Խաղաղութեան անհետ կորուստով տուայտող այս աշխարհը, ահաւասիկ անգամ մը եւս աստուածային հրաւէր մը կը ստանայ վերստին գտնելու ու ապրելու իր կոչումը, զոր հրեշտակներուն արտասանած փառաբանական երգն էր, այս աշխարհի ու յաւիտենական խաղաղութեան Թագաւորին` Քրիստոս Աստուծոյ ծննդեան առթիւ:
Մեր մտքերն ու հոգիները սեւեռած կը պատրաստուինք դիմաւորել մեր Տէրն ու Փրկիչը, որ իր հրաշագեղ ծննդեամբ, ազատութիւն, անդորրութիւն եւ հաճութիւն կը բերէ համակ տիեզերքին: Երկինք եւ երկիր միաձայն եւ համաձայն կը վկայեն Աստուածորդիին ծննդեան ու իր հետ բերած յաւիտենական փրկութեան Աւետիսը: Աշխարհ եւ մարդկութիւն այսօր նուազագոյն ու ամենատարրական կէտերու վրայ չհամաձայնելով, արգելք կը դառնան երկրի վրայ խաղաղութեան ու մարդոց միջեւ հաճութեան հրաւէրին ու պարգեւին իրագործման:
Քրիստոսի ծնունդը պարզապէս պատմութեան մէջ պատահած իրողութիւն մը չեղաւ, պատմական իրողութիւնը իր կարգին, սակայն այդ պատահարը անկիւնադարձային ու մարդկային կարողութիւնն ու տրամաբանութիւնը անդրանցնող ծրագրի մը արդիւնքն էր, զոր աշխարհն ու մարդկութիւնը անգամ մը եւս կը հրաւիրէր իր նախկին պատկերին` սրբութեան ու կատարելութեան, զոր աստուածային պատկերին արտացոլացումն են:
Աստուծոյ ծրագիրը մարդ արարածն ու բնութիւնը փրկելն էր եւ է ցայսօր, իրենց նեխած ու փտած վիճակէն ազատագրելով ու փրկութեան ճամբուն մէջ հաստատելով, սակայն երբ այսօր կը փորձենք հասկնալ զանազան մարդոց կամ հաւաքականութեանց կորստական ծրագիրները, հոն կը տեսնենք ամբողջական հակապատկերը աստուածային ծրագրին, զոր էապէս կը հակառակի փրկագործական ուղեգիծին, դառնալով քանդիչ, անկայուն ու վտանգաւոր մտածումներ, չարին տեղ տալով ու այս աշխարհի խաղաղութիւնը խանգարող արարքներ:
Մարդ արարածը երբեք իրաւասու չէ աղաւաղելու իր բնակած եւ օգտագործած աշխահի կայունութիւնը, ան հարկ է որ լաւապէս անդրադառնայ, թէ ինք պարզապէս տնտես մըն է այս աշխարհի մէջ, իր Տիրոջ փառքին համար գործող ու երկնառաք բարիքներն ու օրհնութիւնները վայելող արարած:
Քրիստոսի ծննդեամբ մարդկութիւնը արժանի դարձաւ վերստին ծնելու, իր մէջ ունենալով մանուկ Յիսուսի անմեղ նկարագիրը, լաւ հասկնալով իր մարդկային երկրաւոր կեանքի արժանիքն ու առաքելութիւնը: Մարդ արարածին տրուեցաւ փրկութեան կեանքը ապրելու ուղեգիծը, որ իր երկրաւոր կեանքով անգամ կրնար անոր տիրանալ: Քրիստոս իր ծննդեամբ հաւատքի ջահը վառեց, աղքատին ու կարօտեալին յոյս պարգեւեց, կորսուածին ետ դարձի ճամբան սորվեցուց ու հիւանդները բժշկեց: Յաւիտենական հանգիստ խոստացաւ հալածուածներուն եւ նախատուածներուն:
Քրիստոսի ծնունդով մարդ արարածը արժեւորուեցաւ, ան հրաւիրուեցաւ երկինք բարձրանալու, Հօր Աստուծոյ անմիջական ներկայութեան ըլլալու: Աստուած արժանի դարձուց Իր ստեղծագործութիւնը, որպէսզի նախկին յարաբերութիւնը վերսկսի Հօր Աստուծոյ հետ, զոր դարեր շարունակ կորսնցուցած էր իր անհաճոյ գործերուն պատճառով:
Հայ ժողովուրդի մօտ յատկապէս, Քրիստոսի ծնունդն ու մարդեղացումը մեծ սքանչելիք մըն է եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար հաւատքի հիմք: Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ քալած է ու կը քալէ Աստուծոյ փրկագործական ծրագրի իրագործման ի խնդիր, միշտ հետամուտ ըլլալով արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման: Պատմութեան ընթացքին, այդ հաւատարմութիւնը դարձաւ կեանքի վկայութիւն, արեամբ նահատակութիւն: Որպէս Քրիստոնեայ ժողովուրդ, միշտ նախանձախնդիր մնաց հաւատքի իր առաքելութեան ու սերունդներ դաստիարակեց նոյն այդ ոգիով:
Ծննդեան տօնը առիթ մըն է խորհելու ու խորհրդածելու մնայուն արժէքներու մասին, այնպիսի արժէքներ որոնց միջոցաւ մարդ էակը կը վերանայ առ Աստուած, կը ծնի վերստին ու կը մնայ հաւատարիմ իր Տիրոջ ու Անոր խոստումներուն:
Այս շրջանը առիթ մը կ՛ընձեռէ քրիստոնէութեան, այցելելու իր նորածին Տիրոջ, նուիրելու անոր ամէնէն թանկագին նուէրը, ինչպէս ըրին մոգերն ու հովիւները: Քրիստոս այս աշխարհէն կ՛ուզէ միայն խաղաղութիւն, իր բերած ու թելադրած խաղաղութիւնը, որ իր ներկայութիւնն է մարդոց սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ:
Խաղաղութիւն ունենալու ու բերելու համար նախ պէտք է գիտնալ թէ ինչ ըսել է խաղաղութիւն, ինչ է անոր արժէքը եւ որքան է անոր անհրաժեշտութիւնը: Հարկ է մտածել խաղաղութեան մասին, ի սրտէ ցանկալ անոր իրագործումը այս աշխարհի վրայ ու ապա զայն գործադրել: Անոր գործադրութիւնը կարելի կը դառնայ երբ մարդոց միջեւ հաճութիւն տեղի ունենայ, մարդիկ զիրար սիրեն ու յարգեն, իրարու ազատութիւնը չսահմանափակեն ու կարչին Աստուծոյ կողմէ տրուած ազատութեան, որ ճշմարիտ ու յաւիտենական ազատութիւնն է:
Աշխարհի երեսէն պէտք է վերանայ արիւնահեղութիւնը, որպէսզի Քրիստոսի ծննդեամբ բերուած փրկութիւնը ի զօրու դառնայ բոլորին համար: Քրիստոսի ծննդեան ուրախ լուրը պէտք է բոլորն ալ ստանան ու բոլորին համար խաղաղութեան աւետիս դառնայ: Աշխարհի բոլոր մանուկները հարկ է որ ուրախանան ու տօնական այս մթնոլորտը վայելեն հաւասարապէս:
Քրիստոսի հանդէպ ճշմարիտ հաւատք ունեցողներուն մաղթանքն ու աղօթքն է, որ Ամանորն ու Քրիստոսի Ծննդեան տօնը դառնան նոր սկիզբ, հիմնուած անխարդախ հաւատքի ու սիրոյ վրայ, աշխարհի խաղաղութեան նոր սկիզբ, մարդոց միջեւ հաճութեան նոր ուխտ ու աստուածային փառքին մշտարժան օրհնութիւն:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ.
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱ՜Լ ԸԼԼԱՅ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ