ԽմբագրականՅօդուածներ

121-ԱՄ­ԵԱՅ ՍՈ­ԻՐԲ ՀԱ­ՒԱՏՔ

Դժուար է յա­տուկ օրով մը, առի­թով կամ հա­ւա­քով մը տօ­նել Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը: 

Կա­րե­լի չէ 121 տար­ուայ կեանք ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թեան մը ծննդոցն ու ապ­րած եւ դեռ ապ­րե­լիք կեան­քը քա­նի մը վայրկ­եա­նով ամ­փո­փե­լը:

Բազ­մա­թիւ իմաստ­ներ ու­նի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան օր­ուան խոր­հուր­դը:

Այ­սօր, աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րէ ներս, երբ հա­յոր­դին, իր դա­ւա­նա­կան ու քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան հո­սանք­նե­րով, եւ հնա­րա­ւոր ամէն առի­թով, կը ձգտի իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դա­տի` Հայ Դա­տի վե­րար­ծարծ­ման եւ իր անբռ­նա­բա­րե­լի իրա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման, տե­ղին է յե­տա­դարձ հայ­եաց­քով մը, զու­գա­հեռ մը ­կա­տա­րել Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան 121-ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ Հայ­կա­կան Հար­ցի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին մի­ջեւ:

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը միշտ ալ մեկ­նած է հայ ազ­գին ապ­րած իրա­կան պայ­ման­նե­րէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րուն լուծ­ման հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ առա­ջար­կե­լով: 

Այս իրա­պաշտ մօ­տե­ցու­մը ամ­րօ­րէն շղթայ­ուած կը փո­խանց­ուի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան բո­լոր ժա­մա­նա­կա­հատ­ուած­նե­րէն:

Ան­կաս­կած որ հոս է Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան էու­թիւնը: 

Ինչ­պէս իր հիմ­նադ­րու­թեան օրե­րուն եւ իր անդ­րա­նիկ ծրա­գի­րին մէջ, նոյն­պէս այ­սօր Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը չի խօ­սիր ապա­գա­յին քա­ղա­քա­կան երա­զա­յին ու անի­րա­գոր­ծե­լի տե­սու­թիւն մը կեն­սա­գոր­ծե­լու մա­սին:

Հ.Յ.Դ. գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէջ կա­տար­ուած է հա­մադ­րու­թիւն մը, մէկ կող­մէ ազ­գա­յին դա­տին, իսկ միւս կող­մէ ըն­կե­րա­յին դա­տին մի­ջեւ: 

Այս մէ­կը այդ իւ­րա­յա­տուկ ոճով կ՛ըն­թա­նայ, որով­հե­տեւ զոյգ հար­ցե­րուն գծով, հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կայ կա­տար­ուե­լիք, մա­նա­ւանդ որ այդ զու­գա­հեռ հար­ցե­րուն գծով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­դար մի­ջոց­նե­րով պայ­քա­րը յա­ճախ պէտք եղած ան­մի­ջա­կան ար­դիւն­քը չի տար:

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան օրը կը խորհր­դան­շէ  հա­յու ազ­գա­յին ազա­տա­տենչ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մը:

Նա­եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան օրը առիթ կ՛ըն­ծա­յէ որ­պէս­զի հա­յոր­դին վե­րա­կերտ­ուի, կառ­չած մնա­լով իր իրա­ւունք­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նիք­նե­րուն:

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէջ, անհ­րա­ժեշտ է թէ՛ առար­կա­յա­կան եւ թէ՛ են­թա­կա­յա­կան ազ­դակ­նե­րուն գո­յու­թիւնը, հա­մա­կար­գա­յին որե­ւէ փո­փո­խու­թեան կամ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մի հա­մար:

Այս գիծն է, որ յստա­կօ­րէն կ՛ե­րե­ւի Հ.Յ.Դ.հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր… շա­րու­նակ 121 տա­րի:

”Հայրենիք”

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button