Լրահոս

ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ՏՈՒ­ՆԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ԹՈՒՐՔ­ԻՈՅ ՓՈՔ­ՐԱ­ՄԱՍ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆՑ ԿԱԼ­ՈՒԱԾ­ՆԵ­ՐՈՒ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՐ­ՁԻ ԲԱ­ՆԱ­ՁԵ­ՒԸ

Դեկ­տեմ­բեր 13-ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը քննեց եւ որդեգրեց, Թուրք­իոյ մէջ քրիս­տոն­եայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց` հա­յե­րու, յոյ­նե­րու, ասո­րի­նե­րու եւ այ­լոց, պատ­կա­նող եկե­ղե­ցի­նե­րու, եկե­ղե­ցա­կան կալ­ուած­նե­րու եւ հո­ղա­շեր­տե­րու վե­րա­դար­ձին, ինչ­պէս նա­եւ փոք­րա­մաս­նու­թեան կրօ­նա­կան ազա­տու­թիւն­նե­րու ապա­հով­ման առն­չուող թիւ 306 բա­նա­ձե­ւը:

Սոյն բա­նա­ձե­ւը Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ վա­ւե­րաց­ուած էր Յու­լիս 20-ին, 43 ի նպաստ ու միայն մէկ դէմ քուէ­նե­րով:

Քոնկ­րէ­սին ներ­կա­յաց­ուած այն բա­նա­ձե­ւին հա­մա­հե­ղի­նակ­ներն են‘ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բի բարձ­րաս­տի­ճան ան­դամ­ներ Հաուըրտ Պըր­մըն (Դե­մոկ­րա­տա­կան, Քա­լի­ֆորն­իա) եւ Էտ Ռոյս (Հան­րա­պե­տա­կան, Քա­լի­ֆորն­իա):

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կոչ ուղ­ղած էր ամե­րի­կա­հա­յու­թեան, որ այս բնա­նա­ձե­ւին ի նպաստ քու­է­ար­կե­լու մղէ իրենց շրջա­նի քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը: Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը այս նպա­տա­կով պատ­րաս­տած է յա­տուկ նա­մակ մը, որ կա­րե­լի էր յղել շրջա­նի քոնկ­րէսա­կա­նին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button