Մայիս 28-ի Նախօրեակի Մտորում․- ՍՓԻՒՌՔԸ ԴԱՐ ՄԸ ԱՌԱՋՈՒԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆԸ ՉԷ, Ի՞ՆՉ Է ՀԻՄԱ, Ո՞Ր ՀԱՅԸ Կ’ԸԼԱՅ ԴԱՐԱՎԵՐՋԻՆ
Յ. Պալեան Հայրենահանուած գաղթականը կը հաւատար, որ իր կացութիւնը եւ կեցութիւնը ժամանակաւոր էին, որ քաղաքակիրթ աշխարհը,- կ’ըսէին՝ խաչապաշտ,- արդարութիւն պիտի ընէր եւ ինք պիտի վերադառնար ապրելու համար իր հողերուն...