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մօտ, Նապաա թաղամասը հրթիռակոծուած է։ Աւելի լայն պատերազմ մը կրնայ այս համայնքները դարձնել անկայուն եւ տնտեսապէս փլուզուած։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ իր զօրակիցները պարտաւոր են հաշուի առնել հայ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը իրենց ռազմական գործողութեանց ընթացքին։

Հայաստանը եւ այս տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ համայնքները դարերէ ի վեր պահած են իրենց գաղութները՝ յաղթահարելով հալածանքներ, ցեղասպանութիւն եւ տեղահանութիւն։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՛աշխատի, որ ամէն գնով այս ճգնաժամը չօգտագործուի հայկական ինքնիշխանութիւնը խաթարելու, կամ հայ համայնքները ջնջելու համար։

Հ․- Ի՞նչ են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պահանջները։

 Ա. Ուաշինկթըն պէտք է յստակօրէն դէմ կանգնի Ատրպէյճանի կողմէ ընդդէմ Հայաստանի որեւէ զինուորական քայլի։

Բ. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը պէտք է վերականգնէ 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումները, որուն մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ պիտի կանխուի յաւելեալ ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը՝ Ատրպէյճանին։

Գ. Ամերիկայի հայ համայնքը պէտք է անմիջապէս կապ հաստատէ իր ներկայացուցիչներուն հետ եւ պահանջէ որ Ուաշինկթըն ուշադրութիւն դարձնէ Հայաստանի անվտանգութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն պաշտպանութեան։

Դ. Աւելի լայն առումով, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Ա.Մ.Ն․-ի կողմէ մղուող որեւէ պատերազմ պէտք է քննարկուի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին մէջ եւ պաշտօնապէս հռչակուի Քոնկրէսի պատերազմի հռչակագրով, համաձայն՝ Ա․Մ․Ն․ սահմանադրութեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button