ՊՈԼԻՍ (“Թուտէյզ Զաման“).- Երեքշաբթի Յունուար 17-ին, տեղի ունեցաւ “Ակօս“ թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան հերթական նիստը, եւ ատեանը ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակեց, գլխաւոր մեղադրեալ Եասին Հայալին: Դատարանը նաեւ վճռեց, թէ Տինքի սպանութիւնը “որեւէ կազմակերպութեան գործը չէ“: Ատեանը որոշեց անպարտ հռչակել նոյն յանցանքով ամբաստանուած Էրհան Թունճելը, որ նախապէս տաս տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` Տրապիզոնի մէջ “ՄըքՏանըլտց“ ճաշարանին մը վրայ յարձակում կատարած ըլլալուն համար:
Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին քննադատեց դատարանի վճիռը` ըսելով, որ անիկա կը նշանակէ, որ“քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւն: Հինգ տարի տեւած դատական հոլովոյթին ընթացքին անոնք հեգնեցին մեզ: Մենք չէինք սպասեր, որ անոնք մեծագոյն կատակը կը ձգէին վերջին պահուան համար: …Այս վճիռը կը նշանակէ, որ սովորութիւն մը անփոփոխ մնաց‘ քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւնը, որ խտրականութիւն կը դնէ իր քաղաքացիներուն միջեւ եւ զիրենք կը վերածէ թշնամիներու“, ըսաւ Չեթին:
“Հրանդի ընկերները“ կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. “Այս որոշումը թրքական պետութեան որոշումն է: Ապահովական մարմիններու, հետախուզութեան, դատարանի, մամուլի, կառավարութեան, ընդդիմութեան հետ միասին, 5 տարի առաջ Հրանդը մեր մէջէն վերցնելու որոշում տուած իշխանութիւնը, նման խայտառակ վճիռ արձակեց, իր հսկողութեան տակ գտնուող արդարադատութեան սրահին մէջ“: Սոյն կազմակերպութիւնը, երէկ` Հինգշաբթի Յունուար 19ին` Տինքի սպանութեան հինգերորդ տարելիցին առիթով, քայլարշաւ մը կազմակերպեց Պոլսոյ կեդրոնական “Թաքսիմ“ հրապարակին մօտ: